Վրաստան կը նախատեսէ Եւրոպական Միութեան դիմել մինչեւ 2024 թուականը` միութեան լիիրաւ անդամակցութեան համար, իսկ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը կատարուած է 60-65 առ հարիւրով: Այս մասին կը նշուի Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Ըստ յայտարարութեան, համաձայնագիրի ստորագրութենէն եօթը տարի ետք երկիրը զգալի յառաջընթաց արձանագրած է Եւրոպական Միութեան հետ համարկման հոլովոյթին մէջ` շօշափելի արդիւնքներով եւ օրէնսդրական ու հաստատութենական մակարդակներուն մէջ Եւրոպական Միութեան արժեչափերուն մօտեցումով:
«Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը, որ կը ներառէ ազատ առեւտուր, նոր խթան հաղորդեց Վրաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման, ներառեալ Վրաստանէն ազգային ապրանքներու արտածման աճը (15 առ հարիւր), Եւրոպական Միութիւնը դարձաւ Վրաստանի հիմնական առեւտրական գործընկերը (24 առ հարիւր)», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Համաձայնագիրը նաեւ նպաստած է Վրաստանի մէջ ներդրումներու մթնոլորտի բարելաւման` ներդրումներու եւ արտադրութեան միջոցով: Արտադրողները այժմ կրնան առանց մաքսային սակագիներու իրենց արտադրութիւնները արտածել Եւրոպական Միութեան շուկայ:
Եւրոպական Միութեան հետ ուժանիւթային համագործակցութիւնը եւս հասած է զարգացման նոր մակարդակի. 2016-ին Վրաստանը միացաւ Եւրոպական ուժանիւթային միութեան:
Եւրոպական Միութեան Վրաստանին տրամադրած օգնութիւնը զգալիօրէն աւելցած է. վերջին 7 տարիներուն ընթացքին գումարը գերազանցած է 1 միլիառ եւրոն: Ըստ համաձայնագիրին, Եւրոպական Միութեան ֆինանսական օժանդակութեան ծաւալը աստիճանաբար կ՛աճի, անիկա տարեկան կը կազմէ 120-130 միլիոն եւրօ միայն երկկողմանի ձեւաչափով, եւ Վրաստանը լրացուցիչ կը մասնակցի շրջանային աջակցութեան տարբեր ծրագիրներուն բազմակողմանի ձեւաչափով:



