Թրամփ Մեղադրանքի Առաջադրումէն Ետք Լքած Է Դատարանը. Ան Կալանքի Տակ Չէ
Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ լքած է դատարանի շէնքը` իրեն մեղադրանք առաջադրուելէն ետք: Ան Մենհեթընի դատարանի շէնք հասնելէն ետք ձերբակալուած էր եւ շուրջ երկու ժամ մնացած կալանքի տակ: Թրամփ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ առաջին նախագահն է, որուն քրէական մեղադրանք կ՛առաջադրուի եւ պէտք է դատարանի առջեւ կանգնի իբրեւ մեղադրեալ: Ան կը մեղադրուի նախկին փոռնոաստղ Սթորմի Տենիըլզը լռեցնելու համար զինք կաշառելու...




















