 Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց, որ Վիեննայի մէջ հիւլէական գործարքին շուրջ բանակցութիւններու ժամանակաւոր դադրեցումը չի նշանակեր, թէ բանակցութիւնները անելի մատնուած են: Ան ըսաւ, որ Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ ստեղծուած ներկայ կացութեան պատասխանատուն Ուաշինկթընն է, եւ Ուաշինկթըն պէտք է անհրաժեշտ որոշումը որդեգրէ:

«Պէտք է Ռուսիոյ երաշխիքներու պահանջները քննարկել հիւլէական համաձայնութեան միացեալ յանձնախումբի աշխատանքի ծիրին մէջ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Իրանի կողմէ Էրպիլի հրթիռակոծման` «մենք իրաքցի պաշտօնատարները նախապէս զգուշացուցինք, որ պիտի չընդունինք, որ Իրաքը մեր անվտանգութիւնն ու շահերը վտանգող կեդրոն մը ըլլայ», յայտարարեց Խաթիպզատէ` նշելով. «Իրաք պէտք է իր հողերուն Իրանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը վտանգելու համար օգտագործումը արգիլէ»:
Մինչ այդ, Իրաքի վարչապետի գրասենեակի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն կիրակի գիշեր հեռաձայնած է Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազեմիի: Անոնք քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, շրջանային եւ միջազգային կացութիւնները, ինչպէս նաեւ տեսակէտներ փոխանակած են տագնապները լուծելու եւ կայունութիւն հաստատելու լաւագոյն կարելիութիւններուն շուրջ` մեկնելով իրաքցի ժողովուրդի, շրջանի եւ աշխարհի ժողովուրդներու շահերէն:
Ըստ հաղորդագրութեան, Պլինքըն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին Իրաքին եւ կ՛աջակցին անոր անվտանգութեան ու գերիշխանութեան:
Քազեմի իր կարգին նշած է, որ իր կառավարութիւնը պիտի որդեգրէ բոլոր քայլերը, որոնք կ՛ամրապնդեն իրաքեան պետութեան գերիշխանութիւնը եւ զայն կը պաշտպանեն որեւէ յարձակումէ կամ ոտնահարումէ:
«Կարելի չէ արտօնել, որ Իրաքը արտաքին հաշիւներ մաքրելու բեմի վերածուի», շեշտած է Իրաքի վարչապետը` նշելով. «Իրաք կը շարունակէ իր միջազգային եւ շրջանային ազդու դերակատարութիւնը ամրապնդելու»: