Թուրքիոյ խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի երկու կուսակցութիւններու օրէնսդիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի պալատի անդամներու հետ քննարկած է Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած կացութիւնը, ամերիկա¬թրքական յարաբերութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «միվնալ» կայքը:
Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ հանդիպումներու ընթացքին զրուցակիցները շօշափած են Արցախի թեման:
«Միացեալ Նահանգներու մէջ լաւատեղեակ են, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Թուրքիան կ՛աջակցի Ազրպէյճանին: Մենք հերթական անգամ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն տեղեկացուցած ենք այդ հարցի վերաբերեալ Անգարայի դիրքորոշման մասին», յայտարարած է ան:



