Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով խոստովանած է, որ ազրպէյճանցի սպաներու եւ ընդհանուր առմամբ բանակի մարտական պատրաստութեան հարցին մէջ մեծ դեր կը խաղան Թուրքիոյ զինեալ ուժերը: Այս մասին ան ըսած է «Ռիլ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
Ան ըսած է, որ բազմաթիւ ազրպէյճանցի սպաներ կրթութիւն ստացած են Թուրքիոյ զինուորական դպրոցներուն մէջ:
«Արդիւնքները ակնյայտ են», ըսած է ազրպէյճանցի նախարարը:
«Քաղաքացիական տեսանկիւնէն` պատերազմը զինեալ ուժերուն համար ինքնատիպ քննութիւն է: Մենք անցանք այդ փորձութիւնը, սակայն թրքական զինեալ ուժերը մեզ ատոր պատրաստեցին: Խօսելով անցեալ տարի զինուորական համագործակցութեան մասին` պարոն նախագահը ըսած է, որ միայն 2019 թուականին կատարուած է 13 լայնածաւալ միացեալ ռազմափորձ:
«Այս ռազմափորձերը կատարուած են այն պատճառով, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպաները մեր սպաներուն օգնեն իրենց մարտական պատրաստուածութիւնը աւելի բարձր մակարդակի բարձրացնելու», ըսած է Հասանով:
Շուշիի Գործողութիւն
Հասանովի համաձայն, Ալիեւ կարգադրած էր, որ Շուշիի գործողութեան ծրագրաւորման եւ գործադրման ժամանակ հաշուի առնուի այն հանգամանքը, որ Շուշին «ազրպէյճանական մշակոյթի կեդրոն է», այդ պատճառով ազրպէյճանական բանակը չէր կրնար այնտեղ հրետանի օգտագործել:
«Ատիկա կը բարդացնէր գործողութեան գործադրութիւնը: Բացի ատկէ, եղանակը ամպոտած էր: Այդ իսկ պատճառով Շուշիի գործողութեան ժամանակ չէ եղած անօդաչու թռչող սարքեր կիրարկելու կարելիութիւն, ինչ որ նոյնպէս դժուարութիւններ կը ստեղծէր հետախուզութիւն կատարելու համար», ըսած է Հասանով` աւելցնելով, որ հրետանին կիրարկուած է Շուշի քաղաքին շուրջ, իսկ քաղաքին ու պատմական վայրերուն «հրետանային հարուածներ չեն հասցուած»:
Ան նշած է, որ «սակրաւորական զօրքերը կարճ ժամանակի մէջ ճամբայ կառուցած են», «ինչ որ ցնցում էր հայերուն համար»:
«Անոնք Շուշիի վրայ մեր յարձակումը կը սպասէին այլ ուղղութեամբ եւ իրենց ուժերը կեդրոնացուցած էին այլ վայրի մէջ», ըսած է Հասանով:



