Ռուս-ուքրանական սահմանին մօտ գտնուող Պելկորոտ քաղաքի քարիւղի պահեստին մէջ հրդեհ բռնկած է: Պատճառը ուքրանական բանակին կողմէ կատարուած օդային հարուածն է: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Պելկորոտի շրջանի նահանգապետ Վիաչեսլաւ Կլատքովի թելեկրամեան ալիքին:
«Պելկորոտ քաղաքի քարիւղի պահեստին մէջ հրդեհ բռնկած է: Դէպքի վայր մեկնած են արտակարգ իրավիճակներու բոլոր ծառայութիւնները: Քայլերու կը ձեռնարկուին հրդեհը չէզոքացնելու ուղղութեամբ», նշած է Կլատքով:
Նահանգապետին համաձայն, հրդեհին հետեւանքով վիրաւորուած են պահեստի երկու աշխատակիցներ, որոնք շուտով բժշկական օգնութիւն ստացած են, անոնց կեանքը վտանգուած չէ:
«Քարիւղի պահեստին մէջ հրդեհը բռնկած է Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու ցած բարձրութեան վրայ Ռուսիոյ տարածք ներխուժած երկու ուղղաթիռներէ կատարուած օդային հարուածի մը հետեւանքով: Զոհեր չկան», գրած է ան:
Կը հաղորդուի, որ այրող քարիւղի պահեստին մօտ գտնուող փողոցներու տուներուն բնակիչները հեռացուած են շրջանէն:


