Միջազգային

Ուքրանական Ուժերը Զինուորական  Յանցագործութեամբ Ամբաստանելով.  «Քիեւ Մոսկուայի Հետ Բանակցութիւնները  Կը Խոչընդոտէ»  Կ՛ըսէ Փութին

Ուքրանական Ուժերը Զինուորական Յանցագործութեամբ Ամբաստանելով. «Քիեւ Մոսկուայի Հետ Բանակցութիւնները Կը Խոչընդոտէ» Կ՛ըսէ Փութին

Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ուքրանական ուժերը ամբաստանած է պատերազմական յանցագործութիւններ գործելու յանցանքով` աւելցնելով. «Քիեւ Մոսկուայի հետ բանակցութիւնները կը խոչընդոտէ»: Փութին յայտնեց, որ ուքրանական ուժերը Տոնեցք եւ Մաքպիպֆքա քաղաքներուն մէջ թաղամասեր ռմբակոծած են, ինչ որ քաղաքային զոհեր պատճառած է, եւ Արեւմուտքը ամբաստանեց «պատերազմական այդ յանցագործութիւնները անտեսելու յանցանքով»: Անդրադառնալով ռուս եւ...

«Պէտք Է Քանդել Փութինի Ուժը»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Փոխվարչապետը

«Պէտք Է Քանդել Փութինի Ուժը» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Փոխվարչապետը

Գերմանիոյ փոխվարչապետ, տնտեսութեան նախարար Ռոպերթ Հապեք պահանջեց սանձել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ուժը եւ ի վերջոյ զայն քանդել: Հապեք «Էյ.Առ.Տի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Պէտք է մեր կարելին ընենք Փութինի ուժը նուազեցնելու եւ ի վերջոյ զայն քանդելու համար»: Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարարը դէմ արտայայտուեցաւ Ռուսիայէն ուժանիւթի ներածումները դադրեցնելու կոչերուն` նշելով. «Երբ կրնանք ըսել, թէ քարիւղի եւ կազի մատակարարումները ապահովեցին, այդ ատեն կրնանք...

«Ռուսիոյ Անդամակցութեան Դադրեցումը  ՄԱԿ-ի Կազմակերպութեան Համար  Կործանարար Նախադէպ Պիտի Դառնայ»  Կ՛ըսէ Կութիերես

«Ռուսիոյ Անդամակցութեան Դադրեցումը ՄԱԿ-ի Կազմակերպութեան Համար Կործանարար Նախադէպ Պիտի Դառնայ» Կ՛ըսէ Կութիերես

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի կարծիքով` Ռուսիոյ` ՄԱԿ-ի Համաշխարհային զբօսաշրջական կազմակերպութեան` ԵՈՒՆՈՒԹՕ-ի անդամակցութեան դադրեցումը կրնայ բազմակողմանի համակարգի գործունէութեան համար կործանարար ըլլալ: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք: «Ընդհանուր քարտուղարը ոչ մէկ կարգի դեր կամ լիազօրութիւններ ունի ՄԱԿ-ի Համաշխարհային զբօսաշրջական կազմակերպութեան նկատմամբ, որ ՄԱԿ-ի համակարգի մասնագիտացուած հիմնարկ է, սակայն, անոր կարծիքով` ատիկա կրնայ կործանարար նախադէպ...

Իրանը Երկու Առաջարկ Ներկայացուցած Է  Հիւլէական Ծրագիրին Վերադառնալու Շուրջ

Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգներն Ու Իրանը Հիւլէական Գործարքի Վերակենդանացման Շուրջ Փոխադարձ Հասկացողութեան Հասնելու Մօտ Են»

Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը կը մօտենան 2015-ին կնքուած Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի վերակենդանացման շուրջ փոխադարձ հասկացողութեան գոյացման: Այս մասին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս: «Մենք հաւանական համաձայնութեան մը շատ մօտ ենք, սակայն տակաւին հոն չհասանք», ըսաւ Փրայս` աւելցնելով. «Կը կարծենք, որ մնացած հարցերը կարելի է լուծել»:

Պայտըն Փութինը «Ռազմկան Յանցագործ»  Կը Կոչէ. Քրեմլին Անոր Յայտարարութիւնը  Կը Նկատէ «Անընդունելի Եւ Աններելի»

Պայտըն Փութինը «Ռազմկան Յանցագործ» Կը Կոչէ. Քրեմլին Անոր Յայտարարութիւնը Կը Նկատէ «Անընդունելի Եւ Աններելի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ուքրանիոյ 800 միլիոն տոլար արժողութեամբ յաւելեալ զինուորական օգնութեան տրամադրման համար նախագահական հրամանագիր մը ստորագրեց: Պայտըն Սպիտակ տան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ուքրանիոյ դէմ պատերազմ կը մղէ եւ անխտիր թիրախ կը դարձնէ քաղաքայիններն ու հիւանդանոցները»: «Մենք աշխատանք կը տանինք պատժամիջոցներով Փութինի տնտեսութիւնը ջլատելու` պատերազմը ֆինանսաւորելուն արգելք հանդիսանալու համար», աւելցուց ան`...

«Ռուսիոյ Պատուիրակութիւնը Պատրաստ Է  Ամբողջ Օրուան Տեւողութեամբ Բանակցութիւններու,  Սակայն Քիեւի Ձգտումը Տեսանելի Չէ»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Ռուսիոյ Պատուիրակութիւնը Պատրաստ Է Ամբողջ Օրուան Տեւողութեամբ Բանակցութիւններու, Սակայն Քիեւի Ձգտումը Տեսանելի Չէ» Կ՛ըսէ Փեսքով

Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ Ռուսիոյ պատուիրակութիւնը պատրաստ է Ուքրանիոյ հետ ամբողջ օրուան տեւողութեամբ բանակցութիւններու, սակայն Քիեւի կողմէ ցանկութիւն չի նկատուիր: «Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս կրկնել, մեր պատուիրակութիւնը` Մետինսքիի գլխաւորութեամբ, փորձագէտներու եւ համապատասխան նախարարութիւններու մասնակցութեամբ, պատրաստ է ամբողջ օրուան տեւողութեամբ աշխատիլ, եւ մենք կը ցուցադրենք այդ պատրաստակամութիւնը: Դժբախտաբար, մենք ուքրանական կողմէն նման ձգտում չենք տեսներ», ըսաւ...

«Ուքրանիան Կ՛առաջարկէ Թուրքիան Դարձնել  Անվտանգութեան Երաշխաւոր Երկիր»  Կ՛ըսէ Քուլեպա

«Ուքրանիան Կ՛առաջարկէ Թուրքիան Դարձնել Անվտանգութեան Երաշխաւոր Երկիր» Կ՛ըսէ Քուլեպա

Ուքրանիան մինչեւ զինուորական գործողութիւններու մեկնարկը առաջարկած է Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ մասնակցութեամբ հանդիպում կատարել: Ուքրանիան Թուրքիան կը տեսնէ իբրեւ անվտանգութեան երաշխաւոր երկիր, որովհետեւ Թուրքիան Սեւծովեան շրջանին մէջ կայունութիւն ապահովելու համար հեղինակութիւն ունի: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ ուքրանական Լվով քաղաքին մէջ հանդիպումէն ետք յայտարարած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպա: Չաւուշօղլու հաստատած է...

7,3 Աստիճան Ուժգնութեամբ  Երկրաշարժ Մը Հարուածեց Ճափոնը

7,3 Աստիճան Ուժգնութեամբ Երկրաշարժ Մը Հարուածեց Ճափոնը

Ճափոնի հիւսիս-արեւելքին մէջ, Խաղաղական ովկիանոսի եզրին գտնուող Միակի եւ Ֆուքուշիմա շրջաններուն մօտ երէկ ժամը 15:36-ին հզօր երկրաշարժ մը տեղի ունեցած է: Ճափոնի գլխաւոր օդերեւութաբանական վարչութիւնը յայտնեց, որ երկրաշարժին ուժգնութիւնը 7,3 աստիճան էր: Վարչութիւնը 1 մեթր բարձրութեամբ ծովաշարժի ալիքներէ զգուշացուց: Լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ հզօր երկրաշարժին պատճառով մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ ելեկտրականութեան մատակարարումը ընդհատուած է:

Քրեմլին. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ Ռուս Խաղաղապահներ Պիտի Չըլլան»

Քրեմլին. «Ուքրանիոյ Մէջ Ապառազմականացուած Երկիր Ստեղծելու Միտքը Կրնայ Փոխզիջում Նկատուիլ»

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտարարեց. «Ուքրանիոյ մէջ Աւստրիոյ կամ Շուէտի օրինակով սեփական բանակի հետ ապառազմականացուած երկիր ստեղծելու գաղափարը կրնայ իբրեւ փոխզիջում նկատուիլ»: «Ասիկա տարբերակ մըն է, որ այժմ իսկապէս կը քննարկուի, եւ որ կրնայ իբրեւ փոխզիջում նկատուիլ», լրագրողներուն ըսաւ Փեսքով: Ուքրանիա-Ռուսիա բանակցութիւններուն մէջ Ռուսիոյ պատուիրակութեան ղեկավար, նախագահի օգնական Վլատիմիր Մետինսքի իր կարգին յայտնեց, որ Քիեւը բանակցութիւններուն մէջ կ՛առաջարկէ...

Քոնկրեսի Հայկական Հարցերով Յանձնախումբը  Այս Շաբաթ Բանաձեւ Պիտի Ներկայացնէ` Ազրպէյճանին  Կոչ Ուղղելով Ազատ Արձակելու Բոլոր Հայ Գերիները

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Փութինը Պատերազմական Ու Մարդկութեան Դէմ Ոճիրներով Ամբաստանող Որոշում Մը Որդեգրեց

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը միաձայնութեամբ որդեգրած է բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ հետաքննելու Ռուսիոյ կառավարութեան եւ անձամբ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ենթադրեալ զինուորական յանցագործութիւնները: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Փաստաթուղթը, որ Քոնկրեսի վերին պալատին ներկայացուցած էր հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրահամը, խստօրէն կը դատապարտէ «բռնութիւնը, պատերազմական յանցագործութիւնները եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները», որոնք, ըստ նախագիծի հեղինակներուն, գործուած են Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ զինեալ ուժերուն...

Ապտոլլահեան Մոսկուայի Մէջ Հանդիպելով  Լաւրովին` Անոր Յանձնած Է Ուքրանիոյ  Արտաքին Գործոց Նախարարին Ուղերձը

Ապտոլլահեան Մոսկուայի Մէջ Հանդիպելով Լաւրովին` Անոր Յանձնած Է Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին Ուղերձը

Մոսկուայի մէջ երէկ տեղի ունեցած են Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի բանակցութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Հանդիպումին յաջորդած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ապտոլլահեան յայտնած է, որ մէկ օր առաջ երկարատեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպայի հետ ու վերջինիս ուղերձը յանձնած է Լաւրովին: «Ուքրանիոյ արտաքին գործոց...

Զելենսքի. «Ուքրանիան ՕԹԱՆ-ի Անդամ  Պիտի Չդառնայ, Մենք Ատիկա Պէտք Է Խոստովանինք»

Զելենսքի. «Ուքրանիան ՕԹԱՆ-ի Անդամ Պիտի Չդառնայ, Մենք Ատիկա Պէտք Է Խոստովանինք»

Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Ալեքսէյ Արեսթովիչ երէկ յայտնեց. «Կը կարծեմ` մայիսէն ոչ ուշ, մայիսի սկիզբ, ըստ ամենայնի, պէտք է հաշտութեան համաձայնագիրի հասնինք, կամ, թերեւս նաեւ աւելի շուտ: Տեսնենք. ամէնէն ուշ ժամկէտը կը նշեմ: Հիմա կա՛մ մէկ-երկու շաբթուան ընթացքին արագ հաշտութեան համաձայնագիր պիտի կնքուի` զօրքի դուրս բերումով եւ մնացեալով, կա՛մ յառաջիկային պիտի համաձայնինք` մինչեւ մայիսի վերջ բանակցութիւններու հերթական փուլէն, պատերազմելու...

«Միացեալ Նահանգներու Նոր Վարչակազմը  Տակաւին Իրանի Հետ Հաղորդակցութիւն Չէ Ունեցած»  Կ՛ըսէ Փրայս

Միացեալ Նահանգներ Չինաստանի Ներկայացուցիչները Նախազգուշացուցած Են Ռուսիոյ Աջակցելու Հետեւանքներէն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւնը Հռոմի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին Չինաստանի պաշտօնատարները զգուշացուցած է, թէ Մոսկուային աջակցելու պարագային Պէյճինկի համար հետեւանքները ինչպիսի՛ն պիտի ըլլան: Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Արեւելեան Ասիոյ եւ խաղաղաովկիանոսեան շրջանի հարցերով օգնական...

«Ուքրանիոյ Կացութիւնը Խթան Դարձաւ  Միացեալ Նահանգներու Եւ Եւրոպական Միութեան Մէջ  Քարիւղէն Եւ Կազէն Հրաժարելու Համար»  Կ՛ըսէ Պայտըն

«Ուքրանիոյ Կացութիւնը Խթան Դարձաւ Միացեալ Նահանգներու Եւ Եւրոպական Միութեան Մէջ Քարիւղէն Եւ Կազէն Հրաժարելու Համար» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած կացութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ անոնց դաշնակիցներուն համար փաստարկ հանդիսացաւ` հրաժարելու բրածոյ վառելանիւթէն իրենց կախեալութենէն: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ առնչուած իրավիճակը յաւելեալ պատճառ մըն է, որ մենք պէտք է ձերբազատինք քարիւղէն ու կազէն մեր ունեցած կախեալութենէն: Եւրոպայի բրածոյ վառելանիւթէն կախեալութիւնը կը գերազանցէ մեր որեւէ...

Ռուսիա-Ուքրանիա Բանակցութիւններուն Մէջ «Թեքնիք Դադար»

Ռուսիա-Ուքրանիա Բանակցութիւններուն Մէջ «Թեքնիք Դադար»

Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններուն մէջ մինչեւ վաղը «թեքնիք դադար» պիտի ըլլայ: Այս մասին յայտարարեց ուքրանական պատուիրակութեան բանբեր, Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Միխայլօ Փոտոլիաք: «Բանակցութիւններուն մէջ մինչեւ վաղը թեքնիք դադար առնուած է: Աշխատանքային ենթախումբերուն մէջ լրացուցիչ աշխատանքի եւ առանձին սահմանումներ յստակացնելու համար: Բանակցութիւնները կը շարունակուին», Փոտոլիաք գրեց «Թելեկրամ»-ի վրայ: Փոտոլիաք նախքան այդ յայտնած էր, որ Ռուսիա-Ուքրանիա բանակցութիւններու 4-րդ փուլը պիտի կեդրոնանայ...

Ազրպէյճանն Ու Իրանը «Զանգեզուր»-ի Միջանցքի Բացման Վերաբերեալ Փաստաթուղթ Ստորագրած Են

Ազրպէյճանն Ու Իրանը «Զանգեզուր»-ի Միջանցքի Բացման Վերաբերեալ Փաստաթուղթ Ստորագրած Են

Իրանն ու Ազրպէյճանը ստորագրած են համաձայնութեան մասին յուշագիր Իրանի տարածքով Նախիջեւանի եւ, այսպէս կոչուած, «Արեւելեան Զանգեզուր»-ի տնտեսական գօտիին միջեւ հաղորդակցութեան նոր կապերու ստեղծման վերաբերեալ: «Երկիր» կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ «Քոքասըս Ուաչ»-ը: Արցախի 75 առ հարիւրին բռնագրաւումէն ետք, Ազրպէյճանը Կովսականի, Քաշաթաղի եւ Քարվաճառի շրջանները յայտարարեց «Արեւելեան Զանգեզուր»` հետագայ նկրտումներ որդեգրելով նաեւ Սիւնիքի նկատմամբ, որ ըստ իրենց, «Արեւմտեան Զանգեզուր»-ն...

«Իրաք Պէտք Է Իր Հողերուն Իրանի Անվտանգութիւնն Ու Կայունութիւնը Վտանգելու Համար Օգտագործումը Արգիլէ» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

«Իրաք Պէտք Է Իր Հողերուն Իրանի Անվտանգութիւնն Ու Կայունութիւնը Վտանգելու Համար Օգտագործումը Արգիլէ» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց, որ Վիեննայի մէջ հիւլէական գործարքին շուրջ բանակցութիւններու ժամանակաւոր դադրեցումը չի նշանակեր, թէ բանակցութիւնները անելի մատնուած են: Ան ըսաւ, որ Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ ստեղծուած ներկայ կացութեան պատասխանատուն Ուաշինկթընն է, եւ Ուաշինկթըն պէտք է անհրաժեշտ որոշումը որդեգրէ: «Պէտք է Ռուսիոյ երաշխիքներու պահանջները քննարկել հիւլէական համաձայնութեան միացեալ յանձնախումբի աշխատանքի ծիրին մէջ», ըսաւ ան: Անդրադառնալով Իրանի...

Պաքուն Անգարայի Եւ Պրիւքսելի Հետ Կը Քննարկէ Եւրոպա Կազի Մատակարարումներու Յաւելման Հարցը

Պաքուն Անգարայի Եւ Պրիւքսելի Հետ Կը Քննարկէ Եւրոպա Կազի Մատակարարումներու Յաւելման Հարցը

Ազրպէյճան մտադիր է աւելցնել կազի Թուրքիոյ տարածքով դէպի Եւրոպա մատակարարումները, եւ այդ հարցը կը քննարկէ Անգարայի եւ Պրիւքսելի հետ: Թրքական «Միլլիեթ» օրաթեթը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի ուժանիւթի նախարար Փարվիզ Շահպազով: «Բնական կազի Եւրոպա մատակարարումները պիտի աւելնան: (Հարաւային կազային) միջանցքը չօգտագործուած ներուժ ունի: Մենք Թուրքիոյ հետ կրնանք մեծ ծաւալներով կազ մատակարարել Եւրոպա: Մենք այս հարցով կապի մէջ...

Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան  Նախարարները Քննարկած Են  Շրջանային Անվտանգային Հարցեր

Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Շրջանային Անվտանգային Հարցեր

Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարներ Զաքիր Հասանով եւ Հուլուսի Աքար շաբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ երկկողմանի զինուորական համագործակցութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան: «Ազատութիւն»-ը կը նշէ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի կ՛ունենայ Արցախի մէջ շարունակուող լարուածութեան պայմաններուն մէջ:  

«Ռուսիան Եւ Ուքրանիան Փոխզիջումի Կը Դիմեն,  Նախագահները Վերջնական  Փաստաթուղթ Պիտի Ստորագրեն»  Կ՛ըսէ Փոտոլիաք

«Ռուսիան Եւ Ուքրանիան Փոխզիջումի Կը Դիմեն, Նախագահները Վերջնական Փաստաթուղթ Պիտի Ստորագրեն» Կ՛ըսէ Փոտոլիաք

Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Միխայլօ Փոտոլիաք ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ռուս-ուքրանական բանակցութիւններու 4-րդ փուլէն առաջ մասնակիցները հիմնական հարցերու քննարկումէն ետք կ՛աշխատին անոնց իրաւաբանական ձեւակերպման վրայ: Ըստ անոր, բանակցութիւններուն 4-րդ փուլը տեղի պիտի ունենայ միացեալ իրաւաբանական ձեւաչափերու մշակումէն անմիջապէս ետք: «Ատիկա կրնայ ըլլալ վաղը, իսկ եթէ վաղը չէ միւս օր: Պարզապէս հանդիպելու եւ զրուցելու կարիք,...

Page 275 of 882 1 … 274 275 276 … 882

Արխիւներ