Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուքրանիոյ Իրադարձութիւններուն Պատճառով Գերմանացիները Պիտի Աղքատանան» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Ելեւմուտքի Նախարարը

Ապրիլ 5, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ իրադարձութիւնները գերմանացիներու բարեկեցութեան նուազման պիտի յանգեցնեն: Այս մասին գերմանական «Պիլտ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Գերմանիոյ ելեւմուտքի նախարար Քրիսթիան Լինտներ:

Անոր համաձայն, ատիկա կապուած է ուժանիւթի ներածման թանկացումներուն:

«Նոյնիսկ պետութիւնը չի կրնար դադրեցնել բարեկեցութեան մակարդակի նուազումը: Սակայն կարելի է ուժգին ցնցումը նուազեցնել, ինչ որ կ՛ընենք», ըսած է Լինտներ` խօսելով քաղաքացիներու եւ ձեռնարկութիւններու աջակցութեան մասին:

Նախարարը նախազգուշացուցած է, որ այդ քայլերը կրնան միայն ժամանակաւոր ըլլալ, որովհետեւ պետութեան ելեւմտական միջոցները սահմանափակ են:

Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարար Ռոպերթ Հապիք իր կարգին զգուշացուց, որ Ռուսիայէն ուժանիւթի ներածումները պոյքոթի ենթարկելը Գերմանիոյ տնտեսութեան բարգաւաճման վերջ պիտի տայ:

«Գերմանիոյ մէջ կազն ու քարիւղը այլ ճամբով (այսինքն` Ռուսիայէն այլ աղբիւրէ) ներածելու ենթակառոյց գոյութիւն չունի», ըսաւ Հապիք:

Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարարը յայտնեց, որ Ռուսիոյ` Գերմանիոյ ուժանիւթ մատակարարել մերժելը պատճառ պիտի դառնայ, որ աշխարհի մէջ քիմիական մեծագոյն ընկերութիւնը` ՊԱՍՖ-ը փակուի: Ինչպէս նաեւ զգուշացուց, որ ուժանիւթի սակաւութիւնը ուժանիւթի ընկերութիւններուն «արտագաղթ»-ի վտանգը կը ստեղծէ:

Նշենք, որ ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնը Գերմանիոյ մէջ «Կազփրոմ Ճերմանիա»-ի ճամբով իր ծառայութիւններու դադրեցումը յայտարարեց` ներածող երկիրները զգուշացնելէ ետք, որ վճարումը այսուհետեւ ռուբլիով պիտի ըլլայ:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով «Ռոսիա 1» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Արեւմտեան պատժամիջոցները կ՛աւելցնեն տոլարին եւ եւրոյին նկատմամբ վստահութեան մաշեցումը, եւ այդ դրամանիշները միջազգային ելեւմտական գործառնութիւններու առանցք էին: Բազմաթիւ երկիրներ այլեւս կասկածներ ունին տոլարին ու եւրոյին հաւաստիութեան նկատմամբ, եւ անոնց մօտ ելեւմտական գործառնութիւնները ազգային դրամանիշով կատարելու ընտրանքներու զարգացման ուղղուածութիւն գոյութիւն ունի: Հոլովոյթը կարելի չէ դադրեցնել, ընդհակառակն` ատիկա պիտի աճի»:

«Ռուսիոյ վրայ հաստատուած արեւմտեան պատժամիջոցները պատճառ կը դառնան տոլարի եւ եւրոյի համաշխարհային պահեստներուն նկատմամբ վստահութեան մաշումի արագացման», ըսաւ Փեսքով:

 

Նախորդը

Ըստ «Իզրայէլ Տիֆենս»-ի Իսրայէլն Ու Թուրքիան Ռուսականին Այլընտրանք Եղող Կազի Միացեալ Խողովակաշար Մը Ստեղծելու Հարցը Քննարկած Են

Յաջորդը

«Վիեննայի Բանակցութիւններուն Մէջ Համաձայնութեան Գոյացման Մօտեցանք, Եւ Գնդակը Այժմ Ամերիկեան Դաշտին Մէջ Է» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?