Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Ուքրանիոյ մէջ ռուսական «ոճիրներու» շուրջ հետաքննութիւն կատարելու համար «յատուկ մեքանիզմ»-ի ստեղծումը յայտարարեց:
Ուքրանիոյ նախագահը խոստացաւ պատժել Պուչայի եւ այլուր քաղաքայիններու սպանութեան համար պատասխանատու «իւրաքանչիւր անձ»:
Զելենսքի յայտարարեց. «Որոշեցի Ուքրանիոյ մէջ դատական յատուկ մեքանիզմ ստեղծել` հետաքննելու եւ դատելու ներխուժողներուն մեր երկրին մէջ գործած բոլոր ոճիրները»:
Ան ըսաւ, որ այս մեքանիզմին մաս պիտի կազմեն «տեղական ու միջազգային փորձագէտներ, հետաքննիչներ, դատախազներ եւ դատաւորներ»:


