Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւմտեան Երկիրներ Ռուսիան Կ՛ամբաստանեն Պուչայի Մէջ «Ռազմական Յանցագործութեամբ»

Ապրիլ 4, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ Պուչա քաղաքի արտակարգ իրավիճակներու պատասխանատու Սերկէյ Քալիչնեկսեր ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Այս շաբաթ ուքրանական ուժերուն կողմէ ազատագրուելէ ետք Քիեւի մօտ գտնուող Պուչայի մէջ հաւաքական գերեզմանի մը մէջ 57 դիակներ յայտնաբերուեցան»:

Քաղաքապետ Անաթոլի Ֆետերուք իր կարգին ըսաւ. «Բոլոր անձերը մահապատիժի ենթարկուած են, անոնք գլուխի ետեւէն փամփուշտ ստացած են»` նշելով, որ շուրջ 300 անձեր «հաւաքական գերեզմաններու մէջ» թաղուած են:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց. «Ուքրանիան ռուսական ուժերուն կողմէ կը քանդուի, եւ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, ցեղասպանութիւն է»: Ան նաեւ նշեց. «Ուքրանիոյ մէջ ռուսական ոճիրներուն պատասխանատու ոեւէ անձ պէտք է պատժուի, ներառեալ անոնք, որոնք հրամանները տուին»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ Պուչայի մէջ սպաննուած ուքրանացի քաղաքայիններու լուսանկարները տեսնելը ցնցիչ է, եւ ռազմական որեւէ յանցագործութեան համար պատասխանատուները պէտք է հաշուետուութեան ենթարկուին:

Ան, սակայն, խուսափեցաւ պատասխանելէ այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներ կը կարծե՞ն, թէ ռուսական ուժերը ցեղասպանութիւն գործած են: «Ուշադիր պիտի սերտենք եւ փաստագրենք մեր ամէն տեսածը, զանոնք միաւորենք` վստահ ըլլալու համար, թէ առնչակից կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ տուեալները կը սերտեն», ըսաւ ան:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել յայտնեց, որ ինք ցնցուած է «Քիեւի ազատագրուած շրջանին մէջ ռուսական բանակին կողմէ գործուած վայրագութիւններուն ծանր լուսանկարներէն»` աւելցնելով. «Եւրոպական Միութեան կողմէ յաւելեալ պատժամիջոցներ եւ աջակցութիւն պիտի ըլլան»:

Գերմանիոյ փոխվարչապետ Ռոպերթ Հապեք դատապարտեց Պուչայի մէջ քաղաքայիններու սպանութիւնը եւ զայն նկատեց «ահաւոր ռազմական յանցագործութիւն մը, որ չի կրնար անպատասխան մնալ», եւ կոչ ուղղեց պատժամիջոցները խստացնելու: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոք ըսաւ, որ Պուչայէն հասած լուսանկարները «անտանելի են: Փութինի խելայեղ բռնութիւնը անմեղ կեանքեր կը հնձէ եւ չափ ու սահման չի գիտեր»:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լեյեն կոչ ուղղեց անմիջական անկախ հետաքննութիւն կատարելու` աւելցնելով. «Ռազմական յանցագործութիւններու հեղինակները հաշուետուութեան պիտի ենթարկուին»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն դատապարտեց Պուչա քաղաքէն հասած «անտանելի» լուսանկարները` շեշտելով. «Ռուսական իշխանութիւնները պէտք է ոճիրներուն համար հաշուետուութեան ենթարկուին: Փողոցներուն մէջ հարիւրաւոր քաղաքայիններ վախկոտօրէն սպաննուեցան»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց Պուչայի մէջ քաղաքայիններու սպանութեան համար ռուսական ուժերուն ուղղուած ամբաստանութիւնը: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Պուչայէն հրապարակուած լուսանկարներն ու տեսերիզները կեղծ են եւ յատուկ կերպով արեւմտեան լրատուամիջոցներու մէջ տարածուելու համար ստեղծուած:

 

Նախորդը

Ուքրանական Պատուիրակութիւն. «Ռուսիան Բանակցութիւններուն Մէջ Փութին-Չելենսքի Հանդիպումի Մը Կայացման Համար Բաւարար Յառաջդիմութեան Արձանագրումը Կը Նշէ»

Յաջորդը

Քրեմլին. «ՀԱՊԿ-ի Անդամի Մը, Մասնաւորաբար Մինսքի Վրայ Որեւէ Յարձակում Ռուսիոյ Վրայ Յարձակում Կը Նկատենք»

RelatedPosts

Շամխանի. «Իրան Պատրաստ Է Այսօր  Իսկ Միացեալ Նահանգներու Հետ Հիւլէական  Համաձայնութիւնը Ստորագրելու,  Եթէ Իր Պահանջները Ընդառաջուին»
Գլխաւոր լուրեր

Շամխանի. «Իրան Պատրաստ Է Այսօր Իսկ Միացեալ Նահանգներու Հետ Հիւլէական Համաձայնութիւնը Ստորագրելու, Եթէ Իր Պահանջները Ընդառաջուին»

Մայիս 16, 2025
Թրամփ. «Կը Կարծեմ, Որ Իրանի Հետ  Համաձայնութեան Հասնելու Մօտ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Կարծեմ, Որ Իրանի Հետ Համաձայնութեան Հասնելու Մօտ Ենք»

Մայիս 16, 2025
Ուիթքոֆ. «Լիբանան Անկախ Պետութիւն Է,  Որ Իր Գերիշխանական Որոշումները Ինք Կու Տայ,  Եւ Մենք Կառավարութեան Այդ Կարողութեան  Նկատմամբ Վստահութիւն Ունինք»
Գլխաւոր լուրեր

Ուիթքոֆ. «Իրանի Հետ Կարելի Է Համաձայնութիւն Գոյացնել Նախքան Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլը»

Մայիս 16, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?