Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը քննարկած են շրջանային ու միջազգային կացութիւններն ու Եմէնի մէջ պատերազմին վերջ տալու դիւանագիտական ընթացիկ ջանքերը:
Սպիտակ տան համաձայն, Սալիվըն լուսարձակի տակ առած է Եմէնի մէջ «նկատառելի յառաջդիմութիւնը», որ արձանագրուած է անցեալ տարուան ընթացքին, ուր բախումները գրեթէ դադրած են ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ հաստատուած զինադադարի հիմամբ:
Սալիվըն ողջունած է «պատերազմին վերջ տալու աւելի համապարփակ ճամբու քարտէսի հետեւելու սէուտական արտակարգ ջանքերը», ինչպէս նաեւ «այդ ջանքերուն Միացեալ Նահանգներու ամբողջական աջակցութիւնը առաջարկած»:
Երկու կողմերը նաեւ քննարկած են շրջանին մէջ մագլցումը նուազեցնելու ուղղութեամբ ընդհանուր ուղիները եւ հաստատած «Իրանէն եւ այլ վայրերէ եկող սպառնալիքներուն զսպումը պահպանելու կարիքը»` վերահաստատելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` «Իրանի հիւլէական զէնք երբեք ձեռք չձգելը երաշխաւորելու» նկատմամբ հաստատ յանձնառութիւնը:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Եմէնի հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թիմ Լենտըրքինք Ծոցի շրջան պիտի ուղղուի` աջակցելու Եմէնի եւ սէուտական ղեկավարութեամբ դաշինքին միջեւ համապարփակ խաղաղութեան նոր համաձայնութեան ապահովման ջանքերուն:
Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ դիւանագիտական աշխուժ ջանքերէ աւելի քան մէկ տարի ետք «Եմէն խաղաղութեան աննախադէպ առիթ ունի»:
Նշենք, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման Ալ Սէուտ իշխանը Ժետտայի մէջ հանդիպում ունեցաւ ամերիկացի ծերակուտական Լինտսի Կրահամի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններուն ու հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող շարք մը հարցեր:
Ժողովին սէուտական կողմէն ներկայ էին պաշտպանութեան նախարար Խալետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզը, Միացեալ Նահանգներու մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ռիմա պըն Պանտար պըն Սուլթան պըն Ապտել Ազիզ իշխանուհին, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան պըն Ապտալլա իշխանը եւ ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Մուսայետ պըն Մոհամետ Ապիանը:
Ամերիկեան կողմէն ժողովին ներկայ էին Սէուտական Արաբիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործավար Մարթինա Սթրոնկը եւ ծերակուտականին օգնականը: