Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ ղարաբաղեան տագնապը լուծուած է: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը:
«Մենք ներկայիս կը գտնուինք յետհակամարտային զարգացման փուլի մէջ: Լեռնային Ղարաբաղի տագապը լուծուած է, եւ այս հարցին շուրջ բանակցելու կարիք չկայ», երէկ ըսած է Ալիեւ` Պաքուի մէջ ընդունելով Ռումանիոյ, Աւստրիոյ եւ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարները:
Ալիեւ շեշտած է, որ 9 նոյեմբեր2020-ին Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն ստորագրած եռակողմ յայտարարութիւնը միայն զինադադարի համաձայնագիր չէ:
«Ով որ կարդայ այս փաստաթուղթը, պիտի տեսնէ, որ անիկա կ՛ընդգրկէ շատ այլ հարցեր: Մենք պէտք է մտածենք յետհակամարտային կացութեան մասին: Մենք շրջեցինք այս էջը եւ պատրաստ ենք յառաջ երթալու եւ նպաստելու շրջանային կայունութեան», ըսած է Ալիեւ:
Ան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի համաձայնին խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու Ազրպէյճանի հետ:
«Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛անտեսէ մեր` Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններու սկսելու վերաբերեալ բոլոր յայտարարութիւնները: Սակայն հաւանական է, որ նախընտրական կացութիւնը չէ նպաստած նման յայտարարութիւններուն: Սակայն հիմա, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններէն ետք, մենք դրական արձագանգի յոյս ունինք», ըսած է Ալիեւ:
Ալիեւ. «Հայաստանի Իշխանութիւններուն Սադրիչ Յայտարարութիւնները Ղարաբաղի Մէջ Պատերազմը Անխուսափելի Դարձուցին»
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ արցախեան երկրորդ պատերազմը անխուսափելի Էր «Հայաստանի ղեկավարութեան սադրիչ յայտարարութիւններէն ետք»: Այս մասին հաղորդեց ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
«Վերջերս տեղի ունեցած ամէն ինչի համար պատասխանատու է Հայաստանի կառավարութիւնը, որ ձեռնարկած է բազմաթիւ սադրիչ քայլերու, գործողութիւններու եւ հրահրած պատերազմը», երէկ ըսած է Ազրպէյճանի ղեկավարը` Պաքուի մէջ ընդունելով Ռումանիոյ, Աւստրիոյ եւ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարները:
Ան յիշեցուցած է. «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը (Պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը) հրապարակաւ յայտարարած է, որ Հայաստան նոր տարածքներու համար նոր պատերազմի կը պատրաստուի, ինչ որ բացայայտ սպառնալիք էր Ազրպէյճանի համար: Հայաստանի վարչապետը յայտարարած է, որ բանակցութիւններուն պէտք է մասնակցի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը»:
«Իրականութեան մէջ ատիկա ո՛չ միայն մեր շահերուն դէմ էր, այլ նաեւ` ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի եւ անոր համանախագահներուն կողմէ մշակուած ձեւաչափին: Հայաստանի ղեկավարութեան մէկ այլ սադրիչ յայտարարութիւնը այն էր, որ «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ»: Ասիկա փաստացի վերջ դրաւ որեւէ բանակցութեան», ըսած է Ալիեւ:
Ան նաեւ Հայաստանը մեղադրած է, որ 2020 թուականին «շփման գիծին մէջ եւ Ազրպէյճանի հետ պետական սահմանին վրայ գործադրած է երեք զինուորական սադրանք, որոնց պատճառով զոհուած են խաղաղ բնակիչներ»:
«Այսպիսով, Ղարաբաղեան Բ. պատերազմը անխուսափելի էր, եւ ատիկա բոլորին համար յստակ էր», աւելցուցած է Ազրպէյճանի նախագահը:



