Ճափոնի հիւսիս-արեւելքին մէջ, Խաղաղական ովկիանոսի եզրին գտնուող Միակի եւ Ֆուքուշիմա շրջաններուն մօտ երէկ ժամը 15:36-ին հզօր երկրաշարժ մը տեղի ունեցած է: Ճափոնի գլխաւոր օդերեւութաբանական վարչութիւնը յայտնեց, որ երկրաշարժին ուժգնութիւնը 7,3 աստիճան էր: Վարչութիւնը 1 մեթր բարձրութեամբ ծովաշարժի ալիքներէ զգուշացուց:
Լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ հզօր երկրաշարժին պատճառով մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ ելեկտրականութեան մատակարարումը ընդհատուած է: