Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ ազրպէյճանական բանակի զինուորներուն թիւը պիտի աւելնայ, եւ սկսած է ժամանակակից սպառազինութեան ձեռքբերման հոլովոյթը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ալիեւ այս մասին յայտարարած է Պաքուի մէջ ազրպէյճանական բանակի ղեկավարութեան հետ կայացած հանդիպման ժամանակ` նուիրուած Զինեալ ուժերու օրուան:
«Հայաստանը պէտք է հասկնայ, որ Ազրպէյճանը հետագային եւս պիտի ամրապնդուի, եւ ատիկա կասկածէ դուրս է: Մեր պատերազմական հզօրութիւնը պիտի մեծնայ: Պատերազմէն ետք համապատասխան յանձնարարականներ տրուած են, նոր համաձայնագիրներ կնքուած են, սկսած է նոր սպառազինման գնման հոլովոյթը: Հաստատուած են մեր զինեալ ուժերու կառուցուածքային բարեփոխումները: Կրնամ ըսել, որ մեր զինեալ ուժերուն եւ բանակին թուաքանակը պիտի աւելնայ», ըսած է Ալիեւ:
Անոր համաձայն, Պաքուն պիտի մեծցնէ իր զինուորական հզօրութիւնը` «ճիշդ վերլուծելով ղարաբաղեան Բ. պատերազմի ընթացքն ու արդիւնքները»:



