Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Օդուժը Յարձակում Գործեց Սուրիա-Իրաք Սահմանին Վրայ Գտնուող Քարիւղի Պահեստանոցներուն Վրայ

June 29, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ օդային յարձակում մը կատարուած է Սուրիա-Իրաք սահմանին վրայ Տէր Զօր նահանգի արեւելեան գիւղական շրջանի Պուքամալ շրջանին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը ստանձնեց յարձակումին պատասխանատուութիւնը,  յայտնելով. «Ամերիկեան բանակը օդային յարձակումներ գործեց Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանային շրջանին մէջ Իրանի աջակցութիւնը վայելող միլիսներու կողմէ օգտագործուող կառոյցներու վրայ»:

Փենթակոն նշեց, որ յարձակումը հակադարձութիւն էր Իրաքի մէջ ամերիկացիներու եւ ամերիկեան կառոյցներու վրայ նշեալ միլիսներուն կողմէ անօդաչու թռչող սարքերով կատարուած յարձակումներուն:

«Յարձակումը թիրախ դարձուց զէնքերու օգտագործման ու պահ դրման երկու դիրքեր Սուրիոյ մէջ եւ մէկ դիրք ալ Իրաքի մէջ», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Յարձակումները ցոյց կու տան, թէ նախագահ Ճօ Պայտըն յստակօրէն քայլերու պիտի դիմէ` պաշտպանելու համար ամերիկացիները»:

Իրաքեան Սայետ Շուհատայի փաղանգները յայտարարեցին, որ երկուշաբթի արշալոյսին իր անդամներէն 4-ը սպաննուած են Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանային շրջանին վրայ ամերիկեան յարձակումի մը պատճառով:

Իրաքեան դիմադրութեան համակարգման մարմինը իր կարգին յայտարարեց, որ պիտի չլռէ Իրաքի սահմանադրութիւնն ու իրաքցի ժողովուրդի կամքը ոտնահարող «ամերիկեան բռնագրաւման ուժերու ներկայութեան շարունակման նկատմամբ»` աւելցնելով, որ յարձակումին պատճառով մահացածները «Իրաքի եւ անոր ժողովուրդին անվտանգութիւնը կը պաշտպանէին»:

Իրաքեան դիմադրութեան համակարգման մարմինը շեշտեց. «Դիմադրութիւնը այս անարգ ոճիրը գործողներէն վրէժ պիտի լուծէ նահատակներու արեան համար»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը,  մեկնաբանելով դէպքը, յայտարարեց, որ «շրջանին մէջ լարուածութեան հրահրումը Միացեալ Նահանգներու շահերէն չի բխիր»` շեշտելով. «Միացեալ Նահանգներ սխալ ուղղութեամբ կ՛ընթանան, եւ Սուրիոյ ու Իրաքի դէմ անոնց հարուածները մաս կը կազմեն անոնց ամբարտաւանութեան»:

Նախորդը

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Հայաստանի Մէջ Ընտրութիւնները «Խաղաղութիւն Պիտի Բերեն»

Յաջորդը

Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան Դարձեալ Միացեալ Ռազմափորձեր Կը Կատարեն

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.