Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աշխուժ մասնակցութիւն ցուցաբերելու Հարաւային Կովկասի մէջ տագնապի խաղաղ լուծման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ նպաստելու Վրաստանի, Ազրպէյճանի Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան: «Նովոսթի Կրուզիա» («Նոր Վրաստան» «Ա.») կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսուած է Աւստրիոյ, Լիթուանիոյ եւ Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն Վրաստանի մէջ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պոկտան Աուրեսքուի, Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկի եւ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կապրիելիուս Լանտսպերիսի գլխաւորած պատուիրակութեան շրջան այցելութիւնը սկսած է 24 յունիսին` Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելի յանձնարարութեամբ:
«Ընդգծուած է Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը աջակցելու Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան` ապահովելու համար շրջանի խաղաղ եւ կայուն զարգացումը», կը նշուի միացեալ յայտարարութեան մէջ:
Նախարարները հանդիպում ունեցած են Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի եւ արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Չալքալիանիի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին ընդգծուած է շրջանային տագնապներու խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը: Եւրոպական Միութեան նախարարները Ղարիպաշվիլիին շնորհակալութիւն յայտնած են աջակցելուն համար Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ բանակցութիւններուն, որոնց շնորհիւ Ազրպէյճան Հայաստանին յանձնած է 15 գերեվարուած զինուոր:
Նախարարները վերահաստատած են Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը` Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներու անվտանգութեան եւ բարգաւաճման նպաստելու հարցին նկատմամբ:
«Տակաւին անցեալ տարի հոկտեմբերին առաջարկած եմ խորքային քննարկումներու սկսիլ շրջանային տագնապներու վերաբերեալ, որոնք ազդեցութիւն ունին դրացի երկիրներու վրայ: Առաջարկը ստացած է Եւրոպական Միութեան տասը այլ երկիրներու աջակցութիւնը», յիշեցուցած է ռումանացի նախարարը` ընդգծելով, որ տագնապը բացասական անվտանգային եւ տնտեսական ազդեցութիւն ունեցած է շրջանին վրայ:
Վերջինս առաջարկած է օգտագործել Եւրոպական Միութեան գործիքակազմը` շրջանին մէջ կացութիւնը կայունացնելու համար: Ան նշած է, որ Ազրպէյճան ու Հայաստան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները կողմերուն կոչ ուղղած են «կառուցողական մօտեցում ցուցաբերելու` քննարկելով զինուորական բախումներէն ետք յառաջ շարժելու հեռանկարները»:
«Կոչ ուղղած ենք վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու, ինչի առանցքը պէտք է ըլլայ բոլոր պահուող եւ կալանաւորուած անձերուն ազատ արձակումն ու ականապատ տարածքներու քարտէսներու տրամադրումը», աւելցուցած է Աուրեսքուն:
«Եւրոպական Միութիւնը Պէտք Է Դերակատարութիւն Ստանձնէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Վստահութեան Կառուցման Հարցին Մէջ»
Կ՛ըսէ Լիթուանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Եւրոպական Միութիւնը աշխարհաքաղաքական այն ուժն է, որ կրնայ կարեւոր առաքելութիւն ունենալ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ` ապահովելու կայունութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ բարեփոխումներ, որոնք երկիրներուն պիտի օգնեն դէպի եւրոպական արժէքներ իրենց ձգտումներուն մէջ:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին Վրաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան գրասենեակին մէջ հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կապրիելուս Լանտսպերկիսը` ամփոփելով Աւստրիոյ Եւրոպական եւ միջազգային հարցերով դաշնակցային նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկի եւ Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պոկտան Աուրեսքուի հետ շրջան այցելութեան արդիւնքները:
Անոր համոզումով` շրջանը շատ ունի կայունութեան եւ կանխատեսելիութեան կարիքը: «Այցելութիւնը լաւ ժամանակաշրջան էր լսելու կողմերուն կարծիքը` թէ Եւրոպական Միութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ աւելի մասնակից ըլլալ: Երբ կը խօսինք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մասին, մենք պէտք է օգնենք վստահութեան կառուցման հարցին մէջ», համոզում յայտնած է Լանտսպերկիսը:
Ան յոյսով է, որ վերջերս նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ Վրաստանի ղեկավարութեան դերակատարութեամբ իրականացուած հայ գերիներու վերադարձը եւ ականապատուած տարածքներու քարտէսներու` Ազրպէյճանին տրամադրումը կրնայ շարունակութիւն ունենալ:
«Ժամանակն է խօսելու Եւրոպական Միութեան դերակատարութեան մասին` ամբողջ շրջանին մէջ կապեր ստեղծելու իմաստով` պիտի ըլլայ ճամբաներո՞ւ միջոցով, թէ՞ այլ ենթակառոյցներով` կազամատակարարում, ելեկտրամատակարարում: Եւրոպական Միութիւնը գիտէ, թէ ատիկա ինչպէ՛ս պէտք է ընել», նշեց Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարը:



