Սուրիոյ եւ Թունուզի իշխանութիւնները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, որ ընդառաջելով Թունուզի նախագահ Քայս Սայիտի Դամասկոսի մէջ իր երկրի դեսպան մը նշանակելու նախաձեռնութեան, Սուրիան որոշեց վերաբանալ Թունուզի մէջ իր դեսպանատունը եւ շուտով դեսպան նշանակել:
Երկու կողմերը նշեցին, որ սուրիական-թունուզական յարաբերութիւնները իրենց բնականոն հունին վերադարձնելու իրենց նախանձախնդրութենէն մեկնելով` երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կը շարունակեն իրենց միջեւ խորհրդակցութիւններն ու համակարգումը` ամրագրելով Սուրիան եւ Թունուզը իրարու միացնող եղբայրական վաղեմի կապերը: