13 ապրիլին Ուզպեքիստանի Սամարշանտ քաղաքին մէջ Աֆղանիստանի դրացի երկիրներու չորրորդ նախարարական ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած է շրջանային «քառեակ»-ի երկիրներու` Ռուսիոյ, Չինաստանի, Իրանի եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարներու երկրորդ ոչ պաշտօնական հանդիպումը` նուիրուած Աֆղանիստանի խնդիրին: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Հանդիպումը կարելիութիւն ընձեռած է վստահութեան մթնոլորտի մէջ անկեղծօրէն քննարկելու Աֆղանիստանի մէջ կացութիւնը` շեշտը դնելով անվտանգութեան երեւոյթներու վրայ, ամրապնդելով շրջանային ջանքերու համակարգումը Աֆղանիստանի տարածքէն բխող ահաբեկչութեան եւ թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան սպառնալիքներու դէմ պայքարելու համար:
Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու Աֆղանիստանի հարցերուն մէջ միասնական համախմբուած շրջանային մօտեցման ձեւաւորումը, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւնը Աֆղանիստանի ներկայ կառավարութեան հետ, ներառեալ ներքաղաքական կայունութեան պահպանման եւ այս երկրին մէջ մարդասիրական ճգնաժամը կանխարգիլելու նպատակով:
Մասնակիցները համաձայնած են, որ Աֆղանիստանի մէջ տիրող աղէտալի վիճակին հիմնական պատասխանատուութիւնը կը կրեն Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները` այդ երկրին մէջ իրենց 20-ամեայ ներկայութեան ձախողութեան պատճառով: Կողմերը նշած են Աֆղանիստանի եւ յարակից շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներ-ՕԹԱՆ զինուորական ենթակառոյցներու տեղակայման անընդունելիութիւնը: Հանդիպումէն ետք որդեգրուած է միացեալ յայտարարութիւն, որուն մէջ անոնք աֆղանական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեցին «կիներու եւ ազգային փոքրամասնութիւններու դէմ հաստատուած սահմանափակումները վերցնելու»:


