Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանն Ու Իրանը «Զանգեզուր»-ի Միջանցքի Բացման Վերաբերեալ Փաստաթուղթ Ստորագրած Են

March 15, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանն ու Ազրպէյճանը ստորագրած են համաձայնութեան մասին յուշագիր Իրանի տարածքով Նախիջեւանի եւ, այսպէս կոչուած, «Արեւելեան Զանգեզուր»-ի տնտեսական գօտիին միջեւ հաղորդակցութեան նոր կապերու ստեղծման վերաբերեալ: «Երկիր» կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ «Քոքասըս Ուաչ»-ը:

Արցախի 75 առ հարիւրին բռնագրաւումէն ետք, Ազրպէյճանը Կովսականի, Քաշաթաղի եւ Քարվաճառի շրջանները յայտարարեց «Արեւելեան Զանգեզուր»` հետագայ նկրտումներ որդեգրելով նաեւ Սիւնիքի նկատմամբ, որ ըստ իրենց, «Արեւմտեան Զանգեզուր»-ն է:

Փաստաթուղթը ստորագրուած է 11 մարտին Պաքուի մէջ` Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի եւ Իրանի ճանապարհաշինութեան եւ քաղաքաշինութեան նախարար Ռոսթամ Քասեմիի կողմէ:

Ըստ Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի, յուշագիրի ստորագրութիւնը պատմական իրադարձութիւն է: «Նախիջեւանի նկատմամբ պոյքոթ կիրարկելու` Հայաստանի երկարամեայ քաղաքականութիւնը այս ծրագիրի իրագործման շնորհիւ պիտի դադրի: Ազրպէյճանի երկու շրջաններուն` Նախիջեւանի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի միջեւ պիտի կառուցուի ճանապարհային, երկաթուղային եւ ելեկտրական հաղորդակցութիւն` Իրանի տարածքով», նշած է ան:

Ըստ Հաճիեւի, «այդ ծրագիրը պիտի փոխէ շրջանի փոխադրահաղորդակցային տարածքը, ատիկա Ազրպէյճանին պիտի կապէ Թուրքիան եւ Իրանը` հիմ դնելով նոր եւրասիական միջանցքի»:

Ըստ Քասեմիի, երկու երկիրներուն միջեւ շարք մը ոլորտներու մէջ համագործակցութեան առումով ստորագրուած է ճանապարհային քարտէս: Ան նշած է, որ իրանեան կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն է իր դրացիներուն հետ յարաբերութիւններու բարելաւումը:

Ասոր զուգահեռ, ազրպէյճանցի ղեկավարի` Անգարա կատարած այցելութեան ընթացքին Ազրպէյճանն ու Թուրքիան համաձայնած են արագացնելու Նախիջեւանէն Կարս երկաթուղիի կառուցման աշխատանքները, ինչ որ արդէն անիմաստ եւ երկրորդական պիտի դարձնէ Գիւմրիէն Կարս ելքը: Այնպէս ինչպէս կը նշէ «Քոքասըս Ուաչ»-ը, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը ամբողջութեամբ կախեալ պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի հետ հարցերէն:

Ազրպէյճանցի քաղաքագէտ Ահմետ Ալիլի ուշադրութեան հրաւիրած է Ազրպէյճանի նախագահի` Իրանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30-ամեակին յղած նամակին: «Հաստատ, մեր հինաւուրց, պատմական տարածքներու ազատագրումով իրանա-ազրպէյճանական պետական սահմանի վերականգնումը ստեղծած է բարենպաստ պայմաններ տարբեր ոլորտներու մէջ ներուժի ամբողջական օգտագործման, ճանապարհային հաղորդակցութեան միջանցքներու ծրագիրներու միացեալ իրականացման համար: Այդ առնչութեամբ պիտի ուզէի ընդգծել Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կնքուած յուշագիրը` «Արեւելեան Զանգեզուրի եւ Նախիջեւանի միջեւ հաղորդակցութեան վերականգնման վերաբերեալ». ասիկա կը նշանակէ, որ այլեւս չկայ Զանգեզուրի միջանցք, որ պիտի անցնի Հայաստանի հարաւային շրջաններով», եզրափակած է ան:

Ազրպէյճանցի մէկ այլ քաղաքագէտ` Ֆարհատ Մամետով կը նշէ, որ այսպիսով, Ազրպէյճանը իրեն համար լուծած է մէկ կարեւոր սկզբունքային հարց` «ցամաքային ելք դէպի Նախիջեւան, այնտեղէն ալ Թուրքիա` առանց Հայաստանի համար հաղորդակցութեան ճամբաներու բացման»: «Ասիկա շատ կարեւոր տարր է, որովհետեւ հաղորդակցութեան ճամբաներու բացումը պիտի նշանակէ հաղորդակցութեան բոլոր տեսակներու բացում: Այժմ Ազրպէյճանը նման պարտաւորութիւններ չունի, եւ Իրան ստիպուած է Պաքուէն խնդրել` իր տարածքով բանալ դէպի Իրան եւ Ռուսիա երկաթուղի, ինչպէս նաեւ օգտուիլ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիէն»:

«Եթէ առաջ հաղորդակցութիւններու բացումը Հայաստանի համար եղած է Զանգեզուրի միջանցքի բացման դիմաց, ապա այժմ պայմանները այլ պիտի ըլլան, հաւանաբար` խաղաղութեան համաձայնագիր` տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման դիմաց», նշած է Մամետով:

 

 

 

 

Նախորդը

«Իրաք Պէտք Է Իր Հողերուն Իրանի Անվտանգութիւնն Ու Կայունութիւնը Վտանգելու Համար Օգտագործումը Արգիլէ» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

Յաջորդը

Ռուսիա-Ուքրանիա Բանակցութիւններուն Մէջ «Թեքնիք Դադար»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.