Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ ուքրանական կողմը «բանակցութիւններու ընթացքին ըմբռնումով մօտեցած է Տոնպասի եւ Խրիմի իրականութեան»:
«Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին, Մոսկուան կը պատրաստէ Քիեւի առաջարկներուն իր պատասխանը, եւ որոշակի յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրուի», ընդգծեց Լաւրով:
Շաթաբասկիզբին Պոլսոյ մէջ կայացած բանակցութիւններուն ընթացքին ուքրանական կողմը ռուսական կողմին յանձնած է փաստաթուղթ մը, որ կրնայ հիմք հանդիսանալ խաղաղութեան համաձայնագիրի համար:
Քիեւ, ինչպէս կը հաղորդուի, առաջարկած է 25 տարիով «սառեցնել» Խրիմի կարգավիճակը եւ այդ ընթացքին բանակցութիւններ վարել:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի «Թելեկրամ»-ի վրայ յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Թուրքիան համաձայն գտնուած է ապագայ խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխաւորը դառնալու:
«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան Էսթոնիոյ մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին կոչ ուղղած է ուժեղացնելու Ուքրանիոյ զինուորական, ելեւմտական եւ մարդասիրական աջակցութիւնը` աւելցնելով. «Ռուսիան պէտք չէ յաղթելու յոյս ունենայ: Մեզի համար գրաւները ռազմավարական են»:
Միւս կողմէ, Փենթակոն զգուշացուց, որ ռուսական ռազմական ջանքերը Տոնպասի վրայ կեդրոնացնելը «երկարատեւ» տագնապի մը մասին կ՛ահազանգեն:
Փենթակոնի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ եթէ ռուսերը «առաջնահերթութիւն ընծայեն Տոնպասի շրջանին, որ շրջան մըն է, ուր 8 տարիէ ի վեր չեն կռուած, եւ ուր շատ եռանդուն ուքրանացի բազմաթիւ զինուորներ կան, կռիւը կրնայ երկար ժամանակի վրայ երկարիլ»: «Կրնայ օրերու կամ շաբաթներու հարց ըլլալ, եւ կրնայ ատկէ շատ աւելի երկար ըլլալ, սակայն տակաւին դժուար է ատիկա գիտնալ», աւելցուց ան:
Փենթակոնէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը նախապէս յայտնած էր, որ ռուսական ուժերը սկսած են Չեռնոպիլէն հեռանալ եւ «հրաժարած են» Քիեւի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Կոսթոմել զինուորական օդակայանէն, սակայն «տակաւին կը կարծենք, որ տեղի ունեցողը վերադասաւորում է»: «Բացարձակապէս այդ զինուորներուն իրենց տուն վերադարձին կամ կռիւէն վերջնականապէս զանոնք հեռացնելու մասին որեւէ ցուցանիշ չունինք», աւելցուցած էր ան:
Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտը յայտնեց, որ ռուսական ուժերը կը շարունակեն ստորաբաժանումներու Քիեւի շրջանի հիւսիսէն դէպի Պիելոռուսիոյ հետ սահման մասնակի հեռացումը: Ուքրանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Աննա Մալիար իր կարգին յայտարարեց. «Հակառակորդը չի հրաժարիր Տոնեցքի եւ Լուկանսքի շրջանները ամբողջութեամբ գրաւելու իր ծրագիրներէն, ան նաեւ ոտնձգութիւն կը կատարէ Խարքովի շրջանին վրայ եւ կը փորձէ ամրապնդել իր դիրքերը, վերախմբել զօրքերը, ամրապնդուիլ: Հիմա մենք կը տեսնենք, որ հրթիռային համակարգեր կ՛ուղարկուին Կոմելի շրջան, հակառակորդը կը փորձէ զանոնք կեդրոնացնել այնտեղ, ակնյայտ է, որ ատոր պատճառը հրթիռային հարուածներ հասցնելու կամ իբրեւ շանթաժի եւ ահաբեկման գործիք օգտագործելու ծրագիրներու գոյութիւնն է», ըսաւ Մալիար:
Անոր համաձայն, Ռուսիան կը շարունակէ Պիելոռուսիոյ տարածքը եռանդուն կերպով օգտագործել յարձակում կատարելու համար:


