Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Չինկ Կանկ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհենի եւ Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքիի հետ անջատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընթացքին նշեց, որ իր երկիրը պատրաստ է խաղաղութեան բանակցութիւնները դիւրացնելու: Այս մասին հաղորդեց չինական պետական «Շինխուա» լրատու գործակալութիւնը:
Ըստ լրատու գործակալութեան, չինական դիւանագիտութեան պետը կողմերը քաջալերած է շարունակելու խաղաղութեան բանակցութիւնները` նշելով. «Չինաստան պատրաստ է այդ հարցը դիւրացնելու»:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին նաեւ շեշտած է, որ իր երկիրը կը ձգտի խաղաղութեան բանակցութիւնները յառաջ մղել` երկու պետութիւններու հաստատման լուծումի գործադրման հիմամբ:


