Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիան Ու Սուրիան Հիւպատոսական Ծառայութիւններու Եւ Թռիչքներու Վերականգնումը Յայտարարեցին

April 14, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիան ու Սուրիան երկու երկիրներուն միջեւ հիւպատոսական ծառայութիւններու եւ թռիչքներու վերականգնումը յայտարարեցին: Այս մասին հաղորդեց սէուտական պետական պատկերասփիւռի կայանը:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի 12 ապրիլի երեկոյեան Ժետտա կատարած այցելութեան աւարտին հրապարակուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն` Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանն ու անոր սուրիացի պաշտօնակիցը քննարկած են Սուրիոյ իր արաբական շրջապատ վերադարձին ու արաբական աշխարհին մէջ իր բնական դերակատարութեան շարունակման նպաստելու պէտք եղած քայլերը:

Սէուտական Արաբիան եւ Սուրիան հաստատած են անվտանգութիւնը ամրապնդելու եւ ահաբեկչութեան բոլոր ձեւերուն ու կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարի, թմրեցուցիչներու մաքսանենգման ու վաճառականութեան դէմ պայքարի հարցով գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կը հաստատեն, որ պէտք է աջակցիլ Սուրիոյ պետութեան, որպէսզի իր վերահսկողութիւնը տարածէ իր բոլոր հողերուն վրայ` վերջ տալու համար այդտեղ գտնուող զինեալ միլիսներու գոյութեան:

Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները շեշտած են կարեւորութիւնը որդեգրելու յաւելեալ քայլեր, որոնք կը նպաստեն Սուրիոյ ամբողջ տարածքին վրայ կացութեան կայունացման:

Սէուտական Արաբիան ու Սուրիան համաձայնած են մարդասիրական դժուարութիւնները լուծելու, Սուրիոյ բոլոր շրջաններ օժանդակութիւններու հասանելիութիւնը ապահովող յարմար մթնոլորտ ապահովելու, սուրիացի տեղահանուածներուն ու գաղթականներուն իրենց շրջաններ վերադարձին համար անհրաժեշտ պայմաններ պատրաստելու, վերջ տալու անոնց տառապանքին եւ զանոնք կարող դարձնելու ապահով կերպով իրենց հայրենիք վերադառնալու:

Նշենք, որ Մըքտատի այցելութիւնը 12 տարիէ ի վեր Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի մը Սէուտական Արաբիա առաջին այցելութիւնն էր: Ան Ժետտա այցելած էր իր սէուտցի պաշտօնակիցին հրաւէրով:

Ալճերիական պաշտօնական աղբիւր մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը չորեքշաբթի օր Ալճերիա պիտի այցելէ, երկուշաբթի օր Թունուզ այցելելով իր երկրին դեսպանատունը վերաբանալէն ետք:

Նախորդը

Ուզպեքիստանի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Ռուսիոյ, Չինաստանի, Իրանի Եւ Փաքիստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հանդիպումը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.