Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զելենսքի. «Ուքրանիան ՕԹԱՆ-ի Անդամ Պիտի Չդառնայ, Մենք Ատիկա Պէտք Է Խոստովանինք»

March 16, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Ալեքսէյ Արեսթովիչ երէկ յայտնեց. «Կը կարծեմ` մայիսէն ոչ ուշ, մայիսի սկիզբ, ըստ ամենայնի, պէտք է հաշտութեան համաձայնագիրի հասնինք, կամ, թերեւս նաեւ աւելի շուտ: Տեսնենք. ամէնէն ուշ ժամկէտը կը նշեմ: Հիմա կա՛մ մէկ-երկու շաբթուան ընթացքին արագ հաշտութեան համաձայնագիր պիտի կնքուի` զօրքի դուրս բերումով եւ մնացեալով, կա՛մ յառաջիկային պիտի համաձայնինք` մինչեւ մայիսի վերջ բանակցութիւններու հերթական փուլէն, պատերազմելու փորձէն ետք», «ԵուԹիուպ»-ի լրագրող Մարք Ֆէյկինի ալիքի եթերէն ըսաւ Արեսթովիչ:

Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները իրենց դաշնակիցներուն հետ «ջախջախած են» Ռուսիոյ տնտեսութիւնը: «Վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ, հարցումը պէտք է ուղղուի Փութինին: Մենք ամբողջութեամբ ջախջախեցինք անոր տնտեսութիւնը», ըսաւ Փսաքի:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտընի եւ արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի, պաշտպանութեան նախարարին, նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատուին, «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնին, նախկին արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի ու այլոց դէմ պատժամիջոցներու հաստատումը յայտարարեց: Մոսկուան այդպիսով հակադարձեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի եւ այլոց դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ յայտարարեց, որ պատժամիջոցներ կը հաստատէ Քանատայի վարչապետին, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներուն դէմ, ինչպէս նաեւ քանատացի աւելի քան 300 օրէնսդիրներու դէմ:

«Սփութնիք Արմենիա» հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի «Միացեալ արշաւային ուժ»-ի երկիրներու ղեկավարներուն հետ առցանց ձեւաչափով հանդիպումի ընթացքին յայտնած է այն կարծիքը, որ Ուքրանիան ՕԹԱՆ-ի անդամ պիտի չդառնայ, եւ ատիկա պէտք է ընդունիլ:

«Տարիներ շարունակ մենք լսած ենք իբրեւ թէ բաց դռներու մասին, սակայն արդէն տեղեկացած ենք նաեւ, որ մենք այնտեղ մուտք պիտի չգործենք: Ատիկա ճշմարտութիւն է, որ պէտք է ընդունիլ», ըսած է ան:

Ուքրանիոյ նախագահը անգամ մը եւս ՕԹԱՆ-ին կոչ ուղղած է փակելու Ուքրանիոյ օդային տարածքը, սակայն միեւնոյն ժամանակ աւելցուցած է, որ Քիեւի մէջ կը հասկնան, թէ ատիկա ի՛նչ հետեւանքներու կրնայ յանգեցնել: Ան միաժամանակ «ինքնահիփնոս» կոչած է դաշինքի անդամներու Համաշխարհային Գ. պատերազմի սպառնալիքի վերաբերեալ մտավախութիւնները:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշենքով յայտնեց, որ ռուսական ուժերը 15 մարտի գիշերը իրենց ամբողջական վերահսկողութեան տակ առած են Խերսոնի ամբողջ շրջանը:

Ան աւելցուց, որ Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութեան զօրքերու յարձակողական խմբաւորումը ճեղքած է ուքրանացի ազգայնականներու պաշտպանութիւնը եւ գրաւած Փանելէյմոնովքա բնակավայրը` դէպի Վերխնեթորեցքոյէ-Նովոսելովքա 2 ելքով:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Չինաստանի Ներկայացուցիչները Նախազգուշացուցած Են Ռուսիոյ Աջակցելու Հետեւանքներէն

Յաջորդը

Ապտոլլահեան Մոսկուայի Մէջ Հանդիպելով Լաւրովին` Անոր Յանձնած Է Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին Ուղերձը

RelatedPosts

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Մեքքայի Մէջ Թուրքիա – Սէուտական  Արաբիա – Փաքիստան Պաշտպանութեան  Համաձայնագիր
Միջազգային

Ըստ «Թիւրքիէ» Օրաթերթին. Թուրքիան Կրնայ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 8, 2026
Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.