Միջազգային

Զուիցերիան Կը Նախատեսէ Արդիականացնել Իր Սպառազինութիւնը

Զուիցերիան Կը Նախատեսէ Արդիականացնել Իր Սպառազինութիւնը

Զուիցերիան որոշած է գնել ամէնէն թանկարժէք «Էֆ-35Էյ Լայթնին II» հալածիչները, որոնք կ՛արտադրէ ամերիկեան «Լոքհիտ Մարթին» ընկերութիւնը` իր մարտական օդանաւերուն շարքը թարմացնելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Վոեննոյէ Օպոզրենիէ» թելեկրամ ալիքը: Յայտարարուած է նաեւ, որ կը նախատեսուի «Փաթրիոթ ՓԱ-3» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարման համաձայնագիր կնքել: Զուիցերիան կը նկատուի աշխարհի ամէնէն խաղաղ երկիրներէն մէկը, որ բոլոր պատերազմներուն ընթացքին ալ եղած է...

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Եգիպտոսի Հետ Յարաբերութիւնները Շատ Կարեւոր Են Շրջանի Կայունութեան Եւ Բարգաւաճման Համար»

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Եգիպտոսի Հետ Յարաբերութիւնները Շատ Կարեւոր Են Շրջանի Կայունութեան Եւ Բարգաւաճման Համար»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւնները շատ կարեւոր են շրջանի կայունութեան եւ բարգաւաճման համար»: Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Եգիպտոսը Ափրիկէի մէջ Թուրքիոյ մեծագոյն առեւտրական գործընկերն է: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Թուրքիոյ նպատակը երկկողմանի եւ շրջանային հարցերուն մէջ համաձայնութեան կէտերու յաւելումն է եւ Եգիպտոսի հետ փոխադարձ հասկացողութիւն զարգացնելը: Նշենք, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները 2013-ին եգիպտական բանակին կողմէ...

Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ Եւ Փաքիստանի Զինեալ Ուժերը Միացեալ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն

Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ Եւ Փաքիստանի Զինեալ Ուժերը Միացեալ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն

Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի  բանակներուն մասնայատուկ ուժերը միացեալ ռազմափորձեր պիտի կատարեն: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով: Անոր համաձայն, ռազմափորձերը պիտի կատարուին այս տարուան սեպտեմբերին: «Ներկայիս փորձագիտական խումբերէն մէկը Ազրպէյճանի մէջ կը գտնուի եւ կը ստուգէ ռազմափորձերու կատարման տարածքը», «Ռիլ Թի.Վի.»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է Հասանով:

«Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւնը Մեղմացած Է» Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւնը Մեղմացած Է» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին Թուրքիոյ հետ լարուածութիւնը մեղմացած է, սակայն եւրոպական երկիրները պիտի շարունակեն զգուշ ըլլալ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն: «Վերջին շաբաթներուն լարուածութիւնը մեղմացած է: Մենք պիտի շարունակենք զգօն ըլլալ ամրան ընթացքին, բայց նաեւ դարձեալ պիտի մասնակցինք միացեալ աշխատանքին», ըսած է Մաքրոն: Յիշեցնենք, որ վերջին ամիսներուն թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն մէջ...

Փութին. «Ռուս Խաղաղապահները Դարձած Են  Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Անվտանգութեան Երաշխաւոր»

«Ոչ Ոք Շահագրգռուած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ճգնաժամի Հետագայ Զարգացումով. Ատիկա Կը Հասկնան Թէ՛ Հայաստանի, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանի Ղեկավարները» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին տարեկան ուղիղ կապի ծիրին մէջ, այլ հարցերու շարքին անդրադարձած է Արցախին` ընդգծելով, որ ոչ ոք շահագրգռուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ճգնաժամի հետագայ զարգացումով: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Փութին ընդգծած է, շրջանին մէջ խաղաղութենէն ամէնէն շատ օգուտ պիտի ունենան Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները: «Ռուսիան իր դերակատարութիւնը ունեցած է այս ճգնաժամի լուծման հոլովոյթին մէջ, ոչ...

«Ազրպէյճան Դրական Տրամադրուած Է Շրջանին Մէջ  Համագործակցութեան Նոր Ձեւաչափի Նկատմամբ,  Սակայն Ատոր Դիմաց Կը Տեսնենք Հայաստանի  Ապակառուցողական Քայլերը»  Կ՛ըսէ Պայրամով

Նշելով, Որ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը 30 Տարի Ետք Նախիջեւանը Պիտի Կապէ Ազրպէյճանին. «Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Բարի Դրացիական Յարաբերութիւններու Հաստատման Աննախադէպ Կարելիութիւն Կայ» Կ՛ըսէ Պայրամով

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստի ընթացքին անդրադարձած է արցախեան Բ. պատերազմէն ետք շրջանին մէջ ձեւաւորուած նոր կացութեան: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը: Ան նշած է, որ զինեալ տագնապի աւարտէն ետք «Ազրպէյճան թեւակոխած է յետպատերազմեան վերականգնման, վերակառուցման եւ համարկման փուլ»: Յետպատերազմեան շրջանին մէջ խաղաղութեան, վերականգնման եւ վերակառուցման, ներքին տեղահանուած...

«Ռուսիան Եւ Թուրքիան Պիտի Համակարգեն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ուղղուած Ջանքերը» Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ռուսիան Եւ Թուրքիան Պիտի Համակարգեն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ուղղուած Ջանքերը» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիան եւ Թուրքիան պիտի համակարգեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերը: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Համաձայնած ենք շարունակել սերտօրէն համակարգել մեր ջանքերը` Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործնական հարցերու լուծման աջակցելու համար», ընդգծած է Ռուսիոյ...

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Այսօր Քուէարկութիւն Պիտի Կատարէ Սէուտական Արաբիոյ  Զինուորական Սարքերու Վաճառքը Արգիլող Օրէնքի Շուրջ

Ամերիկացի Ծերակուտականներ Կ՛առաջարկեն 2 Միլիոն Տոլար Տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ականազերծման Ծրագիրին

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի խումբ մը անդամներ նամակով դիմած են Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնախումբի ղեկավարութեան` առաջարկելով ֆինանսաւորել ականազերծման շարք մը ծրագիրներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի Ձայն»-ը: Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի աւելի քան 30 անդամներ Քրիս վան Հոլլընի եւ Թատ Եանկի առաջնորդութեամբ նամակ յղած են Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի յատկացումներու հարցով յանձնախումբի նախագահ Քրիսթըֆըր Քունսին եւ բարձրաստիճան անդամ Լինտսի Կրահամին` խնդրելով միջոցներ տրամադրել ականազերծման...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղէ 2015-ի Համաձայնութեան Հիմամբ Ջնջելու Իրանի Դէմ Իր Հաստատած Պատժամիջոցները

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղէ 2015-ի Համաձայնութեան Հիմամբ Ջնջելու Իրանի Դէմ Իր Հաստատած Պատժամիջոցները

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին կոչ ուղղեց` Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները 2015 թուականին գոյացած համաձայնութեան հիմամբ ջնջելու: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կը քննարկէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի զեկուցումի գործադրութիւնը Իրանի, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ հիւլէական համաձայնագիրը երաշխաւորող 2015-ի համաձայնութեան մասին:  

Պատասխանելով Ծերակուտական Մենենտեսի  Մտահոգութիւններուն`  Պլինքըն. «Ապագային Պիտի Շարունակենք Քննել  Ազրպէյճանին Օգնութեան Ցուցաբերումը Արտօնող  Որոշումը Վերատեսութեան Ենթարկելու Հարցը»

«Միացեալ Նահանգներն Ու Իրանը Վիեննայի Մէջ Կայացած Բանակցութիւններուն Մէջ Բազմաթիւ Տարակարծութիւններ Հարթած Են, Սակայն Ոչ Բոլորը» Կ՛Ըսէ Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը հիւլէական համաձայնագիրին շուրջ Վիեննայի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն ընթացքին գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն մէկ մասը միայն հարթած են, անոնց ամբողջական վերացումը կախեալ է Թեհրանէն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն: «Մենք Իրանի հետ արդէն բանակցութիւններու վեց փուլ ունեցած ենք` ոչ ուղիղ` մեր եւրոպացի գործընկերներուն միջնորդութեան օգնութեամբ: Հարթած...

Ազրպէյճան Ապացոյցներ Հաւաքած Է Հայաստանի Օդային Տարածքին Մէջ Խոցուած Ռուսական «Մի-24» Ուղղաթիռին Գործով

Ազրպէյճան Ապացոյցներ Հաւաքած Է Հայաստանի Օդային Տարածքին Մէջ Խոցուած Ռուսական «Մի-24» Ուղղաթիռին Գործով

Ազրպէյճան ապացոյցներ հաւաքած է եւ փորձաքննութիւններ կատարած Արցախի մէջ տագնապի սրման ընթացքին խոցուած ռուսական «Մի-24» ուղղաթիռին գործով, ջախջախման վերաբերեալ հետաքննութիւնը կը շարունակուի: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»¬ին յայտնած է Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Կիւնայ Սալիմզատէն: «Հայ-ազրպէյճանական սահմանի Նախիջեւանի հատուածին մէջ Ռուսիոյ պատկանող «Մի-24» պատերազմական ուղղաթիռի ջախջախման առնչուած` Ընդհանուր դատախազութիւնը անյապաղ ստուգումէ ետք քրէական գործ յարուցած է: Կատարուած են համապատասխան...

«Ուքրանիոյ Վերաբերող Հարցերը Կը Լուծուին Ոչ Թէ Քիեւի Մէջ, Այլ Ուաշինկթընի, Պերլինի Եւ Փարիզի Մէջ, Եւ Ուրեմն Ինչի՞ Մասին Զրուցեմ Զելենսքիի Հետ» Կ՛ըսէ Փութին

«Ուքրանիոյ Վերաբերող Հարցերը Կը Լուծուին Ոչ Թէ Քիեւի Մէջ, Այլ Ուաշինկթընի, Պերլինի Եւ Փարիզի Մէջ, Եւ Ուրեմն Ինչի՞ Մասին Զրուցեմ Զելենսքիի Հետ» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, ուղիղ կապի ժամանակ պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումներուն, նշած է, որ կը պատրաստուի Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատմութեան վերաբերեալ վերլուծական յօդուած գրել: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Ես արդէն մտածած եմ այդ մասին. պիտի գրեմ վերլուծական յօդուած եւ յոյսով եմ, որ թէ՛ Ռուսիոյ մէջ, թէ՛ ալ Ուքրանիոյ մէջ պիտի կարդացուի: Ես պիտի ներկայացնեմ այս հարցին...

Պայտըն Յայտարարած Է, Որ Իրան Հիւլէական Զէնք Պիտի Չստանայ, Այնքան Ատեն Որ Ինք Կը Հետեւի

Պայտըն Յայտարարած Է, Որ Իրան Հիւլէական Զէնք Պիտի Չստանայ, Այնքան Ատեն Որ Ինք Կը Հետեւի

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ըսած է, որ պիտի չհանդուրժէ Իրանի մէջ հիւլէական զէնքի գոյութիւնը: Ամերիկացի ղեկավարը Իսրայէլի պաշտօնաթող նախագահ Ռէուվեն Ռիվլինին այդ մասին հաւաստած է Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած  հանդիպման ժամանակ: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը: Պայտըն շեշտած է. «Այնքան ատեն որ ես կը նայիմ, Իրան երբեք հիւլէական զէնք պիտի չստանայ»: Միացեալ Նահանգներու նախագահը նշած...

Ըստ «Սի.Էն.Էն.»ի.  Ուաշինկթըն Շուրջ Հազար Զինուոր Պիտի Ձգէ Աֆղանիստանի Մէջ` Իր Դեսպանատան Եւ Քապուլի Օդակայանի Անվտանգութիւնը Ապահովելու Համար

Ըստ «Սի.Էն.Էն.»ի. Ուաշինկթըն Շուրջ Հազար Զինուոր Պիտի Ձգէ Աֆղանիստանի Մէջ` Իր Դեսպանատան Եւ Քապուլի Օդակայանի Անվտանգութիւնը Ապահովելու Համար

Ուաշինկթըն ամենայն հաւանականութեամբ շուրջ 1000 զինուոր պիտի ձգէ Աֆղանիստանի մէջ` Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունն ու Քապուլի օդակայանի անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը: Աղբիւրին հաղորդումով` Միացեալ Նահանգներ զօրքի մնացեալ` գերակշիռ մասին հեռացումը կրնայ գործադրել քանի մը օրուան մէջ: Կը հաղորդուի, որ տակաւին յստակ չէ, թէ ՕԹԱՆ-ի քանի զինուորներ պիտի մնան Աֆղանիստան: Նախապէս «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ...

Լաւրով ՄԱԿ-ի Յանձնակատարին Հետ Քննարկած Է Տեղահանուածները Արցախ Վերադարձնելու Հարցը

Լաւրով ՄԱԿ-ի Յանձնակատարին Հետ Քննարկած Է Տեղահանուածները Արցախ Վերադարձնելու Հարցը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գլխաւոր յանձնակատար Ֆիլիփփօ Կրանտիի հետ այլ հարցերու կողքին քննարկած է նաեւ տեղահանուածներու Արցախ վերադարձի հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Քննարկուած են Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան համապատասխան գաղթականներու եւ ժամանակաւորապէս տեղահանուած անձերու Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից շրջաններ վերադարձի հարցը», նշուած է Ռուսիոյ արտաքին...

Խօսելով Հայաստանի  Իրադարձութիւններուն Մասին`  «Կացութիւնը Պէտք Է Հանդարտի  Առանց Բռնութեան»  Կ՛ըսէ ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղէ Ազատ Արձակելու Հայ Գերիները

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է` ազատ արձակելու հայ պատերազմական գերիները, վերսկսելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ բանակցութիւնները, հասնելու քաղաքական լուծման: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` նշելով, որ Լինտէն այդ մասին ըսած է` անդրադառնալով այն նշումին, որ հայ հասարակութիւնը հիասթափուած է Արցախի պատերազմի ընթացքին ԵԱՀԿ-ի կրաւորական դիրքորոշումէն: «Համաձայն չեմ, որ...

Պաքուի Մէջ Վերսկսած Է  13 Հայ Պատերազմական Գերիներու  Գործով Դատը

Պաքուի Մէջ Կ՛ընթանան 13 Եւ 14 Հայ Պատերազմական Գերիներու Դէմ Քրէական Գործերով Դատավարութիւնները

Պաքուի վերաքննիչ դատարանի վարչական շէնքին մէջ, Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանի դատաւոր Էլտար Իսմայիլովի նախագահութեամբ տեղի կ՛ունենայ յաւելեալ 13 հայ պատերազմական գերիներու դատավարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` մանրամասնելով, որ Ազրպէյճան զանոնք կը մեղադրէ «ահաբեկչութեան եւ ներթափանցման համար»: Դատարանի առջեւ կանգնած են Հայկան Յովհաննիսեանը, Վարազդատ Մանութեանը, Դաւիթ  Ստեփանեանը, Լեւոն Թոսունեանը, Արթուր Բաղդասարեանը, Սերոբ Աւագեանը, Վարազդատ Յարութիւնեանը, Ժորա Մանուկեանը, Հրայր...

Այսօր Անթալիոյ Մէջ Լաւրով-Չաւուշօղլու Հանդիպում

Այսօր Անթալիոյ Մէջ Լաւրով-Չաւուշօղլու Հանդիպում

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր կ՛այցելէ Անթալիա` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ բանակցելու համար: Այս մասին երէկ հաղորդեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Անթալիոյ մէջ բանակցութիւններու ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել երկկողմանի եւ միջազգային օրակարգի նիւթերու լայն շրջանակ: Պիտի քննարկուին իրավիճակները Անդրկովկասի, Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի, Աֆղանիստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ, Արեւելեան Միջերկրականի եւ Սեւծովեան...

Իսրայէլ Ապու Տապիի Մէջ Հիմնարկէքը Կատարեց Ծոցի Շրջանին Մէջ Իր Առաջին Դեսպանատան

Իսրայէլ Ապու Տապիի Մէջ Հիմնարկէքը Կատարեց Ծոցի Շրջանին Մէջ Իր Առաջին Դեսպանատան

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եայիր Լափիտ երէկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ բացումը կատարեց իր երկրին դեսպանատան` նշելով, որ այդ քայլը «պիտի ամրապնդէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ Թել Աւիւի յարաբերութիւնը»: Լափիտ օդանաւով ուղեւորութեան ընթացքին հրապարակեց լուսանկար մը` այցելութիւնը նկատելով «պատմական»: Արդարեւ, անցեալ տարի երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր ասիկա իսրայէլացի նախարարի մը առաջին այցելութիւնն է Ապու Տապի: «Արապիա»...

Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան Դարձեալ Միացեալ Ռազմափորձեր Կը Կատարեն

Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան Դարձեալ Միացեալ Ռազմափորձեր Կը Կատարեն

Պաքուի մէջ սկսած են Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միացեալ ռազմափորձերը: «Սփութնիք Ազրպէյճան» կը հաղորդէ, որ ռազմափորձերը կը կրեն «Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք-2021» անունը: Ռազմափորձերուն, որոնք մինչեւ 30 յունիս պիտի տեւեն, պիտի մասնակցին մինչեւ 600 զինուորներ, ինչպէս նաեւ հրասայլեր, մարտական ուղղաթիռներ, անօդաչու թռչող սարքեր եւ այլ սպառազինութիւն: 21-23 յունիսին Ազրպէյճանն ու Թուրքիան մարտավարական ռազմափորձեր կատարած էին Նախիջեւանի մէջ: Անոնց մասնակցած էին Նախիջեւանի կայազօրի...

Page 340 of 883 1 … 339 340 341 … 883

Արխիւներ