Իսրայէլեան «Իզրայէլ Տիֆենս» կայքը 3 ապրիլին հաղորդեց, որ Իսրայէլ եւ Թուրքիա գաղտնաբար քննարկած են ռուսական ուժանիւթի մատակարարման այլընտրանք եղող կազի միացեալ խողովակաշար մը ստեղծելու կարելիութիւն:
«Ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները բարդ են եւ կրնան երկարատեւ ըլլալ», կը նշէ կայքը` աւելցնելով. «Հարցը կը վերաբերի նաեւ Իրաքի քրտական շրջանի կազը իսրայէլեան օժանդակութեամբ Թուրքիա տեղափոխման»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը այս առումով հաղորդեց, որ ծրագիրը Թուրքիայէն իսրայէլեան «Լեւիաթան» քարիւղի հանքավայր երկարող խողովակի մը ստեղծումն է. կազը այդ խողովակով պիտի փոխադրուի Թուրքիա եւ այդտեղէն ալ հարաւային Եւրոպայի երկիրներ, «որոնք ռուսական կազին այլընտրանքներ կը փնտռեն»:
Թուրքիոյ կառավարութենէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ «հարցին շուրջ բանակցութիւնները Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկի Թուրքիա այցելութենէն ի վեր կը շարունակուին»` աւելցնելով. «Կը նախատեսուի քանի մը ամիսէն ծրագիրին շուրջ գործակցութեան եւ կազի փոխադրման ուղիին շուրջ գործնական որոշումներ որդեգրել»:
Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Քարեն Ալհարար իր կարգին յայտնեց. «Տակաւին կան բազմաթիւ հարցեր, զորս պէտք է քննարկել, ներառեալ ֆինանսաւորման հարցը»: Ան նաեւ ընդգծեց. «Ամբողջ ծրագիրը պէտք է շահաւէտ ըլլայ»: