Ռուսիան եւ Չինաստանը երկարաձգած են Բարի դրացնութեան, բարեկամութեան եւ համագործակցութեան երկկողմանի համաձայնագիրը:
«Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ Չինաստանի կեդրոնական պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդած է, որ այդ մասին յայտարարուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի` տեսակապով բանակցութիւններու արդիւնքները ամփոփող հաղորդագրութեան մէջ:
Երկու պետութիւններու ղեկավարները հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն մը եւ յայտնած Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ Բարի դրացնութեան, բարեկամութեան եւ համագործակցութեան համաձայնագիրի երկարաձգման մասին:



