Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուս Եւ Ուքրանացի Պաշտօնատարներ Մեզի Յայտնեցին, Որ Մէկ Կամ Երկու Շաբաթէն Աւելի Բարձր Մակարդակով Ժողով Մը Պիտի Գումարեն» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Ապրիլ 1, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Ռուսական եւ ուքրանական կողմերէն պաշտօնատարներ մեզ տեղեակ պահեցին, որ մէկ կամ երկու շաբաթէն աւելի բարձր մակարդակով ժողով մը պիտի գումարեն, առնուազն արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով, եւ անկարելի է թուական ներկայացնել»:

«Պոլսոյ բանակցութիւններուն ընթացքին զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է, սակայն այս փուլին մենք չենք տեսներ իրականացումը այն արդիւնքներուն, որոնք յայտարարուած են Պոլսոյ հանդիպումի աւարտին: Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ աւելի բարձր` արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով, յառաջիկայ մէկ-երկու շաբթուան ընթացքին: Մենք կ՛աշխատինք ատոր վրայ, ես երէկ այդ նիւթով խօսած եմ Լաւրովի եւ Քուլեպայի հետ: Լաւրով այցելութեամբ Չինաստան է, Քուլեպան` Արեւմուտքի մէջ», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Չաւուշօղլու «Ահապեր» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց. «Յայտարարութիւնները այն մասին, թէ Թուրքիան (երաշխաւոր դառնալու պարագային Ուքրանիոյ մէջ) պատերազմին ուղղակի կերպով պիտի մասնակցի կամ այդտեղ զինուորներ պիտի ուղարկէ, ճիշդ չեն»:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ Թուրքիան ի վիճակի չէ կարճաժամկէտ հեռանկարի մէջ հրաժարիլ ռուսական կազի մատակարարումէն: «Ո՛չ, կարճաժամկէտ հեռանկարի մէջ ատիկա անկարելի է», ըսաւ ան` պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ արդեօք Թուրքիան մօտիկ ապագային պիտի կարենա՞յ ռուսական կազին այլընտրանքներ գտնել, օրինակ` Իրաքէն, Ազրպէյճանէն կամ Իսրայէլէն:

«Թուրքիան ռուսական կազի մատակարարման առնչուած խնդիրներ պիտի չունենայ, որովհետեւ չէ մասնակցած Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներուն», ըսաւ Չաւուշօղլու:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Լիբանանահայկական Էութեամբ Արտայայտուող Արժեչափերը

Յաջորդը

Ըստ Էրտողանի, Ազրպէյճան Փառուխի Մէջ Պաշտպանուած Է

RelatedPosts

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս  Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Օգոստոս 20, 2025
Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի  Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»
Միջազգային

Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?