Միջազգային

Իսրայէլի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատունը  Կը Դատապարտէ Թէլ Աւիւի Յարձակումը

Իսրայէլի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատունը Կը Դատապարտէ Թէլ Աւիւի Յարձակումը

Իսրայէլի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը դատապարտեց Թել Աւիւի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած եւ 5 անձերու, ներառեալ ոստիկան մը, մահուան պատճառ դարձած յարձակումը` նշելով. «Մեզի կը տխրեցնէ, որ առնուազն 5 անձեր մահացած են ահաբեկչական յարձակումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 29 մարտի երեկոյեան` Պենի Պարաքի մէջ»: «Մենք մտահոգուած ենք, որ վերջին օրերուն մագլցում արձանագրած յարձակումները ռամատանի ամիսէն եւ Զատկուան տօնէն առաջ...

«Ուքրանիոյ Անվտանգութեան Երաշխիքներուն  Շուրջ Համաձայնագիրը Պիտի Ստորագրուի Միայն  Ռուսական Զօրքերու Հեռացումէն Ետք»  Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մէջ Ուքրանիոյ Դեսպանը

«Ուքրանիոյ Անվտանգութեան Երաշխիքներուն Շուրջ Համաձայնագիրը Պիտի Ստորագրուի Միայն Ռուսական Զօրքերու Հեռացումէն Ետք» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մէջ Ուքրանիոյ Դեսպանը

Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու մասին համաձայնագիրի ստորագրումը կարելի է միայն, երբ ռուսական զօրքերը վերադառնան իրենց դիրքերը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ այս մասին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտարարած է Ուքրանիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Սերխի Քիսլիցա: Ան ընդգծած է, որ ռուս-ուքրանական բանակցութիւններուն կողմերը պիտի շարունակեն խորհրդակցութիւնները Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներ տրամադրելու մասին համաձայնագիրի նախապատրաստութեան շուրջ: Քիսլիցա բացատրած է, որ խօսքը կը վերաբերի «զինադադարի...

Սպիտակ Տունը Յայտնած Է Պայտըն-Փութին  Հանդիպումի Նախապայմանները

Սպիտակ Տունը Յայտնած Է Պայտըն-Փութին Հանդիպումի Նախապայմանները

Սպիտակ տան հեռահաղորդակցային բաժինի ղեկավար Քէյթ Պետինկֆիլտ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ մէջ որոշակի ուղղութիւններով զինուորական գործունէութիւնը քանի մը անգամ կրճատելու մասին յայտարարութեան լոյսին տակ, աշխարհը պէտք է բաց աչքերով նայի ու չհաւատայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի խօսքին: «Տը Կարտիըն» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ պէտք է հետեւիլ ու տեսնել, թէ արդեօք ռուսերուն գործողութիւնները կը...

«Պաքուն Եւ Մոսկուան Շահագրգռուած Են  Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան  Եւ Անվտանգութեան Ապահովումով»  Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

«Պաքուն Եւ Մոսկուան Շահագրգռուած Են Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Եւ Անվտանգութեան Ապահովումով» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

Ռուսիան նպատակ ունի Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին չորեքշաբթի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պոչառնիքով: «Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիրին ստորագրումը երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կը բերէ նոր կայուն մակարդակի», ըսած է դիւանագէտը: Պոչառնիքովի համաձայն, Պաքուն եւ Մոսկուան շահագրգռուած են շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովումով:...

5 Սպաննուած` Թել Աւիւի Մէջ

5 Սպաննուած` Թել Աւիւի Մէջ

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ տեղեկացուցին, որ երէկ երեկոյեան հրաձգութեան մը պատճառով Թել Աւիւի «Պընի Պրաք»-ի մէջ սպաննուած է 5 հոգի, որոնց շարքին` իսրայէլացի ոստիկան մը: Կը նշուի, որ «Պընի Պրաք» շրջանի բնակիչները ծայրայեղ իսրայէլցիներ են, իսկ գործողութիւնը կատարողը Տիա Համարշան (26 տարեկան) է, որ ազատ արձակուած նախկին գերի է:

Պոլսոյ Մէջ Ռուս-Ուքրանական Բանակցութիւններ.  Քիեւ Չէզոք Կարգավիճակի Որդեգրման Առաջարկ  Ներկայացուցած Է. Մոսկուան Ուքրանիոյ  Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Դէմ Չէ

Պոլսոյ Մէջ Ռուս-Ուքրանական Բանակցութիւններ. Քիեւ Չէզոք Կարգավիճակի Որդեգրման Առաջարկ Ներկայացուցած Է. Մոսկուան Ուքրանիոյ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Դէմ Չէ

Երէկ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցան ռուս-ուքրանական բանակցութիւններ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Տոլմապահչէի պալատին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց. «Պոլսոյ մէջ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւններուն ընթացքին ամէնէն էական յառաջընթացը ձեռք բերուած է»: «Այսօր այս հոլովոյթին մէջ մինչեւ հիմա ամէնէն նշանակալի յառաջընթացը արձանագրուած է», ըսաւ ան` նշելով, որ Թուրքիան «շատ ուրախ է ատոր աջակցելով»: «Մենք կը տեսնենք,...

Այսօր Թուրքիոյ Մէջ Ընթացք Կ՛առնեն  Ռուս-Ուքրանական Բանակցութիւնները

Այսօր Թուրքիոյ Մէջ Ընթացք Կ՛առնեն Ռուս-Ուքրանական Բանակցութիւնները

Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւնները որոշած են դէմ առ դէմ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը կատարել 29-30 մարտին: Այս մասին «Թելեկրամ» ալիքին վրայ յայտնեց Ռուսիոյ պատուիրակութեան ղեկավար, նախագահի օգնական Վլատիմիր Մետինսքի: «Այսօր տեղի ունեցած է Ուքրանիոյ հետ տեսաժողովի շուրջ բանակցութիւններու հերթական փուլը, ատոր հիմամբ որոշուած է անձամբ հանդիպիլ 29-30 մարտին», գրեց ան: Ուքրանական կողմին հաղորդումով` բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Թուրքիոյ մէջ: Կիրակի օր...

«Իսրայէլի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Երկրորդ  Ահաբեկչութենէն Ետք Ուժայինները  Պէտք Է Յարմարին Նոր Սպառնալիքին»  Կ՛ըսէ Պենեթ

«Իսրայէլի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Երկրորդ Ահաբեկչութենէն Ետք Ուժայինները Պէտք Է Յարմարին Նոր Սպառնալիքին» Կ՛ըսէ Պենեթ

Վերջին օրերուն Իսրայէլի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի երկրորդ ահաբեկչական գործողութենէն ետք, իսրայէլեան պետութեան անվտանգութեան ծառայութիւնները պէտք է արագօրէն յարմարին այդ նոր սպառնալիքին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ: Ան այս մասին յայտարարած է 27 մարտին Հատերայի մէջ երկու իսրայէլացի ոստիկաններու սպանութենէն ետք: «Իսրայէլի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կողմնակիցներու երկրորդ յարձակումը անվտանգութեան ուժերէն կը պահանջէ արագ յարմարիլ...

ՕԹԱՆ-ի Անդամները Համաձայնեցան Դաշինքի  Արեւելեան Թեւը Ամրապնդել Եւ Ուքրանիոյ  Յաւելեալ Աջակցութիւն Ցուցաբերել

ՕԹԱՆ-ի Անդամները Համաձայնեցան Դաշինքի Արեւելեան Թեւը Ամրապնդել Եւ Ուքրանիոյ Յաւելեալ Աջակցութիւն Ցուցաբերել

Երէկ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցան Ուքրանիոյ տագնապին վերաբերեալ երեք վեհաժողովներ` «Եօթներու խմբակ»-ի, Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երեք վեհաժողովներուն ալ մասնակցեցաւ: ՕԹԱՆ-ի անդամները համաձայնեցան դաշինքի արեւելեան թեւը չորս յաւելեալ մարտական խումբերով ամրապնդել եւ Ուքրանիոյ յաւելեալ աջակցութիւն ուղարկել: Նշեալ մարտական խումբերը պիտի տեղակայուին Պուլկարիոյ, Հունգարիոյ, Ռումանիոյ ու Սլովաքիոյ մէջ եւ պիտի աւելնան արդէն իսկ Պալթեան երկիրներուն ու...

ՄԱԿ-ի Մէջ Թուրքիոյ Ներկայացուցիչը  Ռուսիան Մեղադրած Է Ռազմական  Յանցագործութիւններու Մէջ

ՄԱԿ-ի Մէջ Թուրքիոյ Ներկայացուցիչը Ռուսիան Մեղադրած Է Ռազմական Յանցագործութիւններու Մէջ

Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ յարձակումը միջազգային օրէնքի կոպտագոյն խախտում է: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտնած է ՄԱԿ-ի մէջ Թուրքիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու: «Թուրքիան երբեք ատիկա պիտի չընդունի: Մենք կոչ կ՛ուղղենք անյապաղ դադրեցնելու կրակոցը: Այս պատերազմին մէջ յաղթողներ չեն կրնար ըլլալ. այս պատերազմը պէտք չէ սկսեր եւ պէտք է անմիջապէս դադրեցուէր: Միջազգային ընտանիքը չի կրնար համակերպիլ ասոր հետ,...

Անգարա Արեւմուտքին Եւ Միացեալ Նահանգներուն  Կոչ Կ՛ուղղէ` Առանց Նախապայմանի Թուրքիոյ  «Էֆ-35» Եւ «Փաթրիոթ» Յանձնելու

Անգարա Արեւմուտքին Եւ Միացեալ Նահանգներուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Առանց Նախապայմանի Թուրքիոյ «Էֆ-35» Եւ «Փաթրիոթ» Յանձնելու

Թուրքիոյ նախագահական պալատի հաղորդակցութեան բաժինի ղեկավար Ֆահրեթթին Ալթուն Արեւմուտքին ու Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց «առանց որեւէ նախապայմանի» իր երկրին «ԷՖ-35» հալածիչներ եւ «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր յանձնելու: Ալթուն ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ ակնարկեց անցեալ շաբաթ լոյս տեսած յօդուածի մը, որ «կ՛առաջարկէր Թուրքիոյ ունեցած «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ դէմ օգտագործել, եւ...

Ռուսիան Հիւլէական Զէնք Կրնայ Օգտագործել,  «Եթէ Պետութեան Գոյութեան Վտանգ Սպառնայ»

Ռուսիան Հիւլէական Զէնք Կրնայ Օգտագործել, «Եթէ Պետութեան Գոյութեան Վտանգ Սպառնայ»

Ռուսիան հիւլէական զէնք կրնայ օգտագործել, եթէ պետութեան գոյութեան վտանգ սպառնայ: Այս մասին «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: Ռուսիոյ նախագահի բանբերը յղում կատարած է ազգային անվտանգութեան գործող փաստաթուղթերուն` նշելով, որ այնտեղ նկարագրուած են հիւլէական զէնքի կիրարկման բոլոր հիմնաւորումները:

«Բանակցութեան Մասնակից Պատուիրակութիւնը  Միացեալ Նահանգները  Կը Ներկայացնէ Եւ Ոչ Թէ Ուքրանիան»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Բանակցութեան Մասնակից Պատուիրակութիւնը Միացեալ Նահանգները Կը Ներկայացնէ Եւ Ոչ Թէ Ուքրանիան» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններուն մասնակցող ուքրանական պատուիրակութիւնը Ուքրանիոյ տեսակէտները չի ներկայացներ, այլ ամերիկեան ցուցմունքներուն հիմամբ կը գործէ: Անդրադառնալով Ռուսիա-Ուքրանիա բանակցութիւններուն` Զախարովա յայտնեց. «Կարելի է շինիչ երկխօսութիւն կատարել, եթէ զրուցակիցդ իր կողմը կը ներկայացնէ, Ուքրանիոյ վերաբերեալ մեր տեսածին հակառակ: Արդարեւ, բանակցութեան պատուիրակութիւնը կը հիմնուի Միացեալ Նահանգներու ցուցմունքին վրայ»: «Երբ մարդիկ իրենց հայրենիքն ու...

Ասատ Հանդիպում Ունեցաւ  Ապտոլլահեանի Հետ

Ասատ Հանդիպում Ունեցաւ Ապտոլլահեանի Հետ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երէկ բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց Դամասկոս, ուր հասնելէ անմիջապէս ետք յայտարարեց. «Սուրիան եւ Իրանը մէկ խրամատի մէջ են, եւ Թեհրան կ՛աջակցի Սուրիոյ ղեկավարութեան, կառավարութեան եւ ժողովուրդին»: Ան աւելցուց. «Մեր երկիրներուն երկկողմանի յարաբերութիւնները լաւագոյն վիճակի մէջ են»: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ դիմաւորելով իր պաշտօնակիցը յայտնեց. «Պիտի քննարկենք երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ այն...

«Նախաձեռնութիւնները, Ներառեալ  Իսրայէլեանն Ու Թրքականը, Չենք Մերժեր,  Սակայն Ունինք Կարմիր Գիծեր, Որոնց Վերաբերեալ  Կարելի Չէ Խօսքերով Բաւարարուիլ»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Նախաձեռնութիւնները, Ներառեալ Իսրայէլեանն Ու Թրքականը, Չենք Մերժեր, Սակայն Ունինք Կարմիր Գիծեր, Որոնց Վերաբերեալ Կարելի Չէ Խօսքերով Բաւարարուիլ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց. «Այն ինչ որ Ուքրանիոյ մէջ կը տեսնենք ի վնաս Ռուսիոյ Արեւմուտքին ներկայութիւնը հաստատելու փորձ է եւ միաբեւեռութեան քաղաքականութեան որդեգրում»: «Արեւմուտքը այժմ աշխատանք կը տանի Ռուսիան մեկուսացնելու, եւ ՕԹԱՆ-ը դէպի արեւելք կ՛ընդլայնի, ինչ որ մեր անվտանգութեան սպառնալիք է», ըսաւ Լաւրով: «Արեւմուտքը ցեղապաշտական խմբաւորումներու կ՛աջակցի, եւ ներկայիս տեղի ունեցողը, մասնաւորաբար Ուքրանիոյ մէջ, երկար ատենէ ծրագրուած...

Ալիեւ Պայտընին Պատասխան Նամակին Մէջ  Յոյս Յայտնած Է, Որ «Միացեալ Նահանգներ  Պիտի Սատարէ Ազրպէյճանի Խաղաղ Օրակարգը»

Ալիեւ Պայտընին Պատասխան Նամակին Մէջ Յոյս Յայտնած Է, Որ «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Սատարէ Ազրպէյճանի Խաղաղ Օրակարգը»

Իլհամ Ալիեւ նամակով շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին` Ազրպէյճանի ժողովուրդին Նովրուզի տօնին, երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական կապերու 30-ամեակին առիթով շնորհաւորելուն համար: Ալիեւ նամակին մէջ անդրադարձած է նաեւ շրջանի հարցերուն` գրելով. «Ազրպէյճանը, իբրեւ խաղաղութեան աջակից, պատրաստ է սկսելու Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւնները, որոնք պէտք է հիմնուին միջազգային օրէնքի առանցքային կէտերու` տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան եւ սահմաններու անքակտելիութեան...

«Բանակցութիւններուն Մէջ  Փոխադարձ Զիջումները  Վերջնականապէս Պիտի Որոշուին  Համաուքրանական Հանրաքուէով»  Կ՛ըսէ Զելենսքի

«Բանակցութիւններուն Մէջ Փոխադարձ Զիջումները Վերջնականապէս Պիտի Որոշուին Համաուքրանական Հանրաքուէով» Կ՛ըսէ Զելենսքի

Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ բանակցութիւններուն մէջ փոխադարձ զիջումները վերջնականապէս պիտի որոշուին համաուքրանական հանրաքուէով: Անոնց շարքին են Տոնպասի եւ Խրիմի ժամանակաւորապէս բռնագրաւուած տարածքներու անվտանգութեան երաշխիքներու հարցերը: Այս մասին «Սուսփիլնի»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի: «Իսկ պատասխանը շատ յստակ է: Մենք բոլորս արդէն կը հասկնանք: Մեզ չեն ընդունիր ՕԹԱՆ-ի մէջ, որովհետեւ Ռուսիայէն կը վախնան: Ահա եւ վերջ: Եւ մենք...

Քերիմ Վելիեւ-Ալեքսէյ Քիմ Հանդիպում.  Ազրպէյճան Կը Փորձէ Զինաթափել Արցախը

Քերիմ Վելիեւ-Ալեքսէյ Քիմ Հանդիպում. Ազրպէյճան Կը Փորձէ Զինաթափել Արցախը

Ազրպէյճանի սպայակոյտի պետ Քերիմ Վելիեւ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ ցամաքային զօրքերու խաղաղապահ գործունէութեան գծով ընդհանուր հրամանատարի տեղակալ, գնդապետ-զօրավար Ալեքսէյ Քիմի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան: «Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ու Ռուսիոյ նախագահներուն եւ Հայաստանի վարչապետին միջեւ ստորագրուած յայտարարութեան կէտերուն իրականացումը, ինչպէս նաեւ գետնի վրայ կացութիւնը Ազրպէյճանի...

«Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու  Յարաբերութիւնները Խզման Եզրին Են»  Կ՛ըսէ Ռիապքով

«Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Յարաբերութիւնները Խզման Եզրին Են» Կ՛ըսէ Ռիապքով

Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները Ուաշինկթընի մեղքով խզման եզրին են: Այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգները ապագային ո՞ր գիծը կ՛ընտրեն: «Երէկ ամերիկացի դեսպանին յանձնուած է բողոքագիր մը, որուն մէջ կը նշուի, որ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, յարաբերութիւնները խզելու եզրին է: Անգամ մը եւս կը շեշտեմ, որ խնդիրը այն գիծն է,...

«Կը Կարծեմ` Միացեալ Նահանգներ Կրնան Լուրջ Ներդրում Ունենալ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Կայուն Խաղաղութեան Հաստատման Եւ Վստահութեան Ամրապնդման Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Պայտըն Նովրուզի Առիթով Շնորհաւորած Է Ալիեւը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Նովրուզի տօնին առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Ամերիկեան վարչակազմը պիտի շարունակէ աջակցիլ Հարաւային Կովկասի մէջ ժողովրդավարութեան, խաղաղութեան եւ բարգաւաճման հաստատման: Մենք Ազրպէյճանի հետ պիտի աշխատինք նաեւ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ, մասնաւորաբար անվտանգութեան խնդիրներու, շրջանային հաշտեցման եւ տնտեսական նոր կարելիութիւններու փնտռտուքի ուղղութեամբ», նշուած է Միացեալ...

Page 273 of 882 1 … 272 273 274 … 882

Արխիւներ