Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն Երէկ Հասաւ Չինաստան` Քննարկելու Համար Ուքրանիոյ Հարցը Եւ Ամրապնդելու Համար Տնտեսական Յարաբերութիւնները

April 6, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երէկ եռօրեայ այցելութեամբ հասաւ Չինաստան: Ան 2019-էն ի վեր Չինաստան առաջին այցելութեան ընթացքին երէկ հանդիպում ունեցաւ Չինաստանի մէջ բնակող Ֆրանսայի քաղաքացիներուն հետ, իսկ այսօր հանդիպում պիտի ունենայ իր պաշտօնակից Շի Ճինփինկի հետ:

Չինաստանի նախագահին հետ հանդիպումի մէկ մասին պիտի մասնակցի նաեւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենը: Մաքրոն ուրբաթ օր պիտի այցելէ Չինաստանի հարաւային Քանթուն քաղաք:

Ֆրանսայի նախագահին կ՛ընկերակցին շուրջ 60 նախագահներ ֆրանսական ընկերութիւններու, որոնց շարքին «Էրպաս»-ի, Ֆրանսայի ելեկտրական ընկերութեան» եւ «Ֆիուլիա»-ի` կեդրոնանալով ուժանիւթի ոլորտին մէջ փոխանցման հարցին վրայ, ինչ որ համաշխարհային մարտահրաւէր մըն է, որուն շուրջ, Փարիզի կարծիքով, Փեքինի հետ պէտք է յառաջընթաց արձանագրուի:

Մաքրոն նպատակ ունի «վերակենդանացնել» Չինաստանի հետ բոլոր մակարդակներուն վրայ փոխանակումներն ու երկխօսութիւնը, եւ Չինաստանի մէջ քաղաքական քննարկումները պիտի ներառեն Ուքրանիոյ պատերազմը:

Մաքրոն Չինաստան հասնելէ ետք շեշտեց, որ «աշխարհը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ խոր երկխօսութեան կարիք ունի»` աւելցնելով. «Ֆրանսան Չինաստանի հետ տնտեսական յարաբերութիւններուն շուրջ երկխօսութեան կարիք ունի»:

«Չինաստանի հետ երկխօսութիւնը կարեւոր է, եւ կարելի չէ Ռուսիոյ արտօնել անոր հետ բացառիկ երկխօսութիւն ունենալ», ըսաւ ան` նշելով. «Չինաստան կրնայ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան առաջնորդող ուղիի որոնման մէջ գլխաւոր դերակատարութիւն մը ունենալ»:

«Պէտք չէ մենք մեզ Չինաստանէն հեռացնենք», ըսաւ ան, նաեւ նշեց, որ ֆրանս-չինական առեւտրական յարաբերութիւնները հաւասարակշռուած չեն:

Ֆրանսայի նախագահը Չինաստան մեկնելէ առաջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին անոնք յոյս յայտնեցին, որ «Չինաստան մասնակից կը դառնայ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի դադրեցման արագացման եւ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման միացեալ ջանքերուն»:

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Պայտըն եւ Մաքրոն քննարկած են վերջինիս Չինաստան այցելութիւնը, եւ խօսած են Ուքրանիոյ աջակցութիւնը շարունակելու մասին:

Նախորդը

Թրամփ Մեղադրանքի Առաջադրումէն Ետք Լքած Է Դատարանը. Ան Կալանքի Տակ Չէ

Յաջորդը

Արաբական Երկիրները Կը Դատապարտեն Իսրայէլեան Ուժերու Աքսայի Մզկիթ Ներխուժումը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.