Միջազգային

Իրան Հրթիռակոծեց Էրպիլի Մէջ «Սիոնական  Սադրանքներու Ռազմավարական Կեդրոն Մը»

Իրան Հրթիռակոծեց Էրպիլի Մէջ «Սիոնական Սադրանքներու Ռազմավարական Կեդրոն Մը»

Իրաքի Քրտական ինքնավար շրջանին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մարմինը յայտարարեց, որ կիրակի արշալոյսին «12 թեւաւոր հրթիռներ» թիրախ դարձուցած են շրջանի մայրաքաղաքն ու այնտեղ գտնուող ամերիկեան հիւպատոսարանը` աւելցնելով, որ հրթիռները արձակուած են «Քրտական շրջանի եւ Իրաքի սահմաններուն դուրսէն, աւելի ճիշդ` արեւելեան կողմէն: Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեցին, որ ամերիկացի զինուորներ զոհուած են` նշելով. «Էրպիլը հարուածած հրթիռներ արձակուեցան Իրանէն»: Լրատու գործակալութիւնը...

«Ժամանակն Է Թուրքիոյ Դէմ Հաստատուած Ամերիկեան Անարդար Պատժամիջոցները Վերցնելու» Պայտընին Կ’ըսէ Էրտողան

«Ժամանակն Է Թուրքիոյ Դէմ Հաստատուած Ամերիկեան Անարդար Պատժամիջոցները Վերցնելու» Պայտընին Կ’ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահական պալատի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին վերջինիս շեշտած է կարեւորութիւնը, որ Թուրքիան ըլլայ այնպիսի դիրքի մը վրայ, որ կը դիւրացնէ քննարկումները, եթէ ուքրանական տագնապը բարդանայ` աւելցնելով, որ Անթալիոյ մէջ Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ եռակողմ ժողովը «ինքնին դիւանագիտական յաղթանակ կը նկատուի»: Էրտողան յայտարարած է, որ...

Փութին. «Քիեւի Հետ Բանակցութիւններուն Մէջ Դրական Տեղաշարժ Կայ»

Փութին. «Քիեւի Հետ Բանակցութիւններուն Մէջ Դրական Տեղաշարժ Կայ»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնած է, որ ուքրանական կողմին հետ բանակցութիւններուն մէջ դրական փոփոխութիւններ կան: Ան այդ մասին յայտնեց Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ հանդիպումի ընթացքին: «Ես, անշուշտ, ձեզ պիտի տեղեկացնեմ նաեւ Ուքրանիոյ հարցին մէջ տիրող կացութեան մասին, նախ եւ առաջ` ինչպէ՞ս կ'ընթանան բանակցութիւնները, որոնք հիմա գրեթէ ամէն օր տեղի կ’ունենան: Ինչպէս ինծի զեկուցած են մեր բանակցողները, որոշակի դրական տեղաշարժեր...

«Եւրոպական Միութիւնը Ֆրանսային Կը Զօրակցի  Աւստրալիոյ Հետ Սուզանաւերու Գործարքին  Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Հետ Տագնապին Մէջ»  Կ՛ըսէ Պորել

«Ուքրանիան ՕԹԱՆ-ի Մէջ Ընդունելու Խոստումը Սխալ Էր» Կ’ըսէ Պորել

Արեւմուտքը Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ շարք մը սխալներ գործած է, ներառեալ Ուքրանիան ՕԹԱՆ-ի մէջ ընդունելու խոստումը: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը այս մասին յայտարարած է «Թէ.ԷՖ.1» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Պատրաստ եմ խոստովանելու, որ մենք շարք մը սխալներ գործած ենք եւ կորսնցուցած Ռուսիան Արեւմուտքին մօտեցնելու կարելիութիւնը... Կան պահեր, զորս մենք աւելի լաւ կրնայինք...

Ալիեւ Եւ Իրանցի Նախարարը Քննարկած Են Շրջանին Մէջ Փոխադրամիջոցային Ծրագիրները

Ալիեւ Եւ Իրանցի Նախարարը Քննարկած Են Շրջանին Մէջ Փոխադրամիջոցային Ծրագիրները

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ընդունած է Իրանի քաղաքաշինութեան եւ ճամբաներու նախարար Ռուսթամ Քասեմին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպման ժամանակ քննարկուած են շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային ծրագիրներու իրականացման հարցեր: «Մասնաւորաբար, նշուած է Իրանի տարածքով Արեւելեան Զանգեզուրի տնտեսական շրջանի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ նոր հաղորդակցութիւններու կարեւորութիւնը», կը յայտնէ Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութիւնը: Աղբիւրին համաձայն` «կողմերը...

Անթալիոյ Մէջ Դիւանագիտական Համախմբումի Ընթացքին Պիտի Քննարկուի Նաեւ Հարաւային Կովկասի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Անթալիոյ Մէջ Դիւանագիտական Համախմբումի Ընթացքին Պիտի Քննարկուի Նաեւ Հարաւային Կովկասի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Անթալիոյ դիւանագիտական համախմբումին պիտի քննարկուի նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին համախմբումի բացման ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: Սակայն թրքական դիւանագիտութեան պետը չէ նշած, թէ քննարկումները ի՛նչ ձեւաչափով տեղի պիտի ունենան: Համախմբումին կը մասնակցին նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները:    

Քալըն Հաւանական Կը Նկատէ Փութինի Եւ Զելենսքիի Հանդիպումը

Քալըն Հաւանական Կը Նկատէ Փութինի Եւ Զելենսքիի Հանդիպումը

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարած է, որ հաւանաբար Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Վոլոտիմիր Զելենսքին մօտիկ ապագային հանդիպին: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք Արմենիա»-ն: Ան նշած է, որ զինուորական գործողութիւններու մեկնարկէն ի վեր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քանի մը անգամ հեռաձայնով խօսած է իր ռուս եւ ուքրանացի պաշտօնակիցներուն հետ, եւ Անգարան կը ձգտի աշխուժ դեր խաղալ բանակցութիւններու...

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Ցուցադրեց Տոնպասի Վրայ Յարձակելու Քիեւի Ծրագիրը Հաւաստող Փաստաթուղթեր

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Ցուցադրեց Տոնպասի Վրայ Յարձակելու Քիեւի Ծրագիրը Հաւաստող Փաստաթուղթեր

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց իր տրամադրութեան տակ յայտնուած գաղտնի փաստաթուղթեր, որոնց համաձայն, ուքրանացի ազգայնականները մարտին պէտք էր պատրաստ ըլլային Տոնպասի վրայ յարձակում գործելու: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշենքով անցեալ չորեքշաբթի օր կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնած է, որ ուքրանացի ազգայնականներու մարտական միաւորումը մինչեւ 28 փետրուար պէտք էր կազմաւորուած ըլլար, որպէսզի ապահովէին Տոնպասի...

Մոսկուա Եւ Քիեւ Չկարողացան Զինադադարի  Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնել

Մոսկուա Եւ Քիեւ Չկարողացան Զինադադարի Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնել

Անթալիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպայի հանդիպումը: Ասիկա ռուս-ուքրանական տագնապին սկիզբէն ի վեր երկու կողմերուն միջեւ այս մակարդակով առաջին հանդիպումն էր: Հանդիպումի աւարտին երկու նախարարները անջատ մամլոյ ասուլիսներ տուին: Քուլեպա յայտնեց. «Լաւրովի հետ ժողովը դիւրին էր եւ միեւնոյն ժամանակ դժուար: Բանակցութիւնները դժուար էին, սակայն ամբողջ ջանքս թափեցի Ուքրանիոյ...

Ռուսիան Գիշերուան  «Արտօնութենէն» Ետք  ԵԽԽՎ-ի Մէջ Աշխատելու  Դիմում Ներկայացուցած Է

Ռուսիան Կը Հրաժարի Եւրոպական Խորհուրդէն

Ռուսիան այլեւս չի պատրաստուիր մասնակցիլ Եւրոպական խորհուրդին: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Ռուսիան պիտի չմասնակցի այն հոլովոյթին, որուն նախաձեռնած են ՕԹԱՆ-ն ու Եւրոպական Միութիւնը, այն է` հնագոյն եւրոպական կազմակերպութիւնը արեւմտեան գերազանցութեան մասին խօսքերու եւ ինքնահիացմունքի հերթական հարթակ դարձնելը: Թող իրարու հետ հաղորդակցութիւնը վայելեն առանց Ռուսիոյ», ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Եւրոպական...

Հերքելով Ուքրանիոյ Մէջ Կենսաբանական  Զէնքերու Պատրաստման Համար  Տարրալուծարաններ Ունենալը`  Միացեալ Նահանգներ. «Ռուսիան Սուտ Պատրուակներ  Կը Հնարէ` Փորձելով Ուքրանիոյ Մէջ  Իր Ահաւոր Արարքները Արդարացնել»

Հերքելով Ուքրանիոյ Մէջ Կենսաբանական Զէնքերու Պատրաստման Համար Տարրալուծարաններ Ունենալը` Միացեալ Նահանգներ. «Ռուսիան Սուտ Պատրուակներ Կը Հնարէ` Փորձելով Ուքրանիոյ Մէջ Իր Ահաւոր Արարքները Արդարացնել»

Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի հերքեց ռուսական կողմին հրապարակած այն տեղեկութիւնը, թէ Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ մէջ քիմիական ու կենսաբանական զէնքերու զարգացման աշխատանք կը տանին` նշելով, որ ինքնին Մոսկուան է, որ կը պատրաստուի Ուքրանիոյ մէջ քիմիական ու կենսաբանական զէնքեր օգտագործելու: «Ուքրանիոյ մէջ ամերիկեան կենսաբանական զէնքերու տարրալուծարաններու եւ քիմիական զէնքերու զարգացման մասին Ռուսիոյ սուտ պնդումներէն տեղեակ դարձանք: Միացեալ Նահանգները քիմիական զէնքերու համաձայնութեան...

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը  Ուքրանիոյ Համար 13,6 Միլիառ Տոլարի Օգնութիւն  Հաստատեց Եւ Ռուսիայէն Ուժանիւթի  Ներածման Արգելքին Թեր Քուէարկեց

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Ուքրանիոյ Համար 13,6 Միլիառ Տոլարի Օգնութիւն Հաստատեց Եւ Ռուսիայէն Ուժանիւթի Ներածման Արգելքին Թեր Քուէարկեց

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը թեր քուէարկեց Ուքրանիոյ 13,6 միլիառ տոլարի ելեւմտական օգնութեան տրամադրման: Այդ գումարին շուրջ 6,5 միլիառը կը նախատեսուի յատկացնել Փենթակոնին` Ուքրանիոյ զինուորական օգնութիւն առաքելու համար, իսկ մնացեալը մարդասիրական ու տնտեսական օգնութեան նպատակով պիտի յատկացուի այլ նախարարութիւններու: Այժմ թղթածրարը պէտք է հաստատուի Ծերակոյտին կողմէ, որմէ ետք պիտի ուղարկուի նախագահ Ճօ Պայտընին: Սպիտակ տունը չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ...

Զելենսքի Պատրաստ Է Փութինի Հետ Ուղղակի  Երկխօսութեան. Փութին Հետաքրքրուած Է  Լուրջ Բանակցութիւններու  «Կարելի Եղածին Չափ Շուտ» Կայացումով

Զելենսքի Պատրաստ Է Փութինի Հետ Ուղղակի Երկխօսութեան. Փութին Հետաքրքրուած Է Լուրջ Բանակցութիւններու «Կարելի Եղածին Չափ Շուտ» Կայացումով

Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի փոխտնօրէն Իկոր Ժովքվա յայտարարեց. «Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին պատրաստ է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ուղղակի երկխօսութեան»: Ան նաեւ յայտնեց, որ Ուքրանիան Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցին դիմած է` Փութինի եւ Զելենսքիի միջեւ հանդիպում կազմակերպելու համար: Ժովքվան գերմանական «Թակեսխաու» պատկերասփիւռի յայտագիրին ըսած է. «Միակ լուրջ բանակցութիւնները, որոնք կրնան կատարուիլ ռուսերուն հետ, կարելի պիտի ըլլան նախագահական մակարդակով: Իմ նախագահս...

Էրտողան. «Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու  Բարելաւումը Պիտի Նպաստէ Շրջանի Կայունութեան»

Էրտողան. «Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւումը Պիտի Նպաստէ Շրջանի Կայունութեան»

Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկ երէկ այցելեց Անգարա` աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր լարուածութենէ ետք Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու համար: Ասիկա 2008-էն ի վեր իսրայէլացի պաշտօնատարի մը կողմէ Թուրքիա առաջին այցելութիւնն էր: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու բարելաւումը շրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման համար շատ կարեւոր է: Էրտողան Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկի հետ...

Էրտողան Յոյսով Է, Որ Լաւրովն Ու Քուլեպան  Այսօր Պիտի Կարենան «Զինադադար Հաստատել»

Էրտողան Յոյսով Է, Որ Լաւրովն Ու Քուլեպան Այսօր Պիտի Կարենան «Զինադադար Հաստատել»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յոյս յայտնած է, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովն ու Տմիթրի Քուլեպան Անթալիոյ մէջ միջազգային դիւանագիտական հաւաքի ծիրին մէջ նախատեսուած հանդիպումի ընթացքին համաձայնին զինադադար հաստատելու շուրջ: Այս մասին յայտնեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Թուրքիան լուրջ ջանքեր կը ներդրէ Ուքրանիոյ մէջ մարտական գործողութիւնները դադրեցնելու համար: Թուրքիան յոյսով է, որ կարելի պիտի ըլլայ երկարատեւ զինադադար...

Թուրքիան Արցախէն Ուքրանիա Ուղարկած Է  Աւելի Քան 2000 Սուրիացի Զինեալ

Թուրքիան Արցախէն Ուքրանիա Ուղարկած Է Աւելի Քան 2000 Սուրիացի Զինեալ

Թուրքիան Ուքրանիա ուղարկած է սուրիացի զինեալներ, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնացած էին Հայաստանի հետ տագնապին մասնակցելէն ետք: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է սուրիական ընդդիմութենէն աղբիւր մը: «Թուրքիան Սուրիայէն աւելի քան 2 հազար զինեալ ուղարկած էր Լեռնային Ղարաբաղ` մասնակցելու Հայաստանի դէմ 2020 թուականի զինուորական գործողութիւններուն, եւ այդ զինեալներուն մեծ մասը զինուորական գործողութիւններու աւարտէն ետք մնացած էր այնտեղ: Թուրքիան զինեալները Ղարաբաղէն...

Խրիմի Եւ Տոնպասի Ճանաչման Հարցի  Քննարկումն ու Փոխզիջումային  Տարբերակ Գտնելը Կարելի Նկատելով`  «Այլեւս Հետաքրքրուած Չենք Անդամակցելով  ՕԹԱՆ-ին, Որ Ռուսիոյ Հետ Ճակատումէն Կը Վախնայ»  Կը Յայտարարէ Զելենսքի

Խրիմի Եւ Տոնպասի Ճանաչման Հարցի Քննարկումն ու Փոխզիջումային Տարբերակ Գտնելը Կարելի Նկատելով` «Այլեւս Հետաքրքրուած Չենք Անդամակցելով ՕԹԱՆ-ին, Որ Ռուսիոյ Հետ Ճակատումէն Կը Վախնայ» Կը Յայտարարէ Զելենսքի

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին, պատասխանելով Ռուսիոյ` Ուքրանիոյ մէջ զինուորական  գործողութիւնները դադրեցնելու համար ներկայացուցած պայմաններուն, ներառեալ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան մերժման մասին հարցումի մը, շեշտեց. «Ինչ կը վերաբերի ՕԹԱՆ-ին, շատոնց կորսնցուցի անդամակցութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնս, երբ անդրադարձանք, որ ՕԹԱՆ-ը պատրաստ չէ Ուքրանիան ընդունելու, որովհետեւ դաշինքը Ռուսիոյ հետ տարակարծութիւններէն ու ճակատումէն կը վախնայ»: Ան յայտնեց, որ Ուքրանիան...

«Միացեալ Նահանգները Աշխարհագրական  Իրողութիւնը Զէնքի Ուժով  Փոխելը Չեն Կրնար Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Պլինքըն

«Եթէ Դիւանագիտութիւնը Ձախողի, Մենք Պատրաստ Ենք Հակադարձելու Եւ Ուքրանացիներուն Ինքնապաշտպանութեան Օգնելու» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութեան պատճառով Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն նպատակը վնասներ պատճառելն էր: «Այդ բոլորը Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին վերջ տալու փորձեր են», ըսաւ ան: Պլինքըն Էսթոնիոյ վարչապետ Քայա Քալասի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Ուքրանացիները իրենք զիրենք պաշտպանելու միջոցներ ունին, եւ եթէ դիւանագիտութիւնը ձախողի, ապա մենք պատրաստ ենք հակադարձելու եւ...

«Ռուսիան Համաձայն Է Անթալիոյ Մէջ  Հանդիպելու, Հարցը Ուքրանական  Կողմի Դիրքորոշումին Մէջ Է»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Ռուսիան Համաձայն Է Անթալիոյ Մէջ Հանդիպելու, Հարցը Ուքրանական Կողմի Դիրքորոշումին Մէջ Է» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիան համաձայնած է Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը Անթալիոյ մէջ կատարելու առաջարկին, եւ այստեղ հարցը ուքրանական կողմի տրամադրուածութեան մէջ է: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: Անոր համաձայն, թրքական կողմը այդ առաջարկը ներկայացուցած է, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր...

Իսրայէլի Նախագահի Այսօր  Թուրքիա Այցելութենէն Ետք.  Ալիեւ Վաղը Պիտի Այցելէ Թուրքիա

Իսրայէլի Նախագահի Այսօր Թուրքիա Այցելութենէն Ետք. Ալիեւ Վաղը Պիտի Այցելէ Թուրքիա

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վաղը` 10 մարտին պիտի այցելէ Թուրքիա: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակէն: «Իսրայէլի նախագահի վաղուան այցելութենէն ետք, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հինգշաբթի օր պիտի այցելէ Թուրքիա», կը յայտնեն Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակէն: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու 4 մարտին այցելած էր Պաքու, ուր հանդիպում ունեցած էր իր պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի...

Page 276 of 882 1 … 275 276 277 … 882

Արխիւներ