Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Կառնօ յայտարարած է, որ Գերմանիոյ մէջ Քանատայի դեսպան, Եւրոպայի եւ Եւրոպական Միութեան մէջ յատուկ յանձնակատար Սթեֆան Տիոն պիտի ստանձնէ առաքելութիւն` ուսումնասիրելու այն տարբերակները, որոնց միջոցով Քանատան պիտի կարենայ աւելի լաւ աջակցիլ հայկական ժողովրդավարութեան: Այս մասին կը գրէ «Քանատա» կայքը:
Արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, Քանատան պարտաւորուած է համագործակցելու Հայաստանի հետ` երկրի ժողովրդավարական յառաջընթացը առաւել զարգացնելու համար, ինչ որ չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունի ո՛չ միայն հայ հասարակութեան, այլ նաեւ շրջանին համար:
Յատուկ յանձնակատարը իր առաքելութեան ընթացքին պիտի ուսումնասիրէ, թէ Քանատան ինչպէ՛ս կրնայ աջակցիլ հայկական քաղաքացիական հասարակութեան ջանքերուն` ամրացնելու ժողովրդավարական կառոյցները, աւելցնելու Հայաստանի մասնակցութիւնը բազմակողմ կառոյցներուն մէջ եւ խթանելու ներառական տնտեսական աճը: Առաքելութեան նպատակն է ամրապնդել քանատական հասարակութեան աջակցութիւնը` ի շահ հայկական ժողովրդավարութեան:
Սթեֆան Տիոն իր աշխատանքը պիտի շարունակէ քանի մը ամիս, անոնց ընթացքին ան առցանց խորհրդակցութիւններ պիտի կատարէ թէ՛ Քանատայի մէջ հետաքրքրուած կողմերու, թէ՛ ալ Հայաստանի գործընկերներուն հետ: Ան նաեւ պիտի այցելէ Հայաստան` հանդիպելու Հայաստանի կառավարութեան անդամներու, գործընկեր դեսպանատուներու, քաղաքացիական հասարակութեան խումբերու, միջազգային կազմակերպութիւններու, սեփական մարզի եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ:
«Այս առաքելութիւնը կ՛ընդգծէ այն կարեւորութիւնը, որ Քանատան կու տայ հայկական ժողովրդավարութեան յաջողութեան: Յատուկ բանագնացը իր առաքելութենէն ետք արդիւնքներուն մասին պիտի զեկուցէ նախարար Կառնոյին», կը նշուի Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Իր կարգին, Սթեֆան Տիոն այս առնչութեամբ գրառում կատարած է «Թուիթըր»¬ի իր էջին վրայ` նշելով. «Ինծի համար պատիւ է նման կարելիութիւն ստանալը` նպաստելու Քանատայի եւ Հայաստանի ժողովրդավարութիւններու կապերու ամրապնդումին»:



