Միջազգային

Փութին Այցելեց Խերսոն

Փութին Այցելեց Խերսոն

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այցելած է Ուքրանիոյ մէջ յատուկ զինուորական գործողութեան գօտիի` Խերսոնի մէջ «Տնեփր» զօրքերու սպայակոյտի կեդրոն եւ ինքնահռչակ Լուկանսքի ժողովրդական Հանրապետութեան տարածքին մէջ Ազգային պահակագունդի «Վոսթոք» խումբի սպայակոյտի կեդրոն: Այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը: «Վլատիմիր Փութին Խերսոնի մարզին մէջ գտնուող «Տնեփր» զօրքերու հրամանատարութեան կեդրոնին մէջ լսած է անկարգելաւոր ուժերու հրամանատար զօրավար-գնդապետ Միխայիլ Թեփլինսքիի, «Տնեփր» զօրքերու խումբի...

Պլինքըն. «Սուտանի Մէջ Ամերիկեան Դիւանագիտական Շքախումբ Մը Կրակոցի Ենթարկուեցաւ. Յարձակումին Հեղինակները Արագ Աջակցութեան Առնչուած Տարրեր Են»

Պլինքըն. «Սուտանի Մէջ Ամերիկեան Դիւանագիտական Շքախումբ Մը Կրակոցի Ենթարկուեցաւ. Յարձակումին Հեղինակները Արագ Աջակցութեան Առնչուած Տարրեր Են»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն «Եօթներու խմբակ»-ի ժողովէն ետք յայտարարեց. «Ամերիկեան դիւանագիտական շքախումբ մը երէկ Սուտանի մէջ կրակոցի ենթարկուեցաւ: Նախնական տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ յարձակումը գործուած է Արագ աջակցութեան առնչուած տարրերու կողմէ»: «Մեր անձնակազմի բոլոր անդամները անվնաս են եւ չեն վիրաւորուած, սակայն այս արարքը անխոհեմ ու անպատասխանատու էր», աւելցուց Պլինքըն: «Սուտանի հարցով հաղորդակցութեան մէջ ենք Արաբական Միացեալ...

«Փեքին Պատրաստ Է Միջին Արեւելքի Մէջ Խաղաղութեան Բանակցութիւնները Դիւրացնելու» Կ՛ըսէ Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Փեքին Պատրաստ Է Միջին Արեւելքի Մէջ Խաղաղութեան Բանակցութիւնները Դիւրացնելու» Կ՛ըսէ Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Չինկ Կանկ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհենի եւ Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքիի հետ անջատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընթացքին նշեց, որ իր երկիրը պատրաստ է խաղաղութեան բանակցութիւնները դիւրացնելու: Այս մասին հաղորդեց չինական պետական «Շինխուա» լրատու գործակալութիւնը: Ըստ լրատու գործակալութեան, չինական դիւանագիտութեան պետը կողմերը քաջալերած է շարունակելու խաղաղութեան բանակցութիւնները` նշելով. «Չինաստան պատրաստ է այդ հարցը դիւրացնելու»:...

Սէուտական Արաբիան Ու Սուրիան Հիւպատոսական  Ծառայութիւններու Եւ Թռիչքներու  Վերականգնումը Յայտարարեցին

Սէուտական Արաբիան Ու Սուրիան Հիւպատոսական Ծառայութիւններու Եւ Թռիչքներու Վերականգնումը Յայտարարեցին

Սէուտական Արաբիան ու Սուրիան երկու երկիրներուն միջեւ հիւպատոսական ծառայութիւններու եւ թռիչքներու վերականգնումը յայտարարեցին: Այս մասին հաղորդեց սէուտական պետական պատկերասփիւռի կայանը: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի 12 ապրիլի երեկոյեան Ժետտա կատարած այցելութեան աւարտին հրապարակուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն` Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանն ու անոր սուրիացի պաշտօնակիցը քննարկած են Սուրիոյ իր արաբական շրջապատ վերադարձին ու...

Ուզպեքիստանի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Ռուսիոյ,  Չինաստանի, Իրանի Եւ Փաքիստանի  Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հանդիպումը

Ուզպեքիստանի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Ռուսիոյ, Չինաստանի, Իրանի Եւ Փաքիստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հանդիպումը

13 ապրիլին Ուզպեքիստանի Սամարշանտ քաղաքին մէջ Աֆղանիստանի դրացի երկիրներու չորրորդ նախարարական ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած է շրջանային «քառեակ»-ի երկիրներու` Ռուսիոյ, Չինաստանի, Իրանի եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարներու երկրորդ ոչ պաշտօնական հանդիպումը` նուիրուած Աֆղանիստանի խնդիրին: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Հանդիպումը կարելիութիւն ընձեռած է վստահութեան մթնոլորտի մէջ անկեղծօրէն քննարկելու Աֆղանիստանի մէջ կացութիւնը` շեշտը դնելով անվտանգութեան երեւոյթներու...

«Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Փոխհատուցէ  Հակառուսական Պատժամիջոցներէն  Տուժած Երրորդ Երկիրներուն»  Կ՛ըսէ Պորել

Պորել 13-15 Ապրիլին Չինաստան Պիտի Այցելէ

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ճոզեփ Պորել 13-էն 15 ապրիլ երկարող օրերուն պիտի այցելէ Չինաստան: Յիշեցնենք, որ քանի մը օր առաջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյեն այցելած էին Փեքին:

Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդը  Ուրբաթ Օր Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձի  Կարելիութիւնը Պիտի Քննարկէ

Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդը Ուրբաթ Օր Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձի Կարելիութիւնը Պիտի Քննարկէ

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը հրաւիրեց ժողով մը` քննարկելու համար Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադարձի կարելիութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Կը նախատեսուի, որ ժողովը գումարուի ուրբաթ օր Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաքին մէջ` մասնակցութեամբ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարներուն: Քաթար իր կարգին յայտարարեց, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութենէն հրաւէր ստացած է`...

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց  Նախարարը Ժետտա Կ՛այցելէ

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Ժետտա Կ՛այցելէ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ երէկ հասաւ Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաք: Ասիկա Սուրիոյ տագնապի սկիզբէն ետք Սէուտական Արաբիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններու խզումէն ի վեր Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի առաջին այցելութիւնն է Սէուտական Արաբիա: Ժետտայի «Մալեք Ապտել Ազիզ» օդակայանին մէջ զինք դիմաւորեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:  

Սալիվըն Եւ Պըն Սալման Քննարկած Են  Եմէնի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալու Դիւանագիտական  Ջանքերն Ու Շրջանային Կացութիւնը

Սալիվըն Եւ Պըն Սալման Քննարկած Են Եմէնի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալու Դիւանագիտական Ջանքերն Ու Շրջանային Կացութիւնը

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը քննարկած են շրջանային ու միջազգային կացութիւններն ու Եմէնի մէջ պատերազմին վերջ տալու դիւանագիտական ընթացիկ ջանքերը: Սպիտակ տան համաձայն, Սալիվըն լուսարձակի տակ առած է Եմէնի մէջ «նկատառելի յառաջդիմութիւնը», որ արձանագրուած է անցեալ տարուան ընթացքին, ուր բախումները գրեթէ դադրած են ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ...

Սուրիա Որոշեց Վերաբանալ Թունուզի Մէջ  Իր Դեսպանատունը Եւ Շուտով Դեսպան Նշանակել

Սուրիա Որոշեց Վերաբանալ Թունուզի Մէջ Իր Դեսպանատունը Եւ Շուտով Դեսպան Նշանակել

Սուրիոյ եւ Թունուզի իշխանութիւնները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, որ ընդառաջելով Թունուզի նախագահ Քայս Սայիտի Դամասկոսի մէջ իր երկրի դեսպան մը նշանակելու նախաձեռնութեան, Սուրիան որոշեց վերաբանալ Թունուզի մէջ իր դեսպանատունը եւ շուտով դեսպան նշանակել: Երկու կողմերը նշեցին, որ սուրիական-թունուզական յարաբերութիւնները իրենց բնականոն հունին վերադարձնելու իրենց նախանձախնդրութենէն մեկնելով` երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կը շարունակեն իրենց միջեւ խորհրդակցութիւններն ու համակարգումը` ամրագրելով...

Պոկտանով. «Սուրիոյ Եւ Թուրքիոյ Հարցով  Քառակողմ Ժողովը Մօտ Օրէն Պիտի Գումարուի»

Պոկտանով. «Սուրիոյ Եւ Թուրքիոյ Հարցով Քառակողմ Ժողովը Մօտ Օրէն Պիտի Գումարուի»

Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտնեց, որ Ռուսիոյ, Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման թուականին շուրջ համաձայնութիւնը մօտ օրէն պիտի գոյանայ: Այս մասին հաղորդեց «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանը` յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ նշեալ ժողովը մայիսի սկի՞զբը պիտի գումարուի, Պոկտանով 10 ապրիլին յայտնած է. «Նախապատրաստութիւնները ընթացքի մէջ...

Իրանեան Պատուիրակութիւն Մը Հասաւ Ռիատ`  Առ Ի Պատրաստութիւն Իրանի  Դեսպանատան Վերաբացման

Իրանեան Պատուիրակութիւն Մը Հասաւ Ռիատ` Առ Ի Պատրաստութիւն Իրանի Դեսպանատան Վերաբացման

Իրանեան պատուիրակութիւն մը Սէուտական Արաբիա հասաւ` պատրաստելու համար Ռիատի մէջ Իրանի դեսպանատան ու Ժետտայի մէջ հիւպատոսարանին վերաբացումը: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը: Լրագրող Ապպաս Ասլանի, յղում կատարելով աղբիւրներու, հաղորդած է, որ նշեալ պատուիրակութենէն խումբ մը մեկնած է Ժետտա` հիւպատոսարանը բանեցնելու համար, իսկ այլ խումբ մը պիտի մնայ Ռիատ` դեսպանատունը բանեցնելու համար: Թեհրան ժամեր առաջ հաստատած էր, որ իրապէս ճշդած...

Ըստ Չաւուշօղլուի.  Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Այս Շաբաթ Կրնայ Այցելել Անգարա

Ըստ Չաւուշօղլուի. Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այս Շաբաթ Կրնայ Այցելել Անգարա

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի այս շաբաթ կրնայ այցելել Անգարա, ուր այլ նիւթերու շարքին պիտի քննարկուի նաեւ դեսպաններու փոխադարձ նշանակման հարցը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի յայտարարութիւնը: «Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրին, ինչպէս կ՛ակնկալենք, այս շաբաթ կրնայ այցելել մեր երկիր: Հիմա կը քննարկենք մանրամասնութիւնները, քանի մը օրէն...

Սուրիոյ, Թուրքիոյ, Ռուսիոյ Եւ Իրանի  Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը  Նախատեսուած Է Մայիսի Սկիզբը

Սուրիոյ, Թուրքիոյ, Ռուսիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը Նախատեսուած Է Մայիսի Սկիզբը

Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Սուրիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը կը նախատեսուի մայիսի սկիզբը, Մոսկուայի մէջ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` վկայակոչելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի յայտարարութիւնը: «Կը նախատեսուի արտաքին գործոց նախարարներու քառակողմ հանդիպում: Մենք Լաւրովի հետ քննարկած ենք հանդիպումին մանրամասնութիւնները անոր այցելութեան ժամանակ: Կը կարծենք, որ մայիսի սկիզբը նման հանդիպում տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ:...

Իրանեան Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը  Այս Շաբաթ Սէուտական Արաբիա Պիտի Այցելէ

Իրանեան Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը Այս Շաբաթ Սէուտական Արաբիա Պիտի Այցելէ

Աղբիւրներ իրանեան ԻՍՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ իրանեան թեքնիք պատուիրակութիւն մը այս շաբաթ պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա ու Ռիատի մէջ Իրանի դեսպանատուն եւ պիտի քննարկէ զայն վերաբանալու նախապատրաստական աշխատանքները: Նշենք, որ սէուտական թեքնիք պատուիրակութիւն մը արդէն հասած էր Իրան` Թեհրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան եւ Մաշհատի մէջ հիւպատոսարանը վերաբանալու նախապատրաստական աշխատանքները կատարելու համար: Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական, նախարարութեան...

Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իրանի Արտաքին  Գործոց Նախարարները Փեքինի Մէջ Հանդիպում  Ունենալով Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Ստորագրեցին

Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Փեքինի Մէջ Հանդիպում Ունենալով Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Ստորագրեցին

Սէուտական Արաբիան ու Իրանը Չինաստանի մէջ միացեալ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը ստորագրեցին եւ դեսպանատուներն ու հիւպատոսարանները վերաբանալու նախապատրաստութիւններուն սկսելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցին: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանին ու անոր իրանցի պաշտօնակից Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հանդիպումէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը նշեց, որ անոնք դեսպանատուները վերաբանալու նախապատրաստական աշխատանքները սկսելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են: Ըստ...

Սիսի Քաթարի Իշխանին Յղեց Երկու Երկիրներու  Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու  Վերաբերեալ Նամակ Մը

Սիսի Քաթարի Իշխանին Յղեց Երկու Երկիրներու Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Վերաբերեալ Նամակ Մը

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին յղեց նամակ մը, որ կը վերաբերի Եգիպտոսի եւ Քաթարի միջեւ յարաբերութիւններուն ու զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւններուն: Տոհայի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ամրօ Շարպինի նամակը յանձնեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Ահմետ պըն Հասան Համատիի: Նշենք, որ Սիսի երկու օր առաջ այցելած էր Սէուտական Արաբիա եւ հանդիպում ունեցած գահաժառանգ Մոհամետ...

Իրաք Որոշեց Վերաբանալ Լիպիոյ Մէջ  Իր Դեսպանատունը Եւ Վերականգնել  Իր Դիւանագիտական Աշխատանքը

Իրաք Որոշեց Վերաբանալ Լիպիոյ Մէջ Իր Դեսպանատունը Եւ Վերականգնել Իր Դիւանագիտական Աշխատանքը

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը որոշեց վերաբանալ Լիպիոյ մէջ 2014-էն ի վեր փակ մնացող, իր դեսպանատունը եւ վերականգնել այդ երկրին մէջ իր դիւանագիտական աշխատանքը` նշելով, որ այդ քայլը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդում է, ինչպէս նաեւ այդտեղ բնակող իրաքցիներուն ծառայութիւններ մատուցելու նկատմամբ նախանձախնդրութիւն: Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը մարտին յայտարարած էր, թէ իր երկիրը Լիպիոյ յայտնած է Թրիփոլիի մէջ իր դեսպանատունը...

Արաբական Երկիրները Կը Դատապարտեն  Իսրայէլեան Ուժերու Աքսայի  Մզկիթ Ներխուժումը

Արաբական Երկիրները Կը Դատապարտեն Իսրայէլեան Ուժերու Աքսայի Մզկիթ Ներխուժումը

Իսրայէլեան ուժերը չորեքշաբթի արշալոյսին Աքսայի մզկիթի շրջափակ ներխուժելով յարձակում գործեցին այդտեղ մեկուսացած պաղեստինցիներուն վրայ` վիրաւորելով անոնցմէ շատերը: Իսրայէլեան ուժերը արցունքաբեր եւ ձայնային ռումբեր օգտագործեցին, ինչպէս նաեւ գաւազաններով վայրագօրէն խոշտանգեցին պաղեստինցիները` իսրայէլացի բնակեցուածներու կողմէ Պասեքի տօնին առիթով  Աքսայի մզկիթի շրջափակին մէջ զենումներու ճամբան հարթելու համար: Յորդանանի, Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի, Իրանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնները դատապարտեցին իսրայէլեան ուժերու ոտնձգութիւնը:  

Մաքրոն Երէկ Հասաւ Չինաստան` Քննարկելու Համար  Ուքրանիոյ Հարցը Եւ Ամրապնդելու Համար  Տնտեսական Յարաբերութիւնները

Մաքրոն Երէկ Հասաւ Չինաստան` Քննարկելու Համար Ուքրանիոյ Հարցը Եւ Ամրապնդելու Համար Տնտեսական Յարաբերութիւնները

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երէկ եռօրեայ այցելութեամբ հասաւ Չինաստան: Ան 2019-էն ի վեր Չինաստան առաջին այցելութեան ընթացքին երէկ հանդիպում ունեցաւ Չինաստանի մէջ բնակող Ֆրանսայի քաղաքացիներուն հետ, իսկ այսօր հանդիպում պիտի ունենայ իր պաշտօնակից Շի Ճինփինկի հետ: Չինաստանի նախագահին հետ հանդիպումի մէկ մասին պիտի մասնակցի նաեւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենը: Մաքրոն ուրբաթ օր պիտի այցելէ Չինաստանի հարաւային Քանթուն...

Page 213 of 882 1 … 212 213 214 … 882

Արխիւներ