Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին. «Ուքրանիոյ Մէջ Ապառազմականացուած Երկիր Ստեղծելու Միտքը Կրնայ Փոխզիջում Նկատուիլ»

Մարտ 17, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտարարեց. «Ուքրանիոյ մէջ Աւստրիոյ կամ Շուէտի օրինակով սեփական բանակի հետ ապառազմականացուած երկիր ստեղծելու գաղափարը կրնայ իբրեւ փոխզիջում նկատուիլ»:

«Ասիկա տարբերակ մըն է, որ այժմ իսկապէս կը քննարկուի, եւ որ կրնայ իբրեւ փոխզիջում նկատուիլ», լրագրողներուն ըսաւ Փեսքով:

Ուքրանիա-Ռուսիա բանակցութիւններուն մէջ Ռուսիոյ պատուիրակութեան ղեկավար, նախագահի օգնական Վլատիմիր Մետինսքի իր կարգին յայտնեց, որ Քիեւը բանակցութիւններուն մէջ կ՛առաջարկէ Ուքրանիոյ մէջ ստեղծել ապառազմականացուած պետութեան աւստրիական կամ շուէտական տարբերակը, որ ունի իր սեփական բանակը:

Ան ըսաւ, որ Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւնները ծանր եւ դանդաղ կ՛ընթանան, սակայն Ռուսիան անկեղծօրէն կը ձգտի կարելի եղածին չափ շուտ խաղաղութեան հասնիլ:

Մետինսքիի համաձայն, բանակցային խումբի գլխաւոր խնդիրն այն է, որ մեծաթիւ բարդ հարցերու մէջ գտնեն այնպիսիները, որոնց շուրջ կարելի է համաձայնութեան հասնիլ, անոնց վրայ յենիլ, այդ հասարակաց հարցերը բերել օրակարգ եւ աստիճանաբար, քայլ առ քայլ հասնիլ արդիւնքի` խաղաղութեան հաստատման:

«Հաւատացէք, որ մեր պետութեան ձգտումը եւ այն խնդիրը, որ նախագահը դրած է, Ուքրանիոյ հողին վրայ խաղաղութեան հասնիլն է, ատիկա խաղաղ, մեր նկատմամբ չէզոք, բարեկամական պետութիւնն է, որ ՕԹԱՆ-ի ուժերու տեղակայման վայր չէ, անիկա առջեւի դիրք չէ այնպիսի ուժերու, որոնք կ՛ուզեն մեր երկրին վնաս հասցնել… Մեզի պէտք է խաղաղ, ազատ, չէզոք եւ անկախ Ուքրանիա, կ՛ուզենք, որ համաձայնութիւնը սերունդներու համար ըլլայ, որպէսզի մեր երեխաներն ալ խաղաղ ապրին», շեշտեց ան:

«Ապանացիականացման նիւթը եւ պատիժի խստացումը, նախ եւ առաջ, նացիականացման հերոսացման, նոր նացիականութեան, անոնց հիման վրայ ծայրայեղականութեան համար պատիժներու նիւթը առաջուան պէս օրակարգին վրայ կարեւոր կէտ է», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահի օգնականը:

Մետինսքի բացատրելով, թէ ինչո՛ւ որոշուած է բանակցութիւնները կատարել առցանց տարբերակով, յայտնեց. «Որովհետեւ գումակային դասաւորումները շատ բարդ են, որոշեցինք ժամանակն ու միջոցները խնայել, խուսափիլ գիշերանց Պիելոռուսիա մեկնելէ եւ սահմանափակուիլ տեսաժողովի ձեւաչափով ամէնօրեայ աշխատանքով», ըսած է ան:

Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի տնօրէնի խորհրդական եւ Ռուսիոյ հետ բանակցող ուքրանական պատուիրակութեան անդամ Միխայլօ Փոտոլիաք յայտարարեց, որ իր երկիրը կը մերժէ Շուէտի կամ Աւստրիոյ օրինակով չէզոք ըլլալ: «Ուքրանիան ներկայիս Ռուսիոյ հետ ուղղակի պատերազմի վիճակի մէջ է, ուստի ուքրանական բնորդէն բացի այլ բնորդ չի կրնար ըլլալ, եւ այդ ալ բացառապէս իրաւական կերպով ամրագրուած անվտանգութեան երաշխիքներ տալով, եւ չի կրնար այլ բնորդ կամ ընտրանք ըլլալ», ըսաւ ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւնները դժուար կ՛ընթանան, սակայն «փոխզիջման որոշակի յոյս գոյութիւն ունի»` նշելով, որ իր մօտ նման կարծիք ձեւաւորուած է` հիմնուելով ռուսական պատուիրակութեան անդամներու գնահատականներուն վրայ:

«Նման գնահատականներ կը հնչեցնեն նաեւ ուքրանական պատուիրակութեան որոշ անդամներ, ներառեալ նախագահ Զելենսքիի աշխատակազմի աշխատակիցները», ըսաւ ան:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի իր կարգին երեքշաբթի գիշեր հեռարձակուած ուղերձի ընթացքին յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները դժուար կ՛ընթանան, սակայն կարեւոր են, որովհետեւ որեւէ պատերազմ համաձայնագիրով կ՛աւարտի: «Ինծի տեղեկացուցած են, որ բանակցութիւններու ընթացքին աւելի իրատեսական մօտեցումներ կը հնչեն: Ամէն պարագայի, յաւելեալ ժամանակ պիտի պահանջուի, որպէսզի տրուող որոշումները բխին Ուքրանիոյ շահերէն», աւելցուցած էր ան:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց. «Գործողութեան սկիզբէն ի վեր Քիեւի իշխանութիւններուն տարբեր խողովակներով առաջարկուած էր ոչ թէ մարտական գործողութիւններու մէջ մտնել, այլ պարզապէս Տոնպասէն դուրս բերել զօրքերը: Զուզեցին: Ինչ ընենք, ատիկա իրենց որոշումն է: Գիտակցումը, թէ երկրին վրայ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, անխուսափելի պիտի ըլլայ»:

Ռուսիոյ նախագահը յայտարարեց, որ գործողութիւնը յաջողութեամբ կը զարգանայ` նախապէս հաստատուած ծրագիրին խիստ համապատասխան:

Սպիտակ տունը երէկ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Ռուսիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւին կոչ ուղղած է «անմիջապէս դադրեցնելու յարձակումները, եթէ Ռուսիան երկխօսութեան նկատմամբ լուրջ է»` զգուշացնելով «Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ կողմէ քիմիական կամ կենսաբանական զէնքերու օգտագործման հետեւանքներէն»:

Մոսկուայի պատրիարքարանի արտաքին եկեղեցական կապերու վարչութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլը եւ Ֆրանչիսկոս պապը երէկ քննարկած են Ուքրանիոյ կացութիւնը: Առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուած է ներկայ ճգնաժամի մարդասիրական խնդիրներուն եւ անոնց յաղթահարման ուղղուած երկու եկեղեցիներու քայլերուն:

Հոգեւոր պետերը ընդգծած են ընթացող բանակցային հոլովոյթին բացառիկ կարեւորութիւնը` խաղաղութեան շուտափոյթ ձեռքբերման յոյս յայտնելով: Ֆրանչիսկոս պապն ու Քիրիլ պատրիարքը քննարկած են նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան շարք մը ընթացիկ հարցեր:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Միջազգային արդարադատութեան դատարանը երէկ քննարկելէ ետք Ուքրանիոյ` Ռուսիոյ դէմ ներկայացուցած բողոքը, Ռուսիոյ հրամայեց Ուքրանիոյ մէջ իր զինուորական գործողութիւնները դադրեցնել:

Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ ազգային պահակագունդը իր պաշտպանութեան տակ առած է Ուքրանիոյ Քախովսքայա հիւլէական ուժանիւթի կայանը, որ ռազմավարական կառոյց է: Կ՛ընդգծուի, որ ուքրանական կողմը ելեկտրակայանը «յանձնած է առանց մարտի, տեղւոյն ռազմականացուած անվտանգութեան ծառայութիւնը վար դրած է զէնքը եւ գացած տուն»:

«Ռուսիոյ ազգային պահակագունդի գումարտակ-մարտավարական խումբը Ռուսիոյ զինեալ ուժերու զինուորներուն հետ միասնաբար յաջողութեամբ պատասխանած է գրաւելու փորձ կատարող նոր նացիներու յարձակումներուն` անձնակազմի կորուստ չտալով: Որովհետեւ Տնեփրի ճամբով Զափորոժիէէն մինչեւ Նովայա Քախովքա միակ անցակէտը Քախովսքայա հիւլէական ելեկտրակայանին ճամբով է, ատով միջանցք բացուած է: Այժմ գաղթականները կրնան տուն վերադառնալ», նշած են Ռուսիոյ ազգային պահակագունդէն:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Փութինը Պատերազմական Ու Մարդկութեան Դէմ Ոճիրներով Ամբաստանող Որոշում Մը Որդեգրեց

Յաջորդը

7,3 Աստիճան Ուժգնութեամբ Երկրաշարժ Մը Հարուածեց Ճափոնը

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?