Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին` երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Փութին նաեւ յիշեցուցած է, որ երկու երկիրները անցեալ եւ նախորդ տարի կնքուած եռակողմ համաձայնագիրներու հիման վրայ միասին կ՛աշխատին` ամրապնդելու անդրկովկասեան շրջանին մէջ կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը:
Խօսելով այս տարի Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ ստորագրուած դաշնակցային համագործակցութեան վերաբերեալ հռչակագիրին մասին` Ռուսիոյ նախագահը վստահութիւն յայտնած է, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները նոր, որակապէս աւելի բարձր մակարդակի հասցնելը կը համապատասխանէ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներու հիմնարար շահերուն: