Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Այցելեց Խերսոն

April 19, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այցելած է Ուքրանիոյ մէջ յատուկ զինուորական գործողութեան գօտիի` Խերսոնի մէջ «Տնեփր» զօրքերու սպայակոյտի կեդրոն եւ ինքնահռչակ Լուկանսքի ժողովրդական Հանրապետութեան տարածքին մէջ Ազգային պահակագունդի «Վոսթոք» խումբի սպայակոյտի կեդրոն: Այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:

«Վլատիմիր Փութին Խերսոնի մարզին մէջ գտնուող «Տնեփր» զօրքերու հրամանատարութեան կեդրոնին մէջ լսած է անկարգելաւոր ուժերու հրամանատար զօրավար-գնդապետ Միխայիլ Թեփլինսքիի, «Տնեփր» զօրքերու խումբի հրամանատար զօրավար-գնդապետ Օլեկ Մաքարեւիչի եւ այլ զինուորական ղեկավարներու զեկուցումները», կը հաղորդէ Քրեմլին:

Փութին հանդիպումի ընթացքին զինուորականներէն խնդրած է իրենց կարծիքը յայտնել Խերսոնի ու Զափորոժիէի ուղղութիւններուն մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ եւ տեղեկութիւններ փոխանակած:

«Ես չեմ ուզեր ձեզ շեղել հրամանատարութեան եւ հսկողութեան առնչուած ձեր անմիջական պարտականութիւններէն, ուստի մենք այստեղ կ՛աշխատինք գործնական, կարճ, սակայն որոշակի կերպով: Ինծի համար կարեւոր է լսել ձեր կարծիքը, թէ կացութիւնը ինչպէ՛ս կը զարգանայ, լսել ձեզ, տեղեկութիւններ փոխանակել», ըսած է Փութին:

Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութեան Ազգային պահակագունդի «Վոսթոք» հրամանատարութեան կեդրոնին մէջ Փութին լսած է զօրավար-գնդապետ Ալեքսանտր Լափինի եւ այլ բարձրաստիճան սպաներու զեկուցումները այս ուղղութեամբ տիրող կացութեան մասին:

Հրամանատարական երկու կեդրոններուն մէջ ալ Փութին շնորհաւորած է զինուորները Ս. Զատկուան տօնին առիթով եւ անոնց նուիրած սրբապատկերներու կրկնօրինակներ:

Կը նշուի, որ պետութեան ղեկավարը ուղղաթիռով մեկնած է «Տնեփր» զօրքերու հրամանատարական կեդրոն, ապա ինքնաշարժով հասած հրամանատարական կէտ: Ռուսիոյ նախագահը նաեւ ուղղաթիռով մեկնած է «Վոսթոք» խումբի հրամանատարական կեդրոն:

Նախորդը

Պլինքըն. «Սուտանի Մէջ Ամերիկեան Դիւանագիտական Շքախումբ Մը Կրակոցի Ենթարկուեցաւ. Յարձակումին Հեղինակները Արագ Աջակցութեան Առնչուած Տարրեր Են»

Յաջորդը

Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Դամասկոս Այցելելով Հանդիպում Ունեցաւ Ասատի Հետ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.