Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը միաձայնութեամբ որդեգրած է բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ հետաքննելու Ռուսիոյ կառավարութեան եւ անձամբ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ենթադրեալ զինուորական յանցագործութիւնները: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Փաստաթուղթը, որ Քոնկրեսի վերին պալատին ներկայացուցած էր հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրահամը, խստօրէն կը դատապարտէ «բռնութիւնը, պատերազմական յանցագործութիւնները եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները», որոնք, ըստ նախագիծի հեղինակներուն, գործուած են Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ զինեալ ուժերուն կողմէ` Փութինի ղեկավարութեամբ:
Բանաձեւը Միջազգային քրէական դատարանին կոչ կ՛ուղղէ` հետաքննելու Փութինի, Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներու, ինչպէս նաեւ ռուսական զինեալ ուժերու հրամանատարութեան գործողութիւնները: