Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեսքով. «Մոսկուա Կողմնակից Է Պուչայի Դէպքերու Միջազգային Քննարկման` Բարձրագոյն Մակարդակի Վրայ»

April 5, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ռուսիան կողմնակից է Քիեւի մօտ գտնուող Պուչա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու միջազգային քննարկումներուն` բարձրագոյն մակարդակի վրայ», երէկ յայտարարեց Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

«Իրողութիւններն ու փաստերու դասաւորումը ցոյց չեն տար, թէ ուքրանական պնդումները հաւաստի են», ըսաւ Փեսքով` աւելցնելով. «Կարելի չէ վստահիլ ուքրանական կողմին հրապարակած տեսերիզի նիւթին, որովհետեւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան փորձագէտները հրապարակուած տեսերիզներու խեղաթիւրման հետքեր յայտնաբերած են», ըսաւ ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Պուչայի մէջ պատահածին վերաբերեալ ուքրանական պնդումները «կեղծ յարձակումներ» են, որոնց նպատակը Մոսկուան զսպելն է:

«Կեղծ լուսանկարները միայն ուքրանական կեղծ դրուագներ են դէպքերու, որոնք արեւմտեան պետութիւններու եւ Ուքրանիոյ կողմէ հրապարակուեցան ընկերային ցանցերու վրայ», ըսաւ ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին յայտնեց, որ սպաննուած քաղաքայիններու լուսանկարները Միացեալ Նահանգներու «հրամանով» առնուեցան Մոսկուան մեղադրելու սադրանքի մը ծիրին մէջ: «Որո՞նք են սադրանքին վարպետները. անշուշտ Միացեալ Նահանգներն ու ՕԹԱՆ-ը», ըսաւ Զախարովա:

Ան նշեց, որ լուսանկարներու հրապարակումէն անմիջապէս ետք հնչած արեւմտեան դատապարտումները ցոյց կու տան, որ պնդումը Ռուսիան վարկաբեկելու ծրագիրի մը մէկ մասն է:

«Այս պարագային, ինծի կը թուի, թէ այդ յայտարարութիւնները, որոնք սկսան այդ նիւթի հրապարակման առաջին վայրկեաններուն կատարուիլ, կասկած չեն ձգեր, թէ ո՛վ հրամայած է այս պատմութիւնը տարածելու», ըսաւ Զախարովա:

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց կոչ ուղղեց քննելու եւ ամբողջութեամբ բացայայտելու Ուքրանիոյ Պուչա բնակավայրին մէջ տեղի ունեցած դէպքերը: «Խաղաղ բնակիչներու սպանութիւնը պատերազմական յանցագործութիւն է: Ես կը պահանջեմ միջազգային կազմակերպութիւններուն, մասնաւորաբար Միջազգային կարմիր խաչին արտօնել այդ շրջան այցելել», ըսաւ Շոլց:

Ան յայտնեց, որ Արեւմուտքը Մոսկուայի դէմ նոր պատժամիջոցներ պիտի հաստատէ եւ պիտի շարունակէ ուքրանական բանակին զինուորական օգնութիւն տրամադրել:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր կարգին յայտնեց, որ Ռուսիոյ վրայ յաւելեալ պատժամիջոցներ պէտք է հաստատուին: Ան «Ֆրանս Ինթեր» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «շատ յստակ փաստեր» ցոյց կու տան, թէ ռուսական ուժերը պատասխանատու են Ուքրանիոյ մէջ պատերազմական յանցագործութիւններու համար:

«Նոր պատժամիջոցներու հարցով մենք այժմ կը խորհրդակցինք մեր եւրոպացի գործընկերներուն, մասնաւորաբար Գերմանիոյ հետ», նշեց Մաքրոն: «Ես կողմնակից եմ, որ հաստատուին այնպիսի պատժամիջոցներ, որոնք մեզի պիտի արտօնեն ազդեցութիւն գործել (ռուսական) քարիւղի եւ ածուխի (ներածումներու) վրայ: Մենք գիտենք, որ ատիկա ռուսերուն համար բաւական ցաւոտ պիտի ըլլայ»:

Զելենսքի Այցելեց Պուչա

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի երէկ այցելեց Պուչա, ուր յայտնաբերուած էին քաղաքայիններու կոտորածներու ապացոյցներ: «Եունիըն» կը հաղորդէ, որ ան ըսած է, թէ Ռուսիան «Ուքրանիոյ մէջ ռազմական յանցագործութիւններ եւ ցեղասպանութիւն գործած է»:

Պուչա իր այցելութեան ընթացքին «Պի.Պի.Սի.»-ի թղթակիցը Զելենսքիին հարցուցած է, թէ արդեօք ան տակաւին հաւանական կը նկատէ՞ Ռուսիոյ հետ խաղաղութեան քննարկումը: «Այո՛, որովհետեւ Ուքրանիան պէտք է խաղաղութիւն գտնէ: Մենք 21-րդ դարու Եւրոպայի մէջ ենք: Մենք պիտի շարունակենք մեր դիւանագիտական եւ զինուորական ջանքերը», ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը:

Պայտըն. «Քննադատութեան Ենթարկուեցայ,
Որովհետեւ Փութինը Ռազմական Յանցագործ Կոչեցի,
Եւ Ան Իրողապէս Ռազմական Յանցագործ Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ռազմական յանցագործ է եւ պէտք է դատուի, եւ պէտք է յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատուին Ուքրանիոյ մէջ գործուող ահաւոր արարքներուն պատճառով»:

«Քննադատութեան ենթարկուեցայ, որովհետեւ Փութինը ռազմական յանցագործ կոչեցի, եւ իրողապէս ռազմական յանցագործ է», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

 

Նախորդը

«Փութին Երբեք Պիտի Չկոտրէ Ուքրանացիներուն Ոգին Եւ Պիտի Չգրաւէ Անոնց Հայրենիքը» Կ՛ըսէ Ճոնսըն

Յաջորդը

Զելենսքի Ուքրանիոյ Մէջ «Ռուսական Ոճիրներու» Հետաքննութեան Յատուկ Մեքանիզմի Ստեղծումը Յայտարարեց

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.