Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ Ռուսիոյ պատուիրակութիւնը պատրաստ է Ուքրանիոյ հետ ամբողջ օրուան տեւողութեամբ բանակցութիւններու, սակայն Քիեւի կողմէ ցանկութիւն չի նկատուիր: «Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս կրկնել, մեր պատուիրակութիւնը` Մետինսքիի գլխաւորութեամբ, փորձագէտներու եւ համապատասխան նախարարութիւններու մասնակցութեամբ, պատրաստ է ամբողջ օրուան տեւողութեամբ աշխատիլ, եւ մենք կը ցուցադրենք այդ պատրաստակամութիւնը: Դժբախտաբար, մենք ուքրանական կողմէն նման ձգտում չենք տեսներ», ըսաւ Փեսքով:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց. «Թուրքիան չէ ըսած, թէ ոչ մէկ պարագայի Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ պիտի հաստատէ, այնպէս չէ, որ երկիրը անոնց չի մասնակցիր: Թուրքիան կը կատարէ ՄԱԿ-ի պատժամիջոցներուն վերաբերեալ իրմէ կախեալ ամէն ինչ»:
Աքար ըսաւ, որ անհրաժեշտ է անյապաղ զինադադար հաստատել եւ միեւնոյն ժամանակ սկսիլ քաղաքական դիւանագիտական երկխօսութիւնները: Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, թէ Թուրքիան Ուքրանիոյ խնդրանքներուն պիտի պատասխանէ՞, թէ՞ ոչ, Աքար ըսաւ, որ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու պատճառով պէտք է այս հարցին մէջ շատ զգուշ ու զգօն ըլլալ:
Աքար նշեց, որ այս կացութեան մէջ բոլոր կողմերը պէտք է յարգեն Մոնթրէոյի հռչակագիրը. ատոր խախտումը որեւէ կողմի օգուտ պիտի չբերէ:
«Այս հարցին մէջ մինչեւ հիմա բոլոր կողմերը գործած են հռչակագիրին համապատասխան: Միշտ ըսած ենք` Մոնթրէոն բոլոր կողմերուն համար օգտակար է», նշեց ան:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ ռուսական կողմը ուքրանացի զինուորներու հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է Չեռնոպիլի հիւլէական կայանին մէջ միացեալ անվտանգութեան շուրջ: Ան մանրամասնեց, որ երկիրները միասնաբար պիտի վերահսկեն անոր սարքերու անվտանգութեան:
«Ռուս զինուորները վերահսկողութեան տակ առած են Չեռնոպիլի հիւլէական կայանը այնպիսի ձեւով, որ չվնասեն անոր անվտանգութեան», ըսաւ ան:
Զախարովա վստահեցուց, որ ռուսական կողմը այս կառոյցի անվտանգութիւնը ապահովելու համար մտադիր է շարունակել ջանքերու գործադրումը:


