Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիա-Ուքրանիա Բանակցութիւններուն Մէջ «Թեքնիք Դադար»

Մարտ 15, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններուն մէջ մինչեւ վաղը «թեքնիք դադար» պիտի ըլլայ: Այս մասին յայտարարեց ուքրանական պատուիրակութեան բանբեր, Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Միխայլօ Փոտոլիաք:

«Բանակցութիւններուն մէջ մինչեւ վաղը թեքնիք դադար առնուած է: Աշխատանքային ենթախումբերուն մէջ լրացուցիչ աշխատանքի եւ առանձին սահմանումներ յստակացնելու համար: Բանակցութիւնները կը շարունակուին», Փոտոլիաք գրեց «Թելեկրամ»-ի վրայ:

Փոտոլիաք նախքան այդ յայտնած էր, որ Ռուսիա-Ուքրանիա բանակցութիւններու 4-րդ փուլը պիտի կեդրոնանայ «զինադադարի, ուժերու հեռացման եւ (Ուքրանիոյ պահանջած) անվտանգութեան երաշխիքներուն վրայ»: Ան նշեց, որ Ուքրանիոյ ապագայ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ բանակցելէ առաջ զինադադարի հաստատման կեցուածքը «չէ փոխուած»: Ան աւելցուց, որ Ռուսիան «տակաւին այն պատրանքը կ՛ապրի, թէ խաղաղ քաղաքներուն դէմ 19-օրեայ բռնարարքները ճիշդ ռազմավարութիւնն է»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Ուենտի Շըրմըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ կողմէ կը տեսնէ բանակցութիւնները «իրապէս լրջօրէն» վարելու պատրաստակամութեան որոշակի նշաններ: Ան «Ֆոքս» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նկատուող յառաջընթացը առնչեց Ռուսիոյ վրայ բանեցուող «հսկայական ճնշումին»:

Ան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը մեղադրեց «Ուքրանիան ոչնչացնելու» մտադրութիւն ունենալու մէջ եւ յայտարարեց բոլոր միջոցներով ուքրանացիներուն օգնելու անհրաժեշտութեան մասին:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի երէկ խօսքը ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներուն ուղղելով շեշտեց. «Եթէ մեր երկինքը չփակէք, ռուսական հրթիռներուն ձեր հողերուն, ՕԹԱՆ-ի հողերուն վրայ իյնալը պարզապէս ժամանակի հարց պիտի ըլլայ»:

«Ռուսիոյ հետ բարդ բանակցային աշխատանքին մէջ մեր նպատակն է, որ Ուքրանիան ստանայ պահանջուած արդիւնքը, որ մեզի անհրաժեշտ է: Խաղաղութեան համար, անվտանգութեան համար, մինչեւ որ բնական եւ ազդու երաշխիքներ ունենանք», ըսաւ Զելենսքի:

«Մեր պատուիրակութիւններուն ներկայացուցիչները ամէն օր իրարու հետ կը խօսին տեսակապի միջոցով, եւ մեր պատուիրակութիւնը ունի յստակ առաքելութիւն մը` ամէն ինչ ընել, որպէսզի իմ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ հանդիպում կայանայ, եւ վստահ եմ, որ մարդիկ այդ հանդիպումին կը սպասեն», նշեց ան:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական բանակի յատուկ գործողութիւնը կ՛ընթանայ ըստ նախնական ծրագիրին եւ պիտի աւարտի ճշդուած ժամանակին ու ամբողջովին:

Միւս կողմէ, Խրիմի Հանրապետութեան` Ռուսիոյ նախագահին առընթեր մնայուն ներկայացուցիչ, Խրիմի կառավարութեան փոխվարչապետ Կէորկի Մուրատով յայտնեց, որ Ուքրանիոյ մէջ յատուկ գործողութեան ծիրին մէջ Խրիմն ու Տոնպասը կարելի եղած է կապել ցամաքային միջանցքով:

«Ուքրանիոյ տարածքով անցնող ցամաքային միջանցք` այժմ կը կապէ Խրիմն ու Տոնպասը: Վերահսկողութեան տակ վերցուած է Խրիմէն մինչեւ Մարիուփոլ ինքնաշարժի ճամբան», ըսաւ Մուրատով:

Անոր համաձայն, որովհետեւ տակաւին ուքրանացի ազգայնականներու դէմ մարտեր կ՛ընթանան, ինքնաշարժի մայրուղին կրնայ օգտակար ըլլալ Տոնեցքի ժողովրդային հանրապետութեան ազատագրուած շրջաններու բնակչութեան մարդասիրական բնոյթի բեռներ մատակարարելու համար:

«Այդ ճամբան կրնայ դառնալ Խրիմի համար կարեւոր մայրուղի, որ թերակղզին պիտի կապէ Մարիուփոլի` Մերձազովեան շրջանի երկաթագործական կեդրոնին եւ Տոնպասի արդիւնաբերական շրջանին հետ: Խորհրդային տարիներուն այդ հաստատուն ծածկոյթով մայրուղին կ՛ապահովէր Եւպատորիայէն Մարիուփոլի ճամբով դէպի Տոնեցք տնտեսական բեռներու միջանցիկ փոխադրումը», ընդգծեց ան:

Նախորդը

Ազրպէյճանն Ու Իրանը «Զանգեզուր»-ի Միջանցքի Բացման Վերաբերեալ Փաստաթուղթ Ստորագրած Են

Յաջորդը

Չաւի. «Նոյնիսկ Եթէ Յաղթենք Ռէալ Մատրիտին, Շատ Դժուար Պիտի Ըլլայ Տիրանալ Ախոյեանութեան Տիտղոսին»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?