Միջազգային

«Իսրայէլի Վարչապետը Կը Փորձէ Ռուսիոյ Հետ  Բանակցելու Ուղի Մը Գտնել, Եւ Երուսաղէմը  Խաղաղութիւն Հաստատելու Յարմար Վայրն Է»  Կ՛ըսէ Զելենսքի

«Իսրայէլի Վարչապետը Կը Փորձէ Ռուսիոյ Հետ Բանակցելու Ուղի Մը Գտնել, Եւ Երուսաղէմը Խաղաղութիւն Հաստատելու Յարմար Վայրն Է» Կ՛ըսէ Զելենսքի

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց. «Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ կը փորձէ Ռուսիոյ հետ բանակցելու ուղի մը գտնել, եւ մենք շնորհակալ ենք անոր բոլոր ջանքերուն համար, որպէսզի ուշ կամ կանուխ կարենանք Ռուսիոյ հետ քննարկումին սկսիլ: Թերեւս Երուսաղէմի մէջ: Անիկա խաղաղութիւն հաստատելու յարմար վայրն է, եթէ ատիկա կարելի է»: «Ռուսական քարոզչութեան ջատագովները դժուար առաքելութիւն մը ունին, որովհետեւ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով...

«Ո՛չ Քիեւը, Ո՛չ Մարիուփոլը, Ո՛չ Ալ Խարքովը  Պիտի Յանձնենք Ռուսիոյ, Եւ Իրենց Շանթաժը  Պիտի Չընդունինք, Թող Նախ Մեզ Ձերբակալեն»  Կ՛ըսէ Զելենսքի

«Ո՛չ Քիեւը, Ո՛չ Մարիուփոլը, Ո՛չ Ալ Խարքովը Պիտի Յանձնենք Ռուսիոյ, Եւ Իրենց Շանթաժը Պիտի Չընդունինք, Թող Նախ Մեզ Ձերբակալեն» Կ՛ըսէ Զելենսքի

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց, որ իր երկիրը Ռուսիոյ նախապայմանները պիտի չընդունի, «եւ անոնք մեզ այդ նախապայմաններուն հետ շանթաժի կ՛ենթարկեն»: «Ռուսերը մեր վրայ կը յարձակին, ապա մեզի շանթաժի կ՛ենթարկեն եւ նախապայմաններ կը ներկայացնեն», ըսաւ ան` շեշտելով. «Շանթաժը պիտի չընդունինք, շատ բան զոհեցինք, ուստի նախ մեզ թող ձերբակալեն»: Ուքրանիոյ նախագահը նշեց, որ իր երկիրը ո՛չ Քիեւը, ո՛չ Մարիուփոլը, ո՛չ ալ Խարքովը...

Միացեալ Նահանգներ.  «ՕԹԱՆ-ի Անդամ Երկիրները  Կրնան Ուքրանիա Զօրք Ուղարկել»

Միացեալ Նահանգներ. «ՕԹԱՆ-ի Անդամ Երկիրները Կրնան Ուքրանիա Զօրք Ուղարկել»

ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները կրնան որոշել Ուքրանիա զօրք ուղարկել, թէեւ Միացեալ Նահանգները իրենց զօրքերը պիտի չուղարկեն: Այս մասին «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Լինտա Թոմաս-Կրինֆիլտ: «Կրնամ ըսել, որ ամերիկեան զօրքերը այս պահուս Ուքրանիոյ տարածքին մէջ պիտի չըլլան: Նախագահը (Ճօ Պայտընը) ատիկա յստակօրէն ըսած է, սակայն ՕԹԱՆ-ի միւս երկիրները կրնան որոշել, որ կ՛ուզեն Ուքրանիա զօրք ուղարկել:...

Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկած Են  Եռակողմ Յայտարարութիւններուն  Գործադրութիւնը

Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկած Են Եռակողմ Յայտարարութիւններուն Գործադրութիւնը

Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ճէյհուն Պայրամովն ու Սերկէյ Լաւրովը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Ազրպէյճանական պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հաղորդումով` կողմերը քննարկած են շրջանի ներկայ կացութիւնը, ներառեալ 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններուն գործադրութեան հարցը: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին նախարարները միտքեր փոխանակած են Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած կացութեան, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ: Ռուսիոյ արտաքին...

Ուաշինկթըն Նաւալնիի Հարցով Ռուս  7 Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներու  Եւ 14 Կառոյցներու Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատեց

Ռուսիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Բողոքագիր Յանձնուած Է Պայտընի Խօսքերուն Պատճառով

Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Սալիվընը կանչած են արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ բողոքագիր յղած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի արտայայտութիւններուն պատճառով: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: Ըստ հաղորդագրութեան, դեսպանին ըսուած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի նման յայտարարութիւնները, որոնք յարիր չեն բարձր պաշտօն վարող պետական գործիչին, ռուս-ամերիկեան...

Իսրայէլեան Կառավարութիւնը Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Շրջանային  Պաշտպանութեան Ծրագիր Մը Վաւերացուց

Իսրայէլեան Կառավարութիւնը Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Շրջանային Պաշտպանութեան Ծրագիր Մը Վաւերացուց

Իսրայէլեան «Քան» հեռասփռումի մարմինը հաղորդեց, որ Իսրայէլի զինումի նախարարական յանձնախումբը հաւանութիւն տուաւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ շրջանային պաշտպանութեան ծրագիրի մը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը այդ քայլին դիմած է «Իրանի եւ Հըզպալլայի հետ անվտանգութեան կացութեան մագլցումին նկատմամբ մտավախութիւններու լոյսին տակ»: Յանձնախումբը հաւանութիւն տուաւ «Երկաթեայ գմբէթ» օդային պաշտպանութեան համակարգի ռատարներ եւ հրթիռներ գնել: Ըստ մարմինին, այդ ծրագիրը կը կրկնօրինակէ իսրայէլեան բանակի`...

Չինաստանի Հարաւը 131 Ճամբորդ  Փոխադրող Օդանաւ Մը Ջախջախուեցաւ

Չինաստանի Հարաւը 131 Ճամբորդ Փոխադրող Օդանաւ Մը Ջախջախուեցաւ

Չինաստանի հարաւը ջախջախուած է «Պոյինկ 737» տիպի ճամբորդատար օդանաւ մը: Այս մասին հաղորդեց Չինաստանի պետական պատկերասփիւռի կայանը: «Չայնա Իսթըռն Էրլայնզ» օդանաւային ընկերութեան «Պոյինկ 737» տիպի ճամբորդատար օդանաւը, որուն մէջ կը գտնուէին 133 ճամբորդներ, ջախջախուած է Չինաստանի Կուանսի-Չժուանի ինքնավար շրջանի Ուչժոու քաղաքային շրջանի Թեն գաւառին մէջ: Օդանաւի ջախջախուած վայրին մէջ անտառային հրդեհ բռնկած է:  

«Ազրպէյճանը Լայնածաւալ Աշխատանք Կը Տանի  Ղարաբաղի Եւ Արեւելեան Զանգեզուրի  Բարեկարգման Ուղղութեամբ»  Կ՛ըսէ Ալիեւ

«Ազրպէյճանը Լայնածաւալ Աշխատանք Կը Տանի Ղարաբաղի Եւ Արեւելեան Զանգեզուրի Բարեկարգման Ուղղութեամբ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է. «Ազրպէյճանը համակարգուած կերպով լայնածաւալ աշխատանք կը տանի Ղարաբաղի եւ արեւելեան Զանգեզուրի բարեկարգման ուղղութեամբ»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ան շեշտած է, որ իրենք ընդմիշտ վերադարձուցած են Ղարաբաղն ու արեւելեան Զանգեզուրը եւ «այսուհետեւ այստեղ պիտի ապրին»` զանոնք կոչելով իրենց «պատմական հողերը»:  

«Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր  Համաշխարհային Գ. Պատերազմի Սկսիլ  Կ՛ըսէ Փսաքի

«Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր Համաշխարհային Գ. Պատերազմի Սկսիլ Կ՛ըսէ Փսաքի

Միացեալ Նահանգներ չեն ուզեր Համաշխարհային Գ. պատերազմի սկսիլ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Ճեն Փսաքի: Նախապէս Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ դարձեալ կոչ ուղղած էր Ուքրանիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի ստեղծելու: Փսաքի նշած է, որ Ուաշինկթընի մերժումը առնչուած է Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան...

Թուրքիան Վճարած Է Ռուսիոյ  «Էս-400»-ի Մատակարարման Գինը

Ուաշինկթըն Կը Փորձէ Անգարան Համոզել Ռուսական «Էս-400» Համակարգերը Տալու Ուքրանիոյ

«Սքայ Նիուզ Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Ուաշինկթըն Անգարայի հետ կը բանակցի ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Ուքրանիոյ փոխանցելու եւ ատոր դիմաց Թուրքիոյ դէմ որդեգրուած սահմանափակումները վերցնելու շուրջ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ուաշինկթըն մասնաւորաբար կ՛առաջարկէ վերականգնել Թուրքիոյ մասնակցութիւնը «ԷՖ-35» հալածիչներու ստեղծման ու արտադրութեան ծրագիրին եւ ջնջել մնացեալ պատժամիջոցները: «Մենք Անգարայի հետ մշտապէս կը բանակցինք, կը համոզենք հրաժարիլ «Էս-400» համակարգերէն...

Գերմանիան Քաթարի Հետ Ուժանիւթի Մարզին Մէջ  Երկարաժամկէտ Գործընկերութիւն Ձեռք Բերած Է

Գերմանիան Քաթարի Հետ Ուժանիւթի Մարզին Մէջ Երկարաժամկէտ Գործընկերութիւն Ձեռք Բերած Է

Գերմանիան Քաթարի հետ ուժանիւթի մարզին մէջ երկարաժամկէտ գործընկերութիւն ձեռք բերած է: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Պերլին կը փորձէ այս ձեւով նուազ կախեալութիւն ունենալ ռուսական ուժանիւթէն` Մոսկուայի Ուքրանիա ներխուժումէն ետք: «Հակառակ անոր որ այս տարի մենք տակաւին ռուսական կազի կարիք պիտի ունենանք, ապագային սակայն ատիկա այլեւս պիտի չըլլայ: Եւ ասիկա միայն սկիզբն է», Տոհա իր այցելութեան ընթացքին ըսած է...

Չաւուշօղլու. «Մոսկուայի Եւ Քիեւի Շարք Մը  Կարեւոր Հարցերու Շուրջ  Դիրքորոշումները Մօտեցած Են, Սակայն  Քանի Մը Հատը Պէտք Է Լուծուի Նախագահներու Մակարդակով»

Չաւուշօղլու. «Մոսկուայի Եւ Քիեւի Շարք Մը Կարեւոր Հարցերու Շուրջ Դիրքորոշումները Մօտեցած Են, Սակայն Քանի Մը Հատը Պէտք Է Լուծուի Նախագահներու Մակարդակով»

Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ շարք մը կարեւորագոյն հարցերու շուրջ դիրքորոշումները մօտեցած են, սակայն անոնցմէ քանի մը հատը պէտք է լուծուի նախագահներու մակարդակով: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: Ան աւելցուցած է, որ Անգարայի համար կարեւոր է, որ Փութինի եւ Զելենսքիի հանդիպումը կայանայ, իսկ Թուրքիոյ մէ՞ջ, թէ՞ մէկ այլ երկրի մէջ, էական...

«Փութին Պէտք Է Ձախողի, Որովհետեւ Եթէ Յաղթէ,  Ուքրանիոյ Սահմաններուն Մէջ Կանգ Պիտի Չառնէ»  Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Վարչապետը

«Փութին Պէտք Է Ձախողի, Որովհետեւ Եթէ Յաղթէ, Ուքրանիոյ Սահմաններուն Մէջ Կանգ Պիտի Չառնէ» Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Վարչապետը

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն նշեց. «Մենք տասնամեակներէ ի վեր Եւրոպայի մէջ պատերազմ տեսանք, եւ պէտք է վստահ ըլլանք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի պարտութենէն»: «Փութին մեծ սխալ գործեց անմեղ երկիր մը ներխուժելով, եւ շատ լաւ կը գիտակցէր, թէ Ուքրանիան ՕԹԱՆ-ին պիտի չմիանայ», աւելցուց ան: «Ռուսիոյ նախագահը պէտք է ձախողի, որովհետեւ եթէ յաղթէ, Ուքրանիոյ սահմաններուն մէջ կանգ պիտի չառնէ, եւ կը կարծեմ,...

Չինաստան Կը Յայտարարէ, Որ Ուքրանիոյ  Պատերազմին Վերաբերեալ  Իր Դիրքորոշումը Կը Մնայ Անկախ

Չինաստան Կը Յայտարարէ, Որ Ուքրանիոյ Պատերազմին Վերաբերեալ Իր Դիրքորոշումը Կը Մնայ Անկախ

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Ին ըսած է, որ իր երկրին Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին վերաբերեալ դիրքորշումը կը մնայ «անկախ»: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Մենք չենք ընդունիր որեւէ արտաքին պարտադրանք եւ ճնշում, ինչպէս նաեւ դէմ ենք Չինաստանի հասցէին որեւէ անհիմն մեղադրանքի եւ կասկածի», ըսած է չինական դիւանագիտութեան պետը: Ան նշած է, որ խնդիրը լուծելու եւ եւրոպական ցամաքամասի կայունութիւն ապահովելու...

«Կը Դատապարտենք Հուսիներու Կողմէ  Սէուտական Արաբիոյ Եւ Արաբական  Միացեալ Էմիրութիւններուն Ռմբակոծումը»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Կը Դատապարտենք Հուսիներու Կողմէ Սէուտական Արաբիոյ Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Ռմբակոծումը» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետի հետ: Լաւրով հանդիպումի աւարտին մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ քննարկած են Ուքրանիոյ մէջ մարդասիրական կացութիւնն ու քաղաքայիններու տարհանման հարցը` նշելով, որ իր երկիրը կը շարունակէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնել: Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտարարեց. «Կը դատապարտենք հուսիներու...

«Հակառակ Պատժամիջոցներուն`  Ռուսիան Պիտի Գոյատեւէ»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Հակառակ Պատժամիջոցներուն` Ռուսիան Պիտի Գոյատեւէ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիան արդէն վարժուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմուտքի կողմէ կիրարկուող պատժամիջոցներուն: «Ռաշա Թուտէյ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Ան վստահեցուցած է, որ հակառակ պատժամիջոցներուն, Ռուսիան պիտի գոյատեւէ: Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ նախագահն ու կառավարութիւնը քայլեր կը մշակեն Ռուսիոյ տնտեսութեան ամրապնդման, աճի, տնտեսական ընթացքի ճշգրտման ուղղութեամբ` նոր պայմաններուն յարմարելու համար: «2014 թուականէն ետք...

Ալիեւ Հաստատած Է Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Բնական Կազի  Մատակարարումներու Մասին Յուշագիրը

Ալիեւ Հաստատած Է Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Բնական Կազի Մատակարարումներու Մասին Յուշագիրը

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հաստատած է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բնական կազի մատակարարումներու մասին յուշագիրը: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: «Հաստատուած է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բնական կազի մատակարարման մասին յուշագիրը: Նախագահ Իլհամ Ալիեւ այդ առնչութեամբ հրամանագիր ստորագրած է: Համաձայն հրամանագիրին, փոխըմբռնման յուշագիրի ուժի մէջ մտնելէն ետք ուժանիւթի նախարարութիւնը պէտք է ապահովէ ատոր կէտերուն գործադրութիւնը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:...

«Կարելի Չէ «Երկաթեայ Գմբէթ»-ը  Անմիջապէս Ուքրանիոյ Յանձնել»  Կ՛ըսէ Նուլընտ

«Կարելի Չէ «Երկաթեայ Գմբէթ»-ը Անմիջապէս Ուքրանիոյ Յանձնել» Կ՛ըսէ Նուլընտ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Վիքթորիա Նուլընտ յայտնեց. «Կարելի չէ «Երկաթեայ գմբէթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը անմիջապէս Ուքրանիոյ յանձնել, հակառակ Քիեւի այդ առնչութեամբ կատարած կոչերուն»: Նուլընտ Քոնկրեսի վերին պալատի` Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին լսումի նիստի ընթացքին աւելցուց. «Երկաթեայ գմբէթ» համակարգը ստանալու համար չես կրնար մատներդ կրծել: Հարցը անձնակազմի մարզումի, տեղակայման կարողութեան եւ բազմաթիւ այլ հարցերու կը կարօտի»: «Անոնց ցուցակին վրայ կան...

Ֆրանսա, Բրիտանիա Եւ Գերմանիա Կը Յայտարարեն.  «Իրանի Հետ Առեւտուրը Երաշխաւորելու Մոսկուայի  Պահանջները Կը Վտանգեն Գրեթէ Պատրաստ Եղող  Հիւլէական Գործարքի Կնքումը»

Ֆրանսա, Բրիտանիա Եւ Գերմանիա Կը Յայտարարեն. «Իրանի Հետ Առեւտուրը Երաշխաւորելու Մոսկուայի Պահանջները Կը Վտանգեն Գրեթէ Պատրաստ Եղող Հիւլէական Գործարքի Կնքումը»

Ֆրանսան, Բրիտանիան եւ Գերմանիան կը պնդեն, որ Իրանի հետ առեւտուրը երաշխաւորելու Մոսկուայի պահանջները կը վտանգեն գրեթէ պատրաստ եղող հիւլէական գործարքի կնքումը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ բանակցային հոլովոյթի մասնակից երեք երկիրներու միացեալ յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Ատիկա կը վտանգէ գործարքը` Իրանի ժողովուրդը զրկելով պատժամիջոցները չեղեալ նկատելու կարելիութենէն, իսկ միջազգային ընտանիքը` Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ անհրաժեշտ երաշխիքներէն»: Երեք երկիրներու յայտարարութիւնը...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ.  Նախագահ Ասատ Հանդիպում Ունեցաւ  Ապու Տապիի Գահաժառանգին Հետ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ. Նախագահ Ասատ Հանդիպում Ունեցաւ Ապու Տապիի Գահաժառանգին Հետ

Երէկ` ուրբաթ, 18 մարտ 2022-ին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ Ապու Տապիի գահաժառանգ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիան իշխանին եւ Տուպայի կառավարիչ Մոհամետ պըն Ռաշետ Ալ Մաքթումին հետ: Ըստ Էմիրաթական լրատու գործակալութեան կողմերը քննարկած են «երկու երկիրներու եղբայրական յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ շրջանին մէջ կայունութիւն հաստատելու միջոցներ գտնելու ճիգեր գործադրելու կարելիութիւնը»:  

Page 274 of 882 1 … 273 274 275 … 882

Արխիւներ