Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Փեքինի Մէջ Հանդիպում Ունենալով Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Ստորագրեցին

Ապրիլ 7, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիան ու Իրանը Չինաստանի մէջ միացեալ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը ստորագրեցին եւ դեսպանատուներն ու հիւպատոսարանները վերաբանալու նախապատրաստութիւններուն սկսելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցին: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանին ու անոր իրանցի պաշտօնակից Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հանդիպումէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը նշեց, որ անոնք դեսպանատուները վերաբանալու նախապատրաստական աշխատանքները սկսելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:

Ըստ հաղորդագրութեան, անոնք համաձայնութիւն գոյացուցած են շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման համար գործակցութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ 2001-ին երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած ապահովական գործակցութեան համաձայնութեան եւ 1998-ին ստորագրուած ընդհանուր գործակցութեան համաձայնութեան գործարկումը հաստատած:

Երկու երկիրներու դիւանագիտութեան պետերը նաեւ քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ օդանաւային թռիչքներն ու քաղաքացիներուն մուտքի արտօնագիրներու տուչութեան վերականգնումը, ինչպէս նաեւ պետական պաշտօնատարներու եւ սեփական մարզի ներկայացուցիչներու փոխադարձ այցելութիւններու վերականգնումը:

Երկու կողմերը իրենց ժողովի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնած ու իրենց գնահատանքը արտայայտած են չինական կողմին այս ժողովի հիւրընկալման համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած են Զուիցերիոյ կառավարութեան` Թեհրանի մէջ սէուտական եւ Ռիատի մէջ իրանեան շահերը ներկայացնելու «գնահատելի ջանքերուն համար»:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր իրանցի պաշտօնակիցը հրաւիրած է Ռիատի մէջ երկկողմանի հանդիպումի, եւ վերջինս այդ հրաւէրը ընդունելով իր կարգին Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանը հրաւիրած է Իրան այցելելու եւ Թեհրանի մէջ երկրորդ հանդիպում ունենալու: Պըն Ֆարհան իր կարգին ընդունած է Ապտոլլահեանի հրաւէրը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի աւելի ուշ նշեց, որ հանդիպումը «դրական էր», եւ «կարելի է ըսել, որ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ պաշտօնական յարաբերութիւնները վերագործարկուած են»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երէկ Փեքինի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ողջունեց Իրանն ու Սէուտական Արաբիան միախմբած չինական նախաձեռնութիւնը:

Նախորդը

Սիսի Քաթարի Իշխանին Յղեց Երկու Երկիրներու Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Վերաբերեալ Նամակ Մը

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ Պաղեստինեան Խմբաւորումներ Կը Ռմբակոծեն Իսրայէլը, Որ Կը Խոստանայ Ուժգին Հակադարձել

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?