Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ճոզեփ Պորել 13-էն 15 ապրիլ երկարող օրերուն պիտի այցելէ Չինաստան:
Յիշեցնենք, որ քանի մը օր առաջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյեն այցելած էին Փեքին: