Միջազգային

Ալիեւ Հաստատեց «Արեւելեան Զանգեզուր»-ի  Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Իրանի Ճամբով  Փոխադրամիջոցային Հաղորդակցութեան Յուշագիրը

Ալիեւ Հաստատեց «Արեւելեան Զանգեզուր»-ի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Իրանի Ճամբով Փոխադրամիջոցային Հաղորդակցութեան Յուշագիրը

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հաստատած է «Ազրպէյճանի եւ Իրանի կառավարութիւններուն միջեւ Ազրպէյճանի Արեւելեան Զանգեզուրի տնտեսական շրջանի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ նոր փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ստեղծման մասին յուշագիրը»: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Փաստաթուղթը Պաքուն եւ Թեհրանը ստորագրած են անցեալ ամիս: Յուշագիրին համաձայն, կողմերը մտադիր են նոր երկաթուղային եւ ինքնաշարժներու ճամբաներ կառուցել, ստեղծել ուժանիւթի մատակարարման ուղիներ: Այդ նախագիծերը կեանքի կոչելու...

«Հիւրրիեթ»-ի Համաձայն.  Թուրքիան Սուրիոյ Կառավարութեան Հետ  Երկխօսութեան Սկսելու Կարելիութիւնը Կը Սերտէ

«Հիւրրիեթ»-ի Համաձայն. Թուրքիան Սուրիոյ Կառավարութեան Հետ Երկխօսութեան Սկսելու Կարելիութիւնը Կը Սերտէ

Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը սերտէ Սուրիոյ կառավարութեան հետ երկխօսութեան սկսելու կարելիութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիեթ»-ը` յղում կատարելով անանուն աղբիւրներուն: Ըստ լրատուամիջոցի, քննարկումները պիտի ներառեն երեք կարեւոր նիւթ` սուրիական պետութեան միասնական կառուցուածքի պաշտպանութիւն, Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանում եւ գաղթականներու անվտանգ վերադարձի ապահովում: Օրաթերթը կը նշէ, թէ Սուրիոյ միասնութիւնը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի երկրին եւ Քրտական ինքնավար մարզին մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան...

Զելենսքի Ուքրանիոյ Մէջ «Ռուսական Ոճիրներու»  Հետաքննութեան Յատուկ Մեքանիզմի  Ստեղծումը Յայտարարեց

Զելենսքի Ուքրանիոյ Մէջ «Ռուսական Ոճիրներու» Հետաքննութեան Յատուկ Մեքանիզմի Ստեղծումը Յայտարարեց

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Ուքրանիոյ մէջ ռուսական «ոճիրներու» շուրջ հետաքննութիւն կատարելու համար «յատուկ մեքանիզմ»-ի ստեղծումը յայտարարեց: Ուքրանիոյ նախագահը խոստացաւ պատժել Պուչայի եւ այլուր քաղաքայիններու սպանութեան համար պատասխանատու «իւրաքանչիւր անձ»: Զելենսքի յայտարարեց. «Որոշեցի Ուքրանիոյ մէջ դատական յատուկ մեքանիզմ ստեղծել` հետաքննելու եւ դատելու ներխուժողներուն մեր երկրին մէջ գործած բոլոր ոճիրները»: Ան ըսաւ, որ այս մեքանիզմին մաս պիտի կազմեն «տեղական ու միջազգային փորձագէտներ,...

Փեսքով. «Մոսկուա Կողմնակից Է Պուչայի Դէպքերու  Միջազգային Քննարկման` Բարձրագոյն Մակարդակի Վրայ»

Փեսքով. «Մոսկուա Կողմնակից Է Պուչայի Դէպքերու Միջազգային Քննարկման` Բարձրագոյն Մակարդակի Վրայ»

«Ռուսիան կողմնակից է Քիեւի մօտ գտնուող Պուչա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու միջազգային քննարկումներուն` բարձրագոյն մակարդակի վրայ», երէկ յայտարարեց Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Իրողութիւններն ու փաստերու դասաւորումը ցոյց չեն տար, թէ ուքրանական պնդումները հաւաստի են», ըսաւ Փեսքով` աւելցնելով. «Կարելի չէ վստահիլ ուքրանական կողմին հրապարակած տեսերիզի նիւթին, որովհետեւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան փորձագէտները հրապարակուած տեսերիզներու խեղաթիւրման հետքեր յայտնաբերած են», ըսաւ ան: Ռուսիոյ...

«Փութին Երբեք Պիտի Չկոտրէ  Ուքրանացիներուն Ոգին  Եւ Պիտի Չգրաւէ Անոնց Հայրենիքը»  Կ՛ըսէ Ճոնսըն

«Փութին Երբեք Պիտի Չկոտրէ Ուքրանացիներուն Ոգին Եւ Պիտի Չգրաւէ Անոնց Հայրենիքը» Կ՛ըսէ Ճոնսըն

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն հրապարակեց  Ուքրանիոյ աջակցութեան տեսանիւթ մը, որուն մէջ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ «Վլատիմիր Փութինը երբեք պիտի չկոտրէ ուքրանացի ժողովուրդի ոգին եւ պիտի չգրաւէ անոնց հայրենիքը»: «Ուքրանիան դարձեալ ոտքի պիտի կանգնի եւ իր տեղը գրաւէ ազատ եւ գերիշխան ազգերու շարքին մէջ... մենք` բրիտանացիներս, հիացած ենք ուքրանացիներու հայրենասիրութեամբ: Մեր գործն է ամէն ինչ ընել անոնց աջակցելու համար: Բրիտանիան երբեք...

Շնորհաւորելով Ալիեւը`  «Եռակողմ Համաձայնագիրներու Հիման Վրայ  Միասին Կ՛աշխատինք` Ամրապնդելու  Անդրկովկասի Մէջ Անվտանգութիւնը»  Կ՛ըսէ Փութին

Շնորհաւորելով Ալիեւը` «Եռակողմ Համաձայնագիրներու Հիման Վրայ Միասին Կ՛աշխատինք` Ամրապնդելու Անդրկովկասի Մէջ Անվտանգութիւնը» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին` երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Փութին նաեւ յիշեցուցած է, որ երկու երկիրները անցեալ եւ նախորդ տարի կնքուած եռակողմ համաձայնագիրներու հիման վրայ միասին կ՛աշխատին` ամրապնդելու անդրկովկասեան շրջանին մէջ կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը: Խօսելով այս տարի Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ ստորագրուած դաշնակցային...

Դժգոհելով Անգարայի Կողմէ Քիեւին  «Պայրաքթար»-ի Մատակարարումէն`  «Ձեր Անօդաչու Թռչող Սարքերը  Կը Սպաննեն Մեր Զինուորները»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

Դժգոհելով Անգարայի Կողմէ Քիեւին «Պայրաքթար»-ի Մատակարարումէն` «Ձեր Անօդաչու Թռչող Սարքերը Կը Սպաննեն Մեր Զինուորները» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

Թրքական «Պայրաքթար» մարտական անօդաչու թռչող սարքերու Ուքրանիա առաքումները ցաւագին կ՛ընկալուին ռուսական հասարակութեան մէջ: Այս մասին թրքական «Այտընլըք» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսէյ Երիխովը: «Չեմ կրնար չանդրադառնալ հարցումի մը, որ ինծի այստեղ յաճախ կ՛ուղղեն` ինչպէ՞ս կը վերաբերինք Ուքրանիոյ թրքական «Պայրաքթար»-ներու մատակարարման: Ես ամբողջովին ազնիւ պիտի ըլլամ. դուք չէք ալ կրնար պատկերացնել, թէ ռուսական հասարակութեան...

«Վիեննայի Բանակցութիւններուն Մէջ  Համաձայնութեան Գոյացման Մօտեցանք,  Եւ Գնդակը Այժմ Ամերիկեան Դաշտին Մէջ Է»  Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

«Վիեննայի Բանակցութիւններուն Մէջ Համաձայնութեան Գոյացման Մօտեցանք, Եւ Գնդակը Այժմ Ամերիկեան Դաշտին Մէջ Է» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց. «Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ համաձայնութեան գոյացման մօտեցանք»: «Մնացեալ հարցերուն վերաբերեալ մեր առաջարկները բանակցութիւններուն մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Էնրիքէ Մորայի ճամբով ուղարկեցինք Միացեալ Նահանգներուն, եւ այժմ գնդակը ամերիկեան դաշտին մէջ է», նշեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը: Ըստ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, Կութիերես շեշտած...

«Ուքրանիոյ Իրադարձութիւններուն Պատճառով  Գերմանացիները Պիտի Աղքատանան»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Ելեւմուտքի Նախարարը

«Ուքրանիոյ Իրադարձութիւններուն Պատճառով Գերմանացիները Պիտի Աղքատանան» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Ելեւմուտքի Նախարարը

Ուքրանիոյ իրադարձութիւնները գերմանացիներու բարեկեցութեան նուազման պիտի յանգեցնեն: Այս մասին գերմանական «Պիլտ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Գերմանիոյ ելեւմուտքի նախարար Քրիսթիան Լինտներ: Անոր համաձայն, ատիկա կապուած է ուժանիւթի ներածման թանկացումներուն: «Նոյնիսկ պետութիւնը չի կրնար դադրեցնել բարեկեցութեան մակարդակի նուազումը: Սակայն կարելի է ուժգին ցնցումը նուազեցնել, ինչ որ կ՛ընենք», ըսած է Լինտներ` խօսելով քաղաքացիներու եւ ձեռնարկութիւններու աջակցութեան մասին: Նախարարը նախազգուշացուցած է,...

Ըստ «Իզրայէլ Տիֆենս»-ի  Իսրայէլն Ու Թուրքիան Ռուսականին Այլընտրանք  Եղող Կազի Միացեալ Խողովակաշար Մը  Ստեղծելու Հարցը Քննարկած Են

Ըստ «Իզրայէլ Տիֆենս»-ի Իսրայէլն Ու Թուրքիան Ռուսականին Այլընտրանք Եղող Կազի Միացեալ Խողովակաշար Մը Ստեղծելու Հարցը Քննարկած Են

Իսրայէլեան «Իզրայէլ Տիֆենս» կայքը 3 ապրիլին հաղորդեց, որ Իսրայէլ եւ Թուրքիա գաղտնաբար քննարկած են ռուսական ուժանիւթի մատակարարման այլընտրանք եղող կազի միացեալ խողովակաշար մը ստեղծելու կարելիութիւն: «Ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները բարդ են եւ կրնան երկարատեւ ըլլալ», կը նշէ կայքը` աւելցնելով. «Հարցը կը վերաբերի նաեւ Իրաքի քրտական շրջանի կազը իսրայէլեան օժանդակութեամբ Թուրքիա տեղափոխման»: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը այս առումով հաղորդեց, որ ծրագիրը Թուրքիայէն իսրայէլեան...

Ղազախստանի Մէջ Թոքայեւի Դէմ Մահափորձ  Նախապատրաստող Արտասահմանեան  Գործակալ Մը Ձերբակալուած Է

Ղազախստանի Մէջ Թոքայեւի Դէմ Մահափորձ Նախապատրաստող Արտասահմանեան Գործակալ Մը Ձերբակալուած Է

Ղազախստանի Ազգային անվտանգութեան կոմիտէի հակահետախուզութիւնը Նուր Սուլթան քաղաքին մէջ ձերբակալած է օտարերկրեայ հետախուզութեան մը գործակալը, որ մահափորձ կը նախապատրաստէր երկրի նախագահին եւ շարք մը բարձրաստիճան պետական պաշտօնատարներու դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Քազինֆորմ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ղազախստանի Ազգային անվտանգութեան կոմիտէի մամլոյ ծառայութեան: «Անոնք միեւնոյն ժամանակ ահաբեկչական գործողութիւններ կը ծրագրէին յատուկ եւ իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներու դէմ: Խուզարկութեան շնորհիւ գրաւուած են...

Քրեմլին. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ Ռուս Խաղաղապահներ Պիտի Չըլլան»

Քրեմլին. «ՀԱՊԿ-ի Անդամի Մը, Մասնաւորաբար Մինսքի Վրայ Որեւէ Յարձակում Ռուսիոյ Վրայ Յարձակում Կը Նկատենք»

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով շաբաթ օր «Պիելոռուս-1» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Ապազինման գործողութիւնը ընթացքի մէջ է: Ուքրանական զինուորական կարողականութիւնն ու ենթակառոյցը յատուկ գործողութեան ընթացքին գրեթէ ամբողջութեամբ քանդուեցան»: Անդրադառնալով ռուս-ուքրանական բանակցութիւններուն` ան յայտնեց. «Ռուսիան կ՛ուզէ Պիելոռուսիոյ մէջ Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւնները շարունակել, սակայն Քիեւ կը մերժէ»: Ան աւելցուց նշելով, որ «Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւնները դիւրին չեն, սակայն կարեւոր է, որ շարունակուին»:...

Արեւմտեան Երկիրներ Ռուսիան Կ՛ամբաստանեն  Պուչայի Մէջ «Ռազմական Յանցագործութեամբ»

Արեւմտեան Երկիրներ Ռուսիան Կ՛ամբաստանեն Պուչայի Մէջ «Ռազմական Յանցագործութեամբ»

Ուքրանիոյ Պուչա քաղաքի արտակարգ իրավիճակներու պատասխանատու Սերկէյ Քալիչնեկսեր ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Այս շաբաթ ուքրանական ուժերուն կողմէ ազատագրուելէ ետք Քիեւի մօտ գտնուող Պուչայի մէջ հաւաքական գերեզմանի մը մէջ 57 դիակներ յայտնաբերուեցան»: Քաղաքապետ Անաթոլի Ֆետերուք իր կարգին ըսաւ. «Բոլոր անձերը մահապատիժի ենթարկուած են, անոնք գլուխի ետեւէն փամփուշտ ստացած են»` նշելով, որ շուրջ 300 անձեր «հաւաքական գերեզմաններու մէջ» թաղուած են: Ուքրանիոյ նախագահ...

Ուքրանական Պատուիրակութիւն. «Ռուսիան  Բանակցութիւններուն Մէջ Փութին-Չելենսքի  Հանդիպումի Մը Կայացման Համար Բաւարար  Յառաջդիմութեան Արձանագրումը Կը Նշէ»

Ուքրանական Պատուիրակութիւն. «Ռուսիան Բանակցութիւններուն Մէջ Փութին-Չելենսքի Հանդիպումի Մը Կայացման Համար Բաւարար Յառաջդիմութեան Արձանագրումը Կը Նշէ»

Ռուսիոյ հետ բանակցող ուքրանական պատուիրակութիւնը յայտարարեց. «Մոսկուան բանակցութիւններուն մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի միջեւ հանդիպումի մը կայացման համար բաւարար յառաջդիմութեան արձանագրումը կը նշէ»: «Զելենսքիի եւ Փութինի միջեւ հանդիպման թուականն ու վայրը տակաւին չեն ճշդուած. հաւանական է, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենայ», նշեց պատուիրակութիւնը` աւելցնելով. «Ռուսիան ընդունեց ուքրանական դիրքորոշումը, բացի Խրիմի կարգավիճակէն»: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար...

Աւստրիոյ Վարչապետը Ռուսական Կազի  Եւ Քարիւղի Դէմ Արգելքի  Հաստատման Դէմ Արտայայտուած Է

Աւստրիոյ Վարչապետը Ռուսական Կազի Եւ Քարիւղի Դէմ Արգելքի Հաստատման Դէմ Արտայայտուած Է

Աւստրիոյ վարչապետ Քարլ Նեհամեր «Քրոնըն Ցայթունկ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին դէմ արտայայտուած է Ռուսիայէն կազի եւ քարիւղի ներածումներուն դէմ արգելքի հաստատման: Ան այս մասին յայտարարած է իր գերմանացի պաշտօնակից Օլաֆ Շոլցի հետ բանակցութիւններէն ետք: «Պատժամիջոցները իմաստ ունին միայն այն պարագային, եթէ անոնք կը տկարացնեն ան, որուն համար հաստատուած են, եւ ոչ թէ ան, որ զանոնք հաստատած է», ընդգծած է...

«Քիեւ Բանակցութիւններու Ընթացքին  Ըմբռնումով Մօտեցած Է Տոնպասի  Եւ Խրիմի Իրականութեան»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Քիեւ Բանակցութիւններու Ընթացքին Ըմբռնումով Մօտեցած Է Տոնպասի Եւ Խրիմի Իրականութեան» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ ուքրանական կողմը «բանակցութիւններու ընթացքին ըմբռնումով մօտեցած է Տոնպասի եւ Խրիմի իրականութեան»: «Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին, Մոսկուան կը պատրաստէ Քիեւի առաջարկներուն իր պատասխանը, եւ որոշակի յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրուի», ընդգծեց Լաւրով: Շաթաբասկիզբին Պոլսոյ մէջ կայացած բանակցութիւններուն ընթացքին ուքրանական կողմը ռուսական կողմին յանձնած է փաստաթուղթ մը, որ կրնայ հիմք հանդիսանալ խաղաղութեան համաձայնագիրի...

Ռուսիոյ Պելկորոտ Քաղաքի Քարիւղի  Պահեստին Դէմ Ուքրանական Օդուժի Յարձակում

Ռուսիոյ Պելկորոտ Քաղաքի Քարիւղի Պահեստին Դէմ Ուքրանական Օդուժի Յարձակում

Ռուս-ուքրանական սահմանին մօտ գտնուող Պելկորոտ քաղաքի քարիւղի պահեստին մէջ հրդեհ բռնկած է: Պատճառը ուքրանական բանակին կողմէ կատարուած օդային հարուածն է: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Պելկորոտի շրջանի նահանգապետ Վիաչեսլաւ Կլատքովի թելեկրամեան ալիքին: «Պելկորոտ քաղաքի քարիւղի պահեստին մէջ հրդեհ բռնկած է: Դէպքի վայր մեկնած են արտակարգ իրավիճակներու բոլոր ծառայութիւնները: Քայլերու կը ձեռնարկուին հրդեհը չէզոքացնելու ուղղութեամբ», նշած է...

«Սննդեղէն Եւ Գիւղատնտեսական Արտադրութիւններ  Պիտի Մատակարարենք Միայն Մեր Ընկերներուն.  Թշնամիներուն Ոչինչ Պիտի Վաճառենք»  Կ՛ըսէ Մետվետեւ

«Սննդեղէն Եւ Գիւղատնտեսական Արտադրութիւններ Պիտի Մատակարարենք Միայն Մեր Ընկերներուն. Թշնամիներուն Ոչինչ Պիտի Վաճառենք» Կ՛ըսէ Մետվետեւ

Ռուսիան սննդամթերք եւ գիւղատնտեսական արտադրութիւններ պիտի մատակարարէ միայն իր բարեկամ երկիրներուն: Այս մասին «Թելեկրամ»-ի իր ալիքին վրայ յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավարի տեղակալ Տմիթրի Մետվետեւ: «Մենք սնունդ եւ գիւղատնտեսական արտադրութիւններ պիտի մատակարարենք միայն մեր ընկերներուն (բարեբախտաբար, մենք անոնցմէ շատ ունինք, եւ անոնք ընդհանրապէս Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ չեն): Մենք թէ՛ ռուբլիով, թէ՛ անոնց ազգային դրամանիշով համաձայնեցուած համամասնութիւններով պիտի...

Ըստ Էրտողանի, Ազրպէյճան  Փառուխի Մէջ Պաշտպանուած Է

Ըստ Էրտողանի, Ազրպէյճան Փառուխի Մէջ Պաշտպանուած Է

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Արցախի մէջ Ազրպէյճանի վերջին գործողութիւնները կոչած է «պաշտպանական պատասխան»: Էրտողան ըսած է, որ Ազրպէյճան կը կատարէ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի հետ եռակողմ համաձայնագիրին կէտերը: Այս մասին հաղորդեց «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»-ը: «Որովհետեւ Ազրպէյճանի վրայ յարձակում եղած է, եղած է նաեւ պաշտպանական պատասխան: Գլխաւորը եռակողմ համաձայնագիրի կէտերուն համապատասխան` Ազրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքէն հայկական զինեալ տարրերու ամբողջական հեռացումը ապահովելն է»,...

Ռուսիա-Ուքրանիա Բանակցութիւններուն Մէջ «Թեքնիք Դադար»

«Ռուս Եւ Ուքրանացի Պաշտօնատարներ Մեզի Յայտնեցին, Որ Մէկ Կամ Երկու Շաբաթէն Աւելի Բարձր Մակարդակով Ժողով Մը Պիտի Գումարեն» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Ռուսական եւ ուքրանական կողմերէն պաշտօնատարներ մեզ տեղեակ պահեցին, որ մէկ կամ երկու շաբաթէն աւելի բարձր մակարդակով ժողով մը պիտի գումարեն, առնուազն արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով, եւ անկարելի է թուական ներկայացնել»: «Պոլսոյ բանակցութիւններուն ընթացքին զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է, սակայն այս փուլին մենք չենք տեսներ իրականացումը այն արդիւնքներուն, որոնք յայտարարուած են Պոլսոյ հանդիպումի աւարտին: Ռուսիոյ...

Page 272 of 882 1 … 271 272 273 … 882

Արխիւներ