Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսական Նաւերը Եւ Օդուժը Միջերկրականի Մէջ Ռազմափորձ Կատարած Են

June 29, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ ծովուժի նաւատորմիղի նաւերը Միջերկրական ծովուն մէջ ռազմափորձերու ժամանակ կատարած են հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու վարժանք եւ ետ մղած են պայմանական հակառակորդի գրոհը, իսկ «ՄիԿ-314» հալածիչները եւ «Թու-22Էմ3» հեռահար ռմբաձիգները հրթիռներու «ելեկտրոնային արձակումներ» կատարած են «Սու-35» եւ «Սու-34» հալածիչներու ուղեկցութեամբ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ մասին երէկ լրագրողներուն յայտնած են Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն:

«Միացեալ վարժանքներու ծիրին մէջ «ՄիԿ-31Ք» օդանաւերու անձնակազմերը, որոնք կարելիութիւն ունին օգտագործելու «Քինժալ» համալիրի կազմէն նորագոյն գերձայնային հրթիռները, եւ «Թու-22Էմ3» հեռահար ռմբաձիգները Միջերկրական ծովու արեւելեան մասին մէջ կատարած են թռիչքներու հերթական վարժանքներ, որոնց ընթացքին իրագործած են ծովային գօտիին մէջ օդային տարածութեան իւրացման առաջադրանքները», ըսած են նախարարութենէն: Վարժանքները շրջանակներուն մէջ «ՄիԿ-31Ք» օդանաւերը հրթիռներու «Ելեկտրոնային արձակումներ» կատարած են պայմանական հակառակորդի ուղղութեամբ:

«Նաեւ դժուարին կլիմայական պայմաններուն մէջ ուսումնավարժական թռիչքներու ժամանակ կը կատարուի սպառազինութեան ստուգում, ներառեալ բարձր ջերմաստիճանի պայմաններուն մէջ, եւ կը կատարելագործուին երկարատեւ թռիչքները ջուրի վրայ», աւելցուցած են նախարարութենէն:

Ռուսիոյ ծովուժի նաւատորմիղի հինգ նաւերու, ներառեալ «Մոսկուա» հրթիռային մարտանաւի, «Ատմիրալ Էսսեն» եւ «Ատմիրալ Մաքարով» յածանաւերու անձնակազմերը ետ մղած են պայմանական հակառակորդի յարձակումը եւ կատարած հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու վարժանք:

Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է «պայմանական հակառակորդի օդանաւերուն, ուղղաթիռներուն եւ անօդաչու թռչող սարքերուն հակազդումին: Ուսումնավարժական թռիչքներու ընթացքին օդանաւերու անձնակազմերը ձեռք պիտի բերեն նոր աշխարհագրական շրջաններու մէջ ուսումնական առաջադրանքներու մշակման գործնական հմտութիւններ», հաղորդած են Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն:

 

Նախորդը

«Ռուսիոյ Հետ Ռազմավարական Կայունութեան Շուրջ Երկխօսութիւնը Կը Բխի Միացեալ Նահանգներու Եւ Անոր Գործընկերներուն Շահերէն» Կ՛ըսէ Ֆայնըր

Յաջորդը

Հուսիները Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Զինուորական Դիրքեր Հարուածեցին

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.