Թուրքիոյ Ընդդիմութեան Նախագահի Միասնական Թեկնածուն Յաղթանակի Պարագային Պիտի Վերսկսի Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Հոլովոյթին
Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլու, որ յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան մէջ առաջադրած է իր թեկնածութիւնը, մտադիր է յաղթանակի պարագային կարելի եղածին չափ արագ վերսկսիլ Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու բանակցային հոլովոյթին: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին քեմալական կուսակցութեան ղեկավարը ըսած է «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին: Քըլըչտարօղլու նշած է, որ նոյն ժամանակ Թուրքիան պիտի շարունակէ տնտեսական յարաբերութիւնները պահպանել Ռուսիոյ...




















