Ուքրանիան մինչեւ զինուորական գործողութիւններու մեկնարկը առաջարկած է Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ մասնակցութեամբ հանդիպում կատարել: Ուքրանիան Թուրքիան կը տեսնէ իբրեւ անվտանգութեան երաշխաւոր երկիր, որովհետեւ Թուրքիան Սեւծովեան շրջանին մէջ կայունութիւն ապահովելու համար հեղինակութիւն ունի: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ ուքրանական Լվով քաղաքին մէջ հանդիպումէն ետք յայտարարած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպա:
Չաւուշօղլու հաստատած է Ուքրանիոյ առաջարկին մասին յայտարարութիւնը եւ նշած, որ Ուքրանիան կ՛առաջարկէ հաւաքական անվտանգութեան համաձայնագիր, որ պիտի նախատեսէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 5 մնայուն անդամներու եւ Թուրքիոյ ու Գերմանիոյ մասնակցութիւնը:
«Մոսկուայի մէջ երէկ հանդիպումներուս ժամանակ ես տեսայ, որ Ռուսիան դէմ չէ այս առաջարկին, եւ անոնք հաւանաբար ընդունին զայն: Եթէ այս հարցերուն մէջ համաձայնութիւն ըլլայ, հաւանականութիւն կայ, որ երկու երկիրներու ղեկավարները պիտի հանդիպին», յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Միւս կողմէ, Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է Ուքրանիոյ մէջ ռուսական յատուկ գործողութեան ընթացքը:
Փութին Էրտողանին տեղեկացուցած է ռուս-ուքրանական բանակցութիւններու ընթացքի մասին: «Քննարկուած են Տոնպասի պաշտպանութեան համար յատուկ զինուորական գործողութեան կատարման շուրջ կացութեան զարգացման տարբեր երեւոյթներ», կը նշուի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Էրտողան Փութինի հետ զրոյցի ընթացքին երախտագիտութիւն յայտնած է Ուքրանիոյ տարածքէն թուրք քաղաքացիներու տարհանումին աջակցելու համար:
Մամլոյ ծառայութենէն նաեւ յայտնած են, որ Փութինն ու Էրտողանը տրամադրուած են զարգացնել Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ համագործակցութիւնը, նաեւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ:


