Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց. «Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ համաձայնութեան գոյացման մօտեցանք»:
«Մնացեալ հարցերուն վերաբերեալ մեր առաջարկները բանակցութիւններուն մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Էնրիքէ Մորայի ճամբով ուղարկեցինք Միացեալ Նահանգներուն, եւ այժմ գնդակը ամերիկեան դաշտին մէջ է», նշեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:
Ըստ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, Կութիերես շեշտած է. «Վիեննայի բանակցութիւններուն գծով յոյս յայտնեցինք, որ երկու կողմերը կարելի եղածին չափ շուտ կը հասնին համաձայնութեան»:
Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի անդամ Ժալիլ Ռահիմի Ժիհանապատի իր կարգին նշեց. «Ռուսիոյ եւ Չինաստանի մտավախութիւնները Վիեննայի մէջ բանակցութիւններու առկախման պատճառներէն կը նկատուին: Այդ պետութիւնները մտահոգ են, որ Իրանի` արեւմտեան պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն բարելաւումը զիրենք կրնայ դուրս մղել առեւտրական շուկայէն եւ Իրանի հետ գործակցութենէն»: