Միջազգային

Ըստ Եւրոպական Յանձնաժողովի  Բարձրաստիճան Անդամի Մը.  Թուրքիան Յառաջիկայ 10-15 Տարուան Եւրոպական  Միութեան Անդամ Պիտի Չդառնայ

Եւրոպական Միութիւնը Յայտարարած Է Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութիւնը Խորացնելու Մտադրութեան Մասին

Եւրոպական Միութեան ղեկավարները 24 յունիսին տեղի ունեցած վեհաժողովին յաջորդած հռչակագիրին մէջ յայտնած են բազմաթիւ ոլորտներու մէջ Թուրքիոյ հետ համագործակցութիւնը խորացնելու մտադրութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Փաստաթուղթը կը յայտարարէ, որ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները «թեքնիք աշխատանք» սկսած են Թուրքիոյ հետ Մաքսային միութիւնը թարմացնելու ուղղութեամբ: Հռչակագիրին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է Թուրքիոյ հետ գաղթի, առողջութեան,...

Ֆլորիտայի Մէջ  12 Յարկանի Շէնք Մը Փուլ Եկաւ

Ֆլորիտայի Մէջ 12 Յարկանի Շէնք Մը Փուլ Եկաւ

Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգի Սերֆսայտ քաղաքին մէջ 12 յարկանի բնակելի շէնք մը փուլ եկած է, որուն պատճառով մահացած է առնուազն 1 մարդ, 99 անձերու ճակատագիրը կը մնայ անյայտ, իսկ 35 ուրիշներ դուրս բերուած են փլատակներուն տակէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի»-ն: «Մենք պատրաստ ենք վատ լուրերու` հաշուի առնելով աւերածութիւններուն ծաւալը», ըսած է Ֆլորիտայի նահանգապետ Ռոն Տեսանթիս եւ աւելցուցած, որ իր...

Թալեպան Շարժումը Գրաւած Է Աֆղանիստանի  Եւ Տաճիկիստանի Միջեւ  Գլխաւոր Սահմանային Անցակէտը

Թալեպան Շարժումը Գրաւած Է Աֆղանիստանի Եւ Տաճիկիստանի Միջեւ Գլխաւոր Սահմանային Անցակէտը

Թալեպան շարժումը գրաւած է ԱՖղանիստանի եւ Տաճիկիստանի միջեւ գլխաւոր սահմանային անցակէտը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ժազիրա»-ն եւ կ՛աւելցնէ, որ անվտանգութեան ուժերուն մէկ մասը լքած է դիրքերը եւ փախուստ տուած դէպի Տաճիկիստան: 1 մայիսին Միացեալ Նահագներու ուժերու հեռացման վերջին փուլի սկիզբէն ի վեր թալեպաններու մեծագոյն ձեռքբերումը Քունտուզ քաղաքէն 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Շիր Խան Պանտար անցակէտին գրաւումն է: «Դժբախտաբար, այսօր...

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի.  Խաշոկճիի Սպանութեան Մասնակցած  Սէուտցիները Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Մարզուած Են

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Խաշոկճիի Սպանութեան Մասնակցած Սէուտցիները Միացեալ Նահանգներու Մէջ Մարզուած Են

Սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան մասնակցած սէուտցիները մարտական պատրաստութիւն ստացած են Միացեալ Նահանգներու մէջ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաւանութեան արժանացած համաձայնագիրի ծիրին մէջ: Այս մասին կը գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը` յղում կատարելով փաստաթուղթերու եւ աղբիւրներու: Յիշեցնենք, որ Խաշոկճի սպաննուած էր հոկտեմբեր 2018-ին, Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանին մէջ: Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին համաձայն, 4 սէուտցիները վերապատրաստուած են Արքանսայի մէջ`...

Ռուսիան Սուտանի Մէջ  Ռազմակայան Պիտի Կառուցէ

Ռուսիան Սուտանի Մէջ Ռազմակայան Պիտի Կառուցէ

Ռուսիան Սուտանի մէջ ռազմակայան պիտի կառուցէ: Ռուսական «Լենթա» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է իրաւական տեղեկութեան պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած հրամանագիրին մէջ: Փաստաթուղթին համաձայն, կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է եւ նախագահը Տումայի վաւերացման պիտի ներկայացնէ Սուտանի մէջ ծովուժի ռազմակայան կառուցելու մասին համաձայնագիրը: Խօսքը Կարմիր ծովուն մէջ Ռուսիոյ ծովուժի գումակային կեդրոնի կառուցման մասին է: Մոսկուան եւ Խարթումը համաձայնագիր ստորագրած են...

Պաքուի Մէջ Իրանի Դեսպանը`  «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Մասին.  «Իրան Սահմաններու Փոփոխութեան Դէմ Է  Եւ Ոչ Թէ Այդ Միջանցքի Բացման. Ատիկա  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Գործն Է»

Պաքուի Մէջ Իրանի Դեսպանը` «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Մասին. «Իրան Սահմաններու Փոփոխութեան Դէմ Է Եւ Ոչ Թէ Այդ Միջանցքի Բացման. Ատիկա Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Գործն Է»

Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան սէյիտ Ապպաս Մուսաւի «Թուրան» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադառնալով յետպատերազմեան փուլին մէջ շրջանին մէջ ստեղծուած կացութեան, յստակացուցած է, որ Թեհրանը դէմ է սահմաններու փոփոխութեան, այլ ոչ թէ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման: Պատասխանելով «Զանգեզուրի միջանցք»-ին վերաբերեալ Թեհրանի մէջ հնչած քննադատութիւններուն մասին լրագրողի հարցումին` դեսպանը ըսած է. «Իրանի մէջ կրնան տարբեր կարծիքներ ըլլալ: Իրանի հոգեւոր առաջնորդի յայտարարութեան մէջ յստակօրէն...

Լաւրով. «Ռուսիան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի  Միւս Համանախագահներուն Հետ Կը Շարունակէ  Ազրպէյճանին Եւ Հայաստանին Օգնել` Իրար Միջեւ  Վստահութիւն Ստեղծելու Հարցին Մէջ»

Լաւրով. «Ռուսիան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Միւս Համանախագահներուն Հետ Կը Շարունակէ Ազրպէյճանին Եւ Հայաստանին Օգնել` Իրար Միջեւ Վստահութիւն Ստեղծելու Հարցին Մէջ»

Ռուսիան առանցքային դերակատարութիւն ունեցած է Արցախի մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու գործին մէջ: Ռուսական «Նիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին Միջազգային անվտանգութեան մոսկովեան 9-րդ խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ Մոսկուան նաեւ շատ բան ըրած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ կեանքի վերականգնման համար պայմաններ ստեղծելու ուղղութեամբ: «Մենք կը շարունակենք ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի...

Զախարովա. «ՄԱԿ-ի Գաղթականներու Հարցերով  Գրասենեակը Կրնայ Մասնակից Դառնալ Լեռնային  Ղարաբաղի Մէջ Տեղահանուածներու  Վերադարձի Ապահովման Հոլովոյթին»

Զախարովա. «ՄԱԿ-ի Գաղթականներու Հարցերով Գրասենեակը Կրնայ Մասնակից Դառնալ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տեղահանուածներու Վերադարձի Ապահովման Հոլովոյթին»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 28 յունիսին հանդիպում պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի հետ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: Զախարովա յայտնած է, որ 28 յունիսին գերագոյն յանձնակատարը արդէն երկրորդ անգամ աշխատանքային այցելութեամբ պիտի գտնուի Մոսկուա: Ան յայտնած է, որ հանդիպումի ընթացքին կ՛ակնկալուի...

«Լրագրողներ Առանց Սահմանի»-ն Կը Հաղորդէ.  Ազրպէյճանցի Զինուորները Սպառնացած Են  Գեղարքունիքի Մէջ Աշխատող Սպանացի Լրագրողներուն

«Լրագրողներ Առանց Սահմանի»-ն Կը Հաղորդէ. Ազրպէյճանցի Զինուորները Սպառնացած Են Գեղարքունիքի Մէջ Աշխատող Սպանացի Լրագրողներուն

«Լրագրողներ առանց սահմանի» կազմակերպութիւնը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանցի զինուորները Գեղարքունիքի հատուածին մէջ սպառնալիքներ հնչեցուցած են սպանացի լրագրողներու հասցէին: Տեղեկութիւնը հրապարակուած է կազմակերպութեան թուիթըրեան էջին վրայ: «Գեղարքունիքի մէջ ազրպէյճանցիները մահուան սպառնալիքներ հնչեցուցած են այդտեղ իրենց աշխատանքը կատարող սպանացի լրագրողներուն, որոնք դիրքերու մասին նիւթ կը պատրաստէին», նշուած է կազմակերպութեան գրառումին մէջ: «Լրագրողներ առանց սահմանի» կազմակերպութիւնը կը դատապարտէ լրագրողներու նկատմամբ նման անընդունելի արարք:

Նետերլանտներու Խորհրդարանի Թրքական  Խմբակցութիւնը Միացած Է Հայ Պատերազմական  Գերիները Անյապաղ Ազատ Արձակելու Պահանջին

Նետերլանտներու Խորհրդարանը Կառավարութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Ներկայ Չգտնուելու Պաքուի Մէջ Եւրոպայի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան

Նետերլանտներու խորհրդարանը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունած է նոր բանաձեւ մը, ուր խորհրդարանը կը դիմէ կառավարութեան` ներկայ չգտնուելու Պաքուի մէջ «Եւրօ-2020» մրցաշարքերու քառորդ եզրափակիչ փուլի ֆութպոլի մրցումին ժամանակ, եթէ Նետերլանտներու ազգային հաւաքականը Պուտափեշթի մէջ յաղթէ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած է բանաձեւի որդեգրման հոլովոյթին մէջ: «Հաշուի առնելով այն, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 2020-ի վերջաւորութեան 40-օրեայ պատերազմէն ետք խախտած...

Ռուսիան Կը Սպառնայ Ռմբակոծել  Իր Ջրային Տարածք Ներթափանցող Նաւերը

Ռուսիան Կը Սպառնայ Ռմբակոծել Իր Ջրային Տարածք Ներթափանցող Նաւերը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով զգուշացուց բրիտանական «Տիֆենտըր» խորտընկէցի Խրիմի մօտ ռուսական ջրային տարածքը խախտելու արարքին նման դէպքերու շատ ծանր հետեւանքներէն` խոստանալով «իր անվտանգութիւնը երաշխաւորելու պէտք եղած քայլերը որդեգրել»: Ռիապքով զգուշացուց «բոլոր անոնք, որոնք Ռուսիոյ նաւարկման ազատութեան պատրուակին տակ սահմանները կ՛ոտնահարեն, այդպիսի սադրիչ քայլեր կատարելէ»: «Կրնանք կոչ ուղղել ողջախոհութեան, եւ կը պահանջենք յարգել միջազգային օրէնքը, եւ եթէ ատիկա օգուտ...

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Ներկայացուցիչին.  Ռուսիան Եւ Թուրքիան Համաձայն Են Քննարկելու  Լիպիայէն Օտարերկրացիներու Հեռացման Հարցը

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ներկայացուցիչին. Ռուսիան Եւ Թուրքիան Համաձայն Են Քննարկելու Լիպիայէն Օտարերկրացիներու Հեռացման Հարցը

Ռուսիան եւ Թուրքիան համաձայնած են քննարկելու Լիպիայէն արտաքին ուժերու դուրս բերման հարցը: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը: Մամլոյ ասուլիսի սղագրութիւնը հրապարակուած է արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ, սակայն «բարձրաստիճան ներկայացուցիչ»¬ին անունը չէ հրապարակուած: «Սկզբունքով մենք կը գտնուինք կացութեան մը մէջ, երբ թէ՛ թուրքերը, թէ՛ ռուսերը համաձայնեցան, որ ատիկա կրնայ քննարկման...

Հըզպալլային Իրաքի Մէջ Ուաշինկթընի Համար  Լրտեսութիւն Կատարած Անձերուն Անունները  Փոխանցած Ամերիկուհին 23 Տարուան  Բանտարկութեան Դատապարտուեցաւ

Հըզպալլային Իրաքի Մէջ Ուաշինկթընի Համար Լրտեսութիւն Կատարած Անձերուն Անունները Փոխանցած Ամերիկուհին 23 Տարուան Բանտարկութեան Դատապարտուեցաւ

Միացեալ Նահանգներու մէջ դատարան մը 23 տարուան բանտարկութեան դատապարտեց Փենթակոնի հետ աշխատող ամերիկացի թարգմանիչ մը, որ իրանցի զօրավար Քասեմ Սիւլէյմանիի` Պաղտատի մէջ ամերիկեան օդային հարուածով ահաբեկումէն ետք, Հըզպալլայի առնչակից անձի մը փոխանցած էր Իրաքի մէջ ամերիկեան բանակին հաշուոյն լրտեսութիւն կատարողներու անունները: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ 62 տարեկան Միրիամ Թոմսըն ընդհանուր դատախազութեան հետ գոյացուցած է...

ԵԽԽՎ-ի Բիւրոն Կոչ Ուղղած Է Ազրպէյճանը  Դուրս Դնելու Մարդու Իրաւունքներու  Եւրոպական Դատարանի Կազմէն

ԵԽԽՎ-ի Իրաւական Հարցերով Յանձնախումբը Որդեգրած Է Ազրպէյճանի Մէջ Քաղաքական Բանտարկեալներու Հարցով Բանաձեւի Պահանջներու Կատարողականի Զեկուցումը

ԵԽԽՎ-ի իրաւական հարցերով յանձնախումբը որդեգրած է Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու հարցով բանաձեւի պահանջներու կատարողականի զեկուցումը, որուն մէջ կը նշուի, որ քաղաքական բանտարկեալներու խնդիրը Ազրպէյճանի մէջ «ո՛չ ճանչցուած է, ո՛չ արժանացած է համարժէք արձագանգի, ո՛չ ալ առաւել եւս լուծուած է»: «Արմէնփրես»-ը այս մասին տեղեկացած է ԵԽԽՎ-ի կայքէն: Զեկուցումի հեղինակ` իսլանտացի երեսփոխան Սուննա Էվարստոթթիր նշած է, որ բանաձեւի կէտերուն մեծամասնութիւնը իշխանութիւններուն կողմէ...

«Ուաշինկթընի Հետ Նոր Փուլ Պիտի Թեւակոխենք  Եւ Խնդիրներու Շրջանցման Կարեւորութեան  Շուրջ Փոխհասկացողութիւններ Գոյացուցինք»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Ուաշինկթընի Հետ Նոր Փուլ Պիտի Թեւակոխենք Եւ Խնդիրներու Շրջանցման Կարեւորութեան Շուրջ Փոխհասկացողութիւններ Գոյացուցինք» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ «դրական եւ կառուցողական հիմքի վրայ նոր փուլ կը թեւակոխեն»: Այս մասին յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` պատկերասփռուած խօսքի մը ընթացքին մեկնաբանելով վերջերս Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ իր հանդիպումը: «Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ նոր փուլի մը դուռը բացինք, եւ Միացեալ Նահանգներու հետ անշրջանցելի խնդիրի չգոյութեան...

«Յաջողած Ենք Հայաստանէն Ստանալ Միայն  Աղտամի Շրջանի Քարտէսը, Միւս Շրջաններուն Մէջ  Հարիւր Հազարաւոր Ականներ Կան, Սակայն  Անոնք Կը Մերժեն Մեզի Քարտէսներ Տրամադրել»  Կ՛ըսէ Ալիեւ

«Յաջողած Ենք Հայաստանէն Ստանալ Միայն Աղտամի Շրջանի Քարտէսը, Միւս Շրջաններուն Մէջ Հարիւր Հազարաւոր Ականներ Կան, Սակայն Անոնք Կը Մերժեն Մեզի Քարտէսներ Տրամադրել» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ՄԱԿ-ի Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի գերագոյն ներկայացուցիչ Միկել Անխել Մորաթինոսի հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, որ Արցախի Աղտամ (Ակնա) շրջանին մէջ 97.000 ական տեղադրուած եղած է: «Յաջողեցանք Հայաստանէն ստանալ միայն Աղտամի շրջանի քարտէսը. միւս շրջաններուն մէջ հարիւր հազարաւոր ականներ կան, սակայն անոնք կը մերժեն մեզի քարտէսներ տրամադրել», ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքին համաձայն, ըսած է Ալիեւ` աւելցնելով, որ պատերազմի աւարտէն...

«Եռակողմ Աշխատանքային Խումբը Իր  Գործունէութիւնը Պիտի Շարունակէ Հայաստանի Մէջ  Նոր Կառավարութեան Ձեւաւորումէն Ետք»  Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Փոխվարչապետը

«Եռակողմ Աշխատանքային Խումբը Իր Գործունէութիւնը Պիտի Շարունակէ Հայաստանի Մէջ Նոր Կառավարութեան Ձեւաւորումէն Ետք» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Փոխվարչապետը

Եռակողմ աշխատանքային խումբը իր գործունէութիւնը պիտի շարունակէ Հայաստանի մէջ նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւը: «Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած են ընտրութիւններ, կը ձեւաւորուի նոր կառավարութիւն: Կը կարծեմ, որ նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք աշխատանքային խումբը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը: Մինչ այդ ժամանակը, հանդիպումներուն կը նկատուէր բաւական կառուցողական մօտեցում», ըսած...

Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկած Են Արցախի  Հարցով Եռակողմ Յայտարարութիւններու  Գործադրութիւնը

Փութին Ալիեւի Հետ Քննարկած Է Հարաւային Կովկասի Մէջ Տնտեսական Կապերու Եւ Փոխադրամիջոցային Հաղորդակցութիւններու Վերականգնման Աշխատանքներու Աշխուժացումը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկած Է Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական կապերու եւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու վերականգնման աշխատանքներու աշխուժացումը: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ տեղեկութիւնը կը յայտնէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: Կը նշուի, որ նախագահներու հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է ազրպէյճանական կողմին նախաձեռնութեամբ: «Քննարկուած են Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու` 9 նոյեմբեր 2020-ին եւ 11 յունուար 2021-ին Լեռնային...

Պաքուի Մէջ Սկսած Է Արցախի Մէջ Կռուած  Ռուսիոյ Քաղաքացիին Դատավարութիւնը

Պաքուի Մէջ Սկսած Է Արցախի Մէջ Կռուած Ռուսիոյ Քաղաքացիին Դատավարութիւնը

Պաքուի դատարանը սկսած է Ռուսիոյ քաղաքացի Էտուարտ Տուպաքովի դատավարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Ազրպէյճան»¬ը: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն պնդումով` Տուպաքով Արցախի մէջ կռուած է հայկական կողմի օգտին: Անոր մեղադրանք առաջադրուած է «ահաբեկչութիւն», «յանցաւոր խումբի մասնակցութիւն», «Ազրպէյճանի պետական սահմանի ապօրինի անցում» յօդուածներով: Նշենք, որ Պաքուի դատարանը նախապէս դատապարտած է Արցախի մէջ գերեվարուած լիբանանահայ Վիգէն Իւլճեքեանը: Անոր եւս մեղադրանք յառաջադրուած էր «վարձկանութիւն», «ահաբեկչութիւն»,...

Իրանի Քարիւղի Եւ Առաքման Մարզերուն Դէմ  Հաստատուած Ամերիկեան Պատժամիջոցներու  Ջնջման Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացած Է

Իրանի Քարիւղի Եւ Առաքման Մարզերուն Դէմ Հաստատուած Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Ջնջման Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացած Է

Իրանի պետական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ երկրի գործող նախագահ Հասան Ռուհանիի գրասենեակի ղեկավար Մահմուտ Վայեզի յայտարարած է. «Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի` ապահովագրութեան, քարիւղի եւ առաքման մարզերուն դէմ հաստատած բոլոր պատժամիջոցներուն ջնջման շուրջ համաձայնութիւն գոյացաւ»: «Համաձայնութեան հիմամբ Թրամփի ժամանակաշրջանին պատկանող շուրջ 1040 պատժամիջոցներ պիտի ջնջուին: Ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն գոյացաւ կարգ մը անհատներու եւ գերագոյն հոգեւոր պետի մօտիկ շրջանակի անդամներուն դէմ...

Page 342 of 883 1 … 341 342 343 … 883

Արխիւներ