Միջազգային

«Ընտրութեան Երկրորդ Փուլը Որոշիչ Պիտի Ըլլայ Երկրին Եւ Ամբողջ Եւրոպային Համար»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Ընտրութեան Երկրորդ Փուլը Որոշիչ Պիտի Ըլլայ Երկրին Եւ Ամբողջ Եւրոպային Համար» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն խօսած է ներկայ նախագահական ընտրութեան Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի համար ներկայացուցած կարեւորութեան մասին: «Ռեկնում» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի գործող նախագահը այս մասին յայտարարած է լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին: «Կը խնդրեմ բոլոր համերկրացիներէն` անկախ իրենց հայեացքներէն, երկրորդ փուլին ինծի աջակցիլ: Ատիկա որոշիչ պիտի ըլլայ երկրին եւ ամբողջ Եւրոպային համար», ըսած է Մաքրոն: Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան առաջին...

Ըստ «Տը Թայմզ»-ին.  Ֆինլանտան Եւ Շուէտը Մտադիր Են Այս Ամառ Միանալ ՕԹԱՆ-ին

Ըստ «Տը Թայմզ»-ին. Ֆինլանտան Եւ Շուէտը Մտադիր Են Այս Ամառ Միանալ ՕԹԱՆ-ին

Շուէտն ու Ֆինլանտան մտադիր են այս տարուան ամրան միանալ ՕԹԱՆ-ին: Այս մասին հաղորդեց բրիտանական «Տը Թայմզ» օրաթերթը` յղում կատարելով իր աղբիւրներուն: Ինչպէս կը գրէ օրաթերթը, ամերիկացի անանուն պաշտօնատարներու համաձայն, նշեալ երկիրներու դաշինքին անդամակցութիւնը ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու բազմաթիւ հանդիպումներու եւ քննարկումներու նիւթը դարձած է: «Կ՛ակնկալուի, որ Ֆինլանտան յունիսին անդամակցութեան դիմում ներկայացնէ, իսկ անոր պիտի յաջորդէ Շուէտը», կը գրէ...

Ֆրանսայի Նախագահական Ընտրութիւն. Մաքրոն Եւ Լը Փեն Կ՛անցնին 2-րդ Փուլ

Ֆրանսայի Նախագահական Ընտրութիւն. Մաքրոն Եւ Լը Փեն Կ՛անցնին 2-րդ Փուլ

Ֆրանսայի մէջ երէկ առաւօտեան ժամը 6:00-ին ընթացք առաւ նախագահական ընտրութիւնը: Նախագահի պաշտօնին թեկնածու ներկայացած էին 12 թեկնածուներ, որոնք քաղաքական բազմաթիւ կազմակերպութիւններ կը ներկայացնեն: Արտասահմանի մէջ գտնուող ֆրանսացիներու քուէարկութիւնը սկսաւ շաբաթ օր: Բացի Չինաստանի Շենկհայ քաղաքը բնակողներուն, որոնք չկրցան քուէարկել «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով չինական իշխանութիւններուն հաստատած ընդհանուր փակումի դրութեան պատճառով: Ըստ երէկ գիշեր հրապարակուած նախնական տուեալներուն, գործող նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն...

«Անհրաժեշտ Է Ռուսիան Հեռացնել ԵԱՀԿ-էն»  Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Անհրաժեշտ Է Ռուսիան Հեռացնել ԵԱՀԿ-էն» Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ (ԵԱՀԿ) անհրաժեշտ է ստեղծել անդամակցութենէն զրկելու մեքանիզմ եւ Ռուսիան հեռացնել: «Քորրեսփոնտընթ» կը հաղորդէ, որ նման առաջարկ կատարած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպան: Անոր համաձայն, Ռուսիոյ ԵԱՀԿ-ին անդամակցութիւնը վտանգ կը ներկայացնէ Եւրոպայի անվտանգութեան համար: «Ռուսիոյ չարդարացուած յարձակումը եւ վայրագութիւնները քանդեցին Հելսինքեան վերջնական հռչակագիրի հիմերը: Ռուսիոյ ԵԱՀԿ-ին անդամակցութիւնը վտանգ կը ներկայացնէ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ...

«Ռուսիան Ուզեց Ուքրանիան Առնել  Իր Տիրապետութեան Տակ, Իր Հզօրութիւնը  Հաստատել Եւ Արեւմուտքը Պառակտել,  Սակայն Այդ Բոլորին Մէջ Ձախողեցաւ»  Կ՛ըսէ Պլինքըն

«Ռուսիան Ուզեց Ուքրանիան Առնել Իր Տիրապետութեան Տակ, Իր Հզօրութիւնը Հաստատել Եւ Արեւմուտքը Պառակտել, Սակայն Այդ Բոլորին Մէջ Ձախողեցաւ» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Որեւէ պատերազմ միշտ կ՛աւարտի խաղաղութեամբ, եւ բանակցութիւններ անհրաժեշտ են փրկելու համար կեանքերը, զորս տակաւին կարելի է փրկել: «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին: «Շատ կարեւոր է դադրեցնել այս պատերազմը: Թէեւ ատիկա դժուար է, զգացականօրէն դժուար, ոչ ոք կ՛ուզէ խօսիլ մարդոց հետ, որոնք կը ծաղրեն երկիրը: Զանոնք կարելի է հասկնալ, ես ինքս զանոնք շատ լաւ կը...

Քիեւ Ռուսական Զօրքերը Կ՛ամբաստանէ  Քրամաթորսքի Շոգեկառքի Կայանի Ռմբակոծումի  Յանցանքով. Մոսկուա Կը Հերքէ

Քիեւ Ռուսական Զօրքերը Կ՛ամբաստանէ Քրամաթորսքի Շոգեկառքի Կայանի Ռմբակոծումի Յանցանքով. Մոսկուա Կը Հերքէ

Ուքրանական իշխանութիւնները յայտնեցին, որ ռուսական կողմը օգտագործած է «Իսքանտեր» հրթիռներ, որոնցմով հարուածած է Քրամաթորսքի շոգեկառքի կայանը` քաղաքայիններու շարքին պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ: Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի իր կարգին յայտնեց. «Բռնագրաւողները «Թոչքա Ու»-ով հարուածած են Քրամաթորսքի շոգեկառքի կայանը, ուր հազարաւոր ուքրանացի խաղաղ բնակիչներ կը սպասէին տարհանման… Ռուս հրէշները չեն հրաժարիր իրենց գործելաոճէն: Չունենալով մեզ մարտի դաշտին մէջ դիմակայելու ուժ եւ քաջութիւն`...

«Ֆրանսան Պիտի Դառնայ Ուքրանիոյ  Անվտանգութեան Երաշխաւորը»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Ֆրանսան Պիտի Դառնայ Ուքրանիոյ Անվտանգութեան Երաշխաւորը» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ իր երկիրը Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխաւորը պիտի դառնայ: Անոր համաձայն, Ուքրանիոյ մէջ «որոշ պահու» զինադադար պիտի ըլլայ, եւ պէտք է խաղաղութիւն հաստատել: Ան այս մասին յայտնեց «Լը Փարիզիեն» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Ատիկա չի կրնար տեղի ունենալ առանց երաշխաւորի, եւ Ֆրանսան կոչուած է ըլլալու այդ երաշխաւորներէն մէկը», ըսաւ Մաքրոն: Ֆրանսայի նախագահը նաեւ ունի այն կարծիքը,...

«Քիեւ Ներկայացուցած Է Համաձայնութեան  Նոր Նախագիծ, Ուր Պոլիսեան  Համաձայնութիւններէն Շեղում Կայ»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Քիեւ Ներկայացուցած Է Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ, Ուր Պոլիսեան Համաձայնութիւններէն Շեղում Կայ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ըսած է, որ բանակցութեան խումբին մէջ Ուքրանիան 6 ապրիլին ներկայացուցած է համաձայնութեան նոր նախագիծ մը, ուր ակնյայտօրէն նահանջ կայ Պոլսոյ մէջ 29 մարտի հանդիպումի ընթացքին ամրագրուած կարեւոր կէտերէն: «Ընդ որում, փաստաթուղթին վրայ կայ ուքրանական պատուիրակութեան ղեկավար Արախամիի ստորագրութիւնը», նշած է Լաւրով: «Ինթըրֆաքս»-ի համաձայն, ան միեւնոյն ժամանակ ըսած է, որ հակառակ բոլոր սադրանքներուն` ռուսական...

ՄԱԿ- ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդը Ընդունեց  Հայաստանի Կողմէ Առաջադրուած  «Ցեղասպանութեան Կանխարգիլում» Բանաձեւը

Ընդհանուր Ժողովը Կասեցուցած Է Ռուսիոյ Մասնակցութիւնը ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդին

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը կասեցուցած է Ռուսիոյ մասնակցութիւնը Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին: Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, այդ որոշումը պայմանաւորուած է Ուքրանիոյ մէջ  Ռուսիոյ գործողութիւններով: Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած այս նախաձեռնութիւնը հաւաքած է 93 կողմ ձայն, 24 երկիր դէմ քուէարկած է, իսկ 58 երկիր մնացած է ձեռնպահ: Կը նշուի, որ խորհուրդին մէջ մասնակցութեան կասեցում հազուադէպ կը պատահի: Լիպիոյ մասնակցութիւնը դադրեցուած էր 2011-ին` այդ երկրի...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Աջակցած Է Թուրքիոյ  «Էֆ-16»-ներու Վաճառքին

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Աջակցած Է Թուրքիոյ «Էֆ-16»-ներու Վաճառքին

Թուրքիոյ «ԷՖ-16»-ներու հաւանական վաճառքը կը բխի Ուաշինկթընի շահերէն: Այս մասին կը նշուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան` Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին ուղղուած նամակին մէջ: «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ. «Ըստ ստացուած վերջին լուրերուն, նամակին մէջ կ՛ընդգծուի, որ Թուրքիոյ «ԷՖ-16»-ներու հաւանական վաճառքը պիտի բխի Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան շահերէն»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կարծիքով` հակառակ Թուրքիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու լարուած յարաբերութիւններուն, Ուքրանիոյ...

«Փութին Համաձայն Է Ուքրանիոյ Հետ  Հունգարիոյ Մէջ Բանակցելու»  Կ՛ըսէ Օրպան

«Փութին Համաձայն Է Ուքրանիոյ Հետ Հունգարիոյ Մէջ Բանակցելու» Կ՛ըսէ Օրպան

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հրաւիրած է Հունգարիա` խաղաղ բանակցութիւններու համար: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Օրպան ըսած է, որ Փութինը հրաւիրած է Հունգարիոյ մէջ խաղաղ բանակցութիւններու` Ուքրանիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներուն, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ վարչապետին մասնակցութեամբ: Ան ըսած է, որ Փութինի պատասխանը դրական է, սակայն Փութին ըսած է, որ պայմաններ պիտի դնէ», կը...

Սպիտակ Տուն. «Չինաստանը Պատմութեան  Սխալ Կողմը Կանգնած Է»

Սպիտակ Տուն. «Չինաստանը Պատմութեան Սխալ Կողմը Կանգնած Է»

Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտնեց, որ Չինաստանը «պատմութեան սխալ կողմը» կանգնած է, ինչ կը վերաբերի «Ուքրանիոյ մէջ կացութեան եւ Քիեւի արուարձան Պուչա քաղաքին մէջ կատարուած ջարդին»: Փսաքի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Ես պարզապէս կ՛ըսեմ, որ եթէ ռուսական կառավարութեան եւ նախագահ Փութինի քարոզչութիւնը կը կրկնէք, ապա պատմութեան սխալ կողմը կանգնած էք»: Սպիտակ տան բանբերը այդ մասին յայտարարեց` մեկնաբանելով ՄԱԿ-ի մէջ...

«Ուքրանիոյ Մէջ Տագնապը Շուտ  Պիտի Չաւարտի, Տարիներ Պիտի Տեւէ»  Կ՛ըսէ Զօր. Միլի

«Ուքրանիոյ Մէջ Տագնապը Շուտ Պիտի Չաւարտի, Տարիներ Պիտի Տեւէ» Կ՛ըսէ Զօր. Միլի

Միացեալ Նահանգերու զինեալ ուժերու սպայակոյտերու ղեկավարներու միացեալ յանձնախումբի նախագահ Մարք Միլի զգուշացուցած է, որ ժամանակակից աշխարհին վրայ մեծ տէրութիւններուն միջեւ զգալի միջազգային տագնապի հաւանականութիւնը կը մեծնայ, ոչ թէ` կը նուազի: Այս մասին հաղորդեց «Կոլոսամերիքի» կայքը: «Ռուսիոյ զինեալ ուժերու Ուքրանիա ներխուժումը լրջագոյն սպառնալիքն է Եւրոպայի եւ, հաւանաբար, աշխարհի խաղաղութեան ու անվտանգութեան` Միացեալ Նահանգներու բանակին մէջ իմ 42-ամեայ ասպարէզիս ընթացքին», ըսած է...

«Մոսկուան Պիտի Պատասխանէ Ռուսիոյ Դէմ  Իւրաքանչիւր Ոչ Բարեկամական Գործողութեան»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Մոսկուան Պիտի Պատասխանէ Ռուսիոյ Դէմ Իւրաքանչիւր Ոչ Բարեկամական Գործողութեան» Կ՛ըսէ Զախարովա

Մոսկուան Ռուսիոյ դէմ ուղղուած իւրաքանչիւր քայլին համապատասխան հակազդեցութիւն պիտի ունենայ: Այս մասին «Սփութնիք» ձայնասփիւռի կայանէն ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` մեկնաբանելով արեւմտեան երկիրներէն ռուս դիւանագէտներու արտաքսման զանգուածային դէպքերը: «Իւրաքանչիւր նման ոչ բարեկամական արարքի համար մենք համապատասխան հակազդեցութիւն պիտի ունենանք», ըսած է Զախարովա: Ան ընդգծած է, որ արեւմտեան գործընկերներու նման քայլերը «տէ ֆաքթօ կը յանգեցնեն երկկողմանի յարաբերութիւններու...

«Ուքրանիոյ Հետ Անհրաժեշտ Է Բանակցիլ Այնպէս,  Որ Ամբողջութեամբ Բացառուի ՕԹԱՆ-ի Դէպի Արեւելք,  Նախ Եւ Առաջ Դէպի Ուքրանիա Ընդլայնումը»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ուքրանիոյ Հետ Անհրաժեշտ Է Բանակցիլ Այնպէս, Որ Ամբողջութեամբ Բացառուի ՕԹԱՆ-ի Դէպի Արեւելք, Նախ Եւ Առաջ Դէպի Ուքրանիա Ընդլայնումը» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ուքրանիոյ հետ համաձայնութիւնները պէտք է ամբողջովին բացառեն ՕԹԱՆ-ի դէպի արեւելք ընդլայնումը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Անհրաժեշտ է բանակցիլ այնպէս, որ ամբողջութեամբ բացառուի ՕԹԱՆ-ի դէպի արեւելք, նախ եւ առաջ դէպի Ուքրանիա ընդլայնումը», ըսած է Լաւրով: Անոր համաձայն, եթէ Ուքրանիան հրաժարի քննարկել ապառազմականացումն ու ապաազգայնականացումը, ապա ատիկա պիտի չնպաստէ բանակցութիւններու...

Ղազախստանը «Այս Պահուս» Չի Ճանչնար  Տոնեցքի Եւ Լուկանսքի Հանրապետութիւնները

Ղազախստանը «Այս Պահուս» Չի Ճանչնար Տոնեցքի Եւ Լուկանսքի Հանրապետութիւնները

Ղազախստանը չի ճանչնար Ուքրանիոյ արեւելքը գտնուող Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ինքնահռչակ հանրապետութիւնները: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Մուխթար Թլէուպերտին: «Այս պահուս մենք չենք ճանչնար ո՛չ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւնը, ո՛չ Տոնեցքի հանրապետութիւնը», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ղազախական ծառայութեան հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Թլէուպերտին` միեւնոյն ժամանակ աւելցնելով, որ Նուրսուլթանը նաեւ չի պատրաստուիր միանալու Ռուսիոյ...

Տեղեկութեան Նոր Սպրդում Մը Մոսատի`  Ղազախստանի Նախագահին Դէմ Մահափորձ  Կատարած Ըլլալը Կը Բացայայտէ

Տեղեկութեան Նոր Սպրդում Մը Մոսատի` Ղազախստանի Նախագահին Դէմ Մահափորձ Կատարած Ըլլալը Կը Բացայայտէ

Ինքզինք «Բաց ձեռքեր» կոչող համացանցահէններու խմբակը շարունակեց իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան` Մոսատի ղեկավար Տաւիտ Պարնիաղի անձնական տուեալները հրապարակել: «Եբրայական 13» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իրանեան «Օփըն Հանտզ» («Բաց ձեռքեր», «Ա.») խմբակը, որ շուրջ երեք շաբաթ առաջ Մոսատի ղեկավարին պատկանող փաստաթուղթեր հրապարակած էր, երէկ «Թելեկրամ»-ի ճամբով բացայայտած է, թէ Մոսատը փորձած է Ղազախստանի նախագահ Քասեմ Ճոմարթ Թոքայեւը ահաբեկել: Համացանցահէնային խմբակը յայտնեց, որ...

Անտառային Հրդեհներու Հարցին Շուրջ  Չաւուշօղլու-Պայրամով Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Չաւուշօղլու Եւ Պայրամով Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Կացութիւնը

Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան: «Կողմերը միտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող ընթացիկ կացութեան, ներառեալ եռակողմ յայտարարութիւններու իրականացման շուրջ, քննարկած են նաեւ Ուքրանիոյ կացութիւնը», նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Ուաշինկթըն Եւ Անգարա Երկկողմանի  Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան  Յաղթահարումը Կը Յայտարարեն

Ուաշինկթըն Եւ Անգարա Երկկողմանի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Յաղթահարումը Կը Յայտարարեն

Ամիսներ տեւած բանակցութիւններէ ետք, Ուաշինկթըն եւ Անգարա կը յայտարարեն երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան յաղթահարումը` պատրաստակամութիւն յայտնելով կեդրոնանալու տնտեսական եւ պաշտպանական ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան վրայ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Արմէնփրես»` յղում կատարելով «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները գործարկած են Միացեալ ռազմավարական մեքանիզմ մը, որուն նպատակը երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի համագործակցութեան հետագայ ընդլայնումն է: «Համաձայն...

Եւրոպական Պետութիւնները Բազմաթիւ  Ռուս Դիւանագէտներ Կ՛արտաքսեն

Եւրոպական Պետութիւնները Բազմաթիւ Ռուս Դիւանագէտներ Կ՛արտաքսեն

Եւրոպական շարք մը երկիրներ կ՛արտաքսեն բազմաթիւ ռուս դիւանագէտներ: Գերմանիան արտաքսեց 40 ռուս դիւանագէտներ, Իտալիան` 30, Դանիան` 15, Սպանիան` 25: Նախապէս նոյնպիսի որոշում տուած էր նաեւ Ֆրանսան: Լաթվիան ու Լիթուանիան ալ վտարեցին Ռուսիոյ դեսպանները: Լաթվիան նաեւ Մոսկուայէն իր դեսպանի տուն կանչուիլը յայտարարեց: Ռուսիոյ դիւանագէտներու արտաքսումը տեղի կ՛ունենայ Ուքրանիոյ մէջ շարունակուող պատերազմի լոյսին տակ` մասնաւորաբար ի պատասխան Պուչայի մէջ խաղաղ բնակիչներու սպանութեան,...

Page 271 of 882 1 … 270 271 272 … 882

Արխիւներ