Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն Փութինը «Ռազմկան Յանցագործ» Կը Կոչէ. Քրեմլին Անոր Յայտարարութիւնը Կը Նկատէ «Անընդունելի Եւ Աններելի»

March 18, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ուքրանիոյ 800 միլիոն տոլար արժողութեամբ յաւելեալ զինուորական օգնութեան տրամադրման համար նախագահական հրամանագիր մը ստորագրեց:

Պայտըն Սպիտակ տան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ուքրանիոյ դէմ պատերազմ կը մղէ եւ անխտիր թիրախ կը դարձնէ քաղաքայիններն ու հիւանդանոցները»:

«Մենք աշխատանք կը տանինք պատժամիջոցներով Փութինի տնտեսութիւնը ջլատելու` պատերազմը ֆինանսաւորելուն արգելք հանդիսանալու համար», աւելցուց ան` նշելով. «Մեր դաշնակիցներուն հետ պատժամիջոցներ հաստատեցինք Ռուսիոյ դէմ, սակայն անոնք հետագային աւելի ծանր պիտի ըլլան»:

Պայտընի կարճատեւ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին «Ֆոքս Նիուզ»-ի թղթակիցը անոր հարցուց, թէ արդեօք ան պատրա՞ստ է «մեր տեսած այս ամէնէն ետք» իր ռուս պաշտօնակիցը «ռազմական յանցագործ» կոչել: Պայտըն սկիզբը բացասական պատասխան տուաւ եւ դուրս եկաւ սենեակէն, սակայն յետոյ վերադարձաւ ու ըսաւ. «Ան զինուորական յանցագործ է»:

Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտնեց, որ նախագահ Պայտըն «իր սրտով կը խօսէր»` պատկերասփիւռէն տեսնելէ ետք «վայրագ բռնատէրի մը այլ երկիր մը ներխուժելով գործած բարբարոս արարքները»:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ իր երկիրը Պայտընի խօսքը կը նկատէ «անընդունելի եւ աններելի խօսք մը նախագահի կողմէ պետութեան մը, որուն ռումբերը աշխարհի տարածքին հարիւր հազարաւոր մարդիկ սպաննեցին»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ այժմ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ աշխուժ բանակցային հոլովոյթ չկայ, հաղորդակցութիւնները կէտ առ կէտ են: «Հիմա որեւէ աշխուժ բանակցային հոլովոյթ, բնականաբար, ինչպէս կը տեսնէք, չկայ: Մենք առանձին հաղորդակցութիւններ ունինք առանձին ծագող խնդիրներու շուրջ: Նոյնիսկ ոչ թէ խնդրայարոյց հարցերու, այլ խնդիրներու, կէտ առ կէտ հաղորդակցութիւններ են: Այդքան բան», ըսած է Զախարովա` «Սոլովիով Լայվ» «ԵուԹիուպ»-եան ալիքի եթերէն:

Նախապէս Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով նշած էր, որ Մոսկուան պատրաստ է Ուաշինկթընի հետ վերսկսելու անվտանգութեան հարցերու շուրջ երկխօսութեան, եթէ ամերիկացիներ ատոր պատրաստ են:

 

Նախորդը

«Ռուսիոյ Պատուիրակութիւնը Պատրաստ Է Ամբողջ Օրուան Տեւողութեամբ Բանակցութիւններու, Սակայն Քիեւի Ձգտումը Տեսանելի Չէ» Կ՛ըսէ Փեսքով

Յաջորդը

Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգներն Ու Իրանը Հիւլէական Գործարքի Վերակենդանացման Շուրջ Փոխադարձ Հասկացողութեան Հասնելու Մօտ Են»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.